Սուրիոյ ընտրութիւններուն սուրիահայ համայնքին կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն անունները
Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին, 14 Մարտ 2016-ին, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւննեերու ներկայացուցիչները, իբրեւ միասնականութեան արտայայտութիւն, խորհրդակցաբար ճշդեցին Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն սուրիահայ համայնքին կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն անունները, ապա անոնք միասնաբար հանդիպում ունեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի հետ, եւ ներկայացուած թեկնածուներուն գծով ստացան սրբազան հօր օրհնութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը։
Հանդիպման սոյն օրակարգով՝ հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններուն համախոհութեամբ՝ հայ համայնքին կողմէ Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար առաջադրուեցան հետեւեալ թեկնածուներուն անունները.
- Տիար Ժիրայր Րէիսեան
- Տիար Ռաֆֆի Աւետիսեան
- Մեթր Մարիա Գաբրիէլեան
- Տիար Ծերուն Գահուէճեան
- Տիար Յարութ Էօրտէկեան
- Տիար Շահէ Մինասեան
- Մեթր Կարապետ Շուշանեան
Նշենք, որ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը առիթ ընծայած է բոլոր այն սուրիացի քաղաքացիներուն, որոնք կ՝ամբողջացնեն թեկնածութեան պայմանները, առաջարկելու իրենց պայմանները։