Հայ Դատի յանձնախումբի հանդիպումը Պ. Գոլոմպիայի վարչապետ Քրիսթի Քլարքի հետ
1095
0
Մարտ 12-ին, Վանգուվըրի մէջ կայացած S.U.C.C.E.S.S. Foundation բարեսիրական կազմակերպութեան ընդունելութեան ընթացքին, Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան առիթ ունեցաւ առանձնազրոյցի մը ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնելու հանդիսութեան գլխաւոր հիւր Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի վարչապետ Քրիսթի Քլարքին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ընթացքին Պրիթիշ Գոլոմպիայի նահանգային կառավարութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Վահէ Անտոնեան նաեւ վարչապետ Քլարքի փոխանցեց Սուրիացի ներգաղթողներու գծով Պրիթիշ Գոլոմպուայի հայ համայնքի տարած աշխատանքի մանրամասնութիւնները։