PKK-ն Կը Պատրաստուի Թուրքիան «Արեան Ծովու» Վերածել
«Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւն»-ը (ՔԲԿ-PKK), Սուրիոյ քրտական «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւն»-ը (ԺՄԿ-PYD) եւ ձախակողմեան այլ կառոյցներ կը պատրաստուին Մարտ 20-ին Թուրքիան «արեան ծովու» վերածելու:
Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Haberler» լրատվական կայքը` վկայակոչելով երկրի հետախուզական մարմիններու ձեռք բերած տուեալները: Աղբիւրին համաձայն՝ յարձակման յանձնարարութիւնը տուած է Քանտիլը (ՔԲԿ-ի կեդրոնը Իրաքի մէջ), որուն գործողութիւններու ծրագիրով կը նախատեսուի, որ «յեղափոխական ժողովրդական ազատագրական կուսակցութիւն-ճակատ»ը (DHKP-C), «Մարքս-լենինեան կոմունիստական կուսակցութիւն»-է (MLKP) եւ «Ընկերվարական վերակազմաւորում կուսակցութիւն»-ը (SYKP) Մարտ 11-ին պէտք է յարձակման անցնին: Անոնք պէտք է սադրիչ յարձակումներ իրականացնեն Թուրքիոյ արեւմտեան նահանգներուն, մասնաւորապէս խոշոր քաղաքներուն մէջ: Իսկ Մարտ 20-ին PKK-ի 11.000 գրոհային Եուքսեկքուան կը յայտարարեն ազատագրուած շրջան, 8.000 PYD-ական ալ յարձակումներ պիտի իրականացնի Թուրքիոյ ուժային կառոյցներու վրայ, կը գրէ ermenihaber.am-ը: