Աշխարհի 7 Քաղաքներ Որոնք Անուանուած Են Ի Պատիւ Հայաստանի


Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

Դարեր շարունակ հայերը գաղթած են իրենց հայրենիքէն` ապաստան գտնելով աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ: Ոմանք հաստատուած են մօտակայ երկիրներ, ոմանք առաւել լաւ կենսապայմաններ փնտռելու նպատակով, կտրած եւ անցած են նոյնիսկ ծովեր ու ովկիանոսներ: Եւ հակառակ հայրենիքէն հեռու գտնուելու հանգամանքին` անոնք բնաւ մոռացութեան չեն մատնած իրենց հայ ըլլալու ծագումը եւ իբրեւ  ատոր վառ վկայութիւն` կրցած են որոշ տարածքներ վերանուանել ի պատիւ Հայաստանի եւ իրենց հայրենակիցներուն:

Արմիանսք (Խրիմ)

ghrim_31116

Խրիմի մէջ առաջին հայերը յայտնուած են Ը. դարուն: Խրիմը այդ ժամանակ Բիւզանդական կայսրութեան կազմին մէջ էր, եւ հայերը (ըլլալով հպատակներ) կայսրութեան տարբեր քաղաքներէ տեղափոխուած են Խրիմ: Հայերու գաղթի առաջին հոսքը տեղի ունեցած է  ԺԱ. դարու կէսին: Խրիմի հայերը մեծ գաղութ հիմնած են եւ կը պահպանեն աւանդութիւններն ու սովորութիւնները:

Խրիմի հիւսիսային շրջանին մէջ գտնուող, կարեւոր մարտավարական վայրին մէջ, որ կը կապէ Խրիմը ցամաքին հետ, կը գտնուի քիմիական արդիւնաբերութեան կեդրոն նկատուող քաղաքը` Արմիանսք: Քաղաքը հիմնադրուած է հայերու կողմէ, 1730-ականներուն, ըստ որոշ աղբիւրներու` 1736 թուականին: 2012 թուականի տուեալներով, Արմիանսք քաղաքին մէջ կը բնակէր 22.468 մարդ:

Անցեալին  Արմիանսքի Պազար անունը կրող այս քաղաքը կատարած է նաեւ մաքսային գործառոյթները: Ի տարբերութիւն միւս քաղաքներուն` Արմիանսք ամէնէն  երիտասարդ քաղաքն է թերակղզիին մէջ, որ եղած է նաեւ նշանաւոր հայ ծովանկարիչ Էմանուէլ Մահտեսեանի ծննդավայրը:

Արմաւիր (Ռուսիոյ Կրասնոտարի Երկրամաս)

kras_031116

Արմաւիր քաղաքը, որ կը գտնուի Կրասնոտարէն 202 քմ հեռաւորութեան վրայ, հիմնադրուած է լեռնցի հայերու կողմէ` 19-րդ դարուն: Այն ժամանակ, երբ իսլամութիւնը սկսաւ  արմատաւորուիլ, հայեր եւ այլ քրիստոնեայ ազգեր ձեւով մը կրցան պահպանել իրենց ինքնութիւնը: Անոնք 1839 թուականին այլ ժողովուրդներու հետ հաստատուեցան Ուրուպ գետի մօտ եւ հիմնեցին բազմազգեան` հայկական գիւղը: 1848 թուականին այս բնակավայրը ստացաւ Հայաստանի մայրաքաղաքներէն մէկուն` Արմաւիրի` անունը: Այժմ քաղաքին մէջ 15 հազար հայ կ՛ապրի: Քաղաքի բնակչութեան թիւը 2010-ին 189 հազար էր:

Արարատ (Աւստրալիա)

avs_31116

Աւստրալիոյ Վիքթորիա նահանգին մէջ եւս կարելի է կտոր մը Հայաստան տեսնել: Մելպուռն  քաղաքէն 200 քմ դէպի հիւսիս-արեւմուտք, Հոփիքինս գետի ափին: Աւստրալիոյ Արարատ քաղաքը հաղորդակցութեան կարեւոր հանգոյց է, հացահատիկի եւ բուրդի առեւտուրի կեդրոն:

Քաղաքի հիմնադրութեան մասին կայ երկու վարկած: Ըստ առաջին վարկածին, անգլիացիները 1840 թուականին հիմնադրած են քաղաքը, որ իր անունը ստացած է իրմէ 8 քմ դէպի հարաւ-արեւելք գտնուող Արարատ լեռէն: Աւստրալիոյ մէջ եւս կը գտնուի Արարատ լեռ, որ մարած հրաբուխ է, ունի 660 մեթր բարձրութիւն, ծածկուած է լաւաներով եւ տուֆերով, ունի ոսկիի հանքեր: Լերան Արարատ անունը տուած է անգլիացի ագարակատէր Ուիլզը` իր այստեղ բնակութիւն հաստատելը նմանեցնելով աստուածաշնչական Նոյեան տապանի Արարատի վրայ կանգ առնելուն:

Ըստ երկրորդ վարկածին, քաղաքը հիմնադրուած է 1857-ին, հայերու կողմէ: Քաղաքը ապա  դարձած է երկրի ամէնէն գործուն  հայ գաղութի կեդրոններէն մէկը: Քաղաքին մէջ կան երկու հայկական եկեղեցիներ, հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններ: Այստեղ կը գտնուի նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» դպրոցը:

 Հայկական Սուրբ Ղազար Կղզի  (Իտալիա)

Aerial_photographs_of_Venice_2013_Anton_Nossik_014

Սուրբ Ղազար  կղզին կը գտնուի հիւսիսային Իտալիոյ Վենետիկի ծոցի ափամերձ  ջուրերուն մէջ, Լիտօ կղզիին արեւմուտքը: Ամբողջութեամբ կը պատկանի հայկական կաթոլիկ եկեղեցւոյ, եւ Մխիթարեան կարգի մայր աթոռն է: Կղզին հիմնադրուած է 12-րդ դարուն` ստանալով իր անունը բորոտներու փրկարարը հանդիսացող Սուրբ Ղազարէն: 16-րդ դարուն լքուած կղզին, 1717 թուականին Վենետիկի իշխող խորհուրդին կողմէ տրուեցաւ խումբ մը  հայ վարդապետներու:

Մխիթարը եւ անոր 17 վարդապետները կառուցած են վանքը, վերականգնած` հին եկեղեցին եւ ընդարձակած են  կղզին` հասցնելով իր ներկայ 30.000 քառակուսի մեթրին, մօտ չորս անգամ աւելի իր նախնական տարածքէն: 1717-ին կղզին յանձնուած է հայկական գաղութին, որ կը գլխաւորէր կուսակրօն Մխիթար Սեբաստացին: Այսօր Սուրբ Ղազարը հայկական մշակոյթի համաշխարհային կեդրոններէն մէկն է:

Արմենիա (Հոնտուրաս)

hondouras_31116

Հոնտուրասի մէջ  բնաւ չէ եղած հայկական գաղութ եւ ընդհանրապէս հոն բնակող հայերու մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան: Սակայն այդ երկրին մէջ  կայ երկու «Արմենիա»: Քարայիպեան ծովու ափին գտնուող Աթլանթիտա նահանգին մէջ կը գտնուի Նուէվա Արմենիա (Նոր Հայաստան) փոքր քաղաքը: Քաղաքի հիմնական բնակիչները բնիկ արաւակ ցեղի  հնդկացիներ են եւ` Ափրիկէէն բերուած սեւամորթ ստրուկներու սերունդներ: Տեղացիները հիմնականին մէջ  կը խօսին կարիֆունա լեզուով, որ սպաներէնի եւ հնդկացիական լեզուներու խառնուրդ է: Քաղաքի բնակիչները նոյնիսկ չեն գիտեր Հայաստանի կամ հայերու մասին: Սակայն Հոնտուրաս ճամբորդող հայուն զարմանքը չի սահմանափակուիր միայն Քարայիպեան ծովափին գտնուող այդ փոքր Նուէվա Արմենիայով: Որքան ալ տարօրինակ թուի, բայց Հոնտուրասի մայրաքաղաքէն ոչ հեռու կայ Արմենիա մը եւս, որ նոյնպէս կը կոչուի Նուէվա Արմենիա: Այս փոքր քաղաքի մասին նոյնպէս շատ տեղեկութիւններ չկան, միայն կը նշուի, որ քաղաքը հիմնադրուած  է 1856 թուականին եւ կոչուած է Նուէվա Արմենիա:

Դժուար է կապ մը գտնել Հոնտուրասի «Նոր Հայաստաններու» եւ հայերու կամ Հայաստանի հետ: Ասիկա, կարելի է ըսել, Հարաւային Ամերիկայի առեղծուածներէն մէկն է:

Արմենիա (Քոլոմպիա)

gomloumvia_31116

Թերեւս Հարաւային Ամերիկայի բոլոր «Արմենիա»-ներէն  ամենամեծը եւ ամէնէն ճանչցուածը Քոլոմպիոյ  Քինտիօ նահանգին մէջ գտնուող Արմենիա քաղաքն է: Այս քաղաքը  ունի շուրջ 300 հազար բնակիչ: Արմենիան կը նկատուի Քոլոմպիոյ ամէնէն զարգացած եւ բարեկեցիկ քաղաքներէն մէկը: Հարաւային Ամերիկայի «Արմենիա»-ներէն  միայն Քոլոմպիոյ Արմենիա քաղաքի անուանման կապուած կարելի է գտնել որոշ տեղեկութիւն: Քաղաքի անուանման մասին երկու վարկածներ կան. առաջին վարկածը քաղաքի անուանումը կը կապէ քաղաքի տարածքին մէջ գտնուող հայ ագարակատիրոջ, իսկ ըստ երկրորդ վարկածի, որ աւելի հաւանական կը  նկատուի, քաղաքը այդպէս է կոչուած է համիտեան ջարդերու  ժամանակ հեռաւոր Հայաստանէն եկող քրիստոնեայ հայերու  դաժան ջարդերու մասին լուրերու տպաւորութեան ազդեցութեամբ: Քաղաքի ղեկավարութիւնը որոշած է քաղաքը Արմենիա կոչել 1915 թուականի Հայոց եղեռնի զոհերու յիշատակին: Այնտեղ կայ յուշարձան: Արմենիա քաղաքը եւ Քինտիօ նահանգը ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Քաղաքը  շատ գեղեցիկ է, մաքուր եւ այնտեղ կ՛աճի աշխարհի ամենահամեղ սուրճը:

Արմենիա (Էլ Սալվատոր)

salvador_031116

Սակայն Հարաւային Ամերիկայի «Արմենիա»-ներու աշխարհագրութիւնը չի սահմանափակուիր միայն Քոլոմպիայով եւ Հոնտուրասով: Էլ Սալվատորի  մայրաքաղաք Սան Սալվատորէն ոչ հեռու, Սոնսոնաթէ նահանգին մէջ կը  գտնուի Արմենիա անունով քաղաք մը: Քաղաքին մէջ կը  բնակի շուրջ 35 հազար մարդ: Մինչեւ սպանացիներու կողմէ Ամերիկայի գաղութացումը` քաղաքի տարածքին մէջ  հնդկացիական բնակավայր եղած է եւ կոչուած է Կուայամոքօ: Ինչպէս Հոնտուրասի «Արմենիա»-ներու պարագային, Էլ Սալվատորի այս քաղաքի անուանման վերաբերեալ ոչ ոք յստակ տեղեկութիւն ունի եւ չի գիտեր, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ քաղաքը  անուանուած է Արմենիա:

Ըստ վարկածի մը, քաղաքը հայկական անունով կարելի  եղած է վերանուանել Էլ Սալվատորի մէջ ապրող փոքրաթիւ` 6 հազարնոց հայկական  գաղութին շնորհիւ:

Արմենիա Էլ Սալվատորի մէջ գեղեցիկ, երիտասարդ եւ արագ աճող քաղաքներէն մէկն է: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ  Էլ Սալվատորի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 22 մարտ 1999 թուականին:

Արմենիա (Պելիզ)

Belis_31116

Կեդրոնական Ամերիկայի Եուկատան թերակղզիի հարաւարեւելեան շրջանին մէջ կը գտնուի Պելիզ քաղաքը, որուն գիւղերէն մէկուն մէջ անցեալին ապրած են գաղթականներ` Կուաթեմալայէն եւ Հոնտուրասէն: 19-րդ դարու սկիզբը այս վայրը ներգաղթած են նաեւ հայեր եւ յոյներ` Թուրքիայէն: Կ՛ենթադրուի, թէ այս վայրը մեծաթիւ ներգաղթեալ հայերու շնորհիւ ստացած է Արմենիա անուանումը:

Տակաւին յայտնի չէ, թէ այդ գիւղը անցեալին ի՞նչ կոչուած է: Սակայն այդ գիւղին մէջ այսօր հայեր գրեթէ չեն բնակիր: Կ՛ենթադրուի, թէ անոնք ժամանակին ձուլուած են տեղացի բնակչութեան կամ Պելիզէն արտագաղթած են երկրաշարժէն ետք:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.