Շուէտի Դաշնակցական Երիտասարդութիւնը Կը Չէզոքացնէ Թրքական Ցոյցը


Ուրբաթ, 11 մարտին հակահայկական ցոյց տեղի ունեցած է Սթոքհոլմի` Շուէտի խորհրդարանին կից տարածքի մը մէջ, որուն նպատակն էր ժխտել 2010-ին Շուէտի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած` Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը:

«Երկիր»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Շուէտի մէջ ՀՅԴ-ի կառոյցի անդամ Սարգիս Տեկիրմենճեան յայտնեց, որ թրքական ցոյցին հակադարձելու համար նոյն վայրին մէջ ցոյց կազմակերպած են Շուէտի ՀՅԴ կառոյցը, ՇԵՄ-ի (Շուէտի երիտասարդական միութեան) կեդրոնական վարչութիւնն ու Շուէտի Հայկական ընկերակցական միութեան մարմինը` շուէտական խորհրդարանի ողջունելի որոշումին նեցուկ կանգնելու նպատակով:

Տեկիրմենճեան նշեց, որ ՀՅԴ-ի անդամները եւ ՇԵՄ-ի երիտասարդները իրենց մնայուն եւ խանդավառ մասնակցութեամբ պատնէշ դրած են թրքական մոլեռանդ պահուածքին առջեւ: Անոր խօսքով` ցոյցին ընթացքին հայ երիտասարդներու կողքին  եղած են նաեւ տասնեակ մը ասորի եւ քիւրտ ցուցարարներ:

Նշենք, որ Շուէտի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած` Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը Շուէտի իշխանութիւններէն կը պահանջէր գործակցիլ ՄԱԿ-ի, Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ հետ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.