Հայ Դատի յանձնախումբը հանդիպեցաւ նախկին նախարար Քէլի Լիչի հետ
1180
0
Մարտ 16-ին Լաւալի Palace սրահին մէջ կայացած գանատացի ծերակուտական Լէօ Հուսաքոսի ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը։ Ընդունելութեան ընթացքին յանձնախումբի անդամները առիթ ունեցան հանդիպելու ծերակուտական Հուսաքոսի, Աշխատանքի նախկին նախարար Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Քէլի Լիչի եւ 2008 եւ 2011 թուականներու Գանատայի խորհրդարանական ընտրութիւններու թեկնածու Յակոբ Էվերեկլեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան գանատահայութիւնը յուզող հարցեր եւ պահպանողական կուսակցութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին մանրամասնութիւններ։