ԴՐՕ. Հայկական Յեղափոխութեան «հաստաբուն կաղնին»
Մարտ 8ի այս օրը, 60 տարի առաջ, դաշնակցական մամուլը հայաշխարհին գուժեց, որ «Տապալեցաւ հաստաբուն կաղնին»։
Իր գործը անաւարտ թողած՝ հայոց աշխարհէն հեռացաւ յանդուգն եւ անվեհեր Ազատամարտիկի բացառիկ մարմնաւորումը՝ ԴՐՕ։
Իր կենդանութեան իսկ, ԴՐՕ առասպելական հերոսը դարձաւ հայ ժողովուրդին։ Իսկ մահէն ասդին, որքան ժամանակը թաւալի, այնքան աւելի կը պայծառանայ մարտունակ կերպարը Հայու Յանդգնութիւնն ու Խիզախութիւնը անկրկնելիօրէն մարմնաւորած «մրրկածին» Ազատամարտիկին։
Իր անձն ու գործը, իբրեւ հայոց գալիք սերունդներու ներշնչման աղբիւր եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան անխոնջ պայքարը լուսաւորող փարոս, տակաւ կը կտրեն ու կ՛անցնին ժամանակի եւ պայմաններու սահմանները։ Երեք տառի մէջ խտացած հերոսութեան խորհրդանիշը՝ ԴՐՕ իր առաջնորդող օրինակը կ’արմատաւորէ մեր ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ, Հայու Ազատութեան եւ Հայաստանի Անկախութեան համար գերագոյն անձնազոհութեան եւ աննկուն մարտունակութեան սրբազան դաւանանքը։
Եւ բնաւ ալ պատահական չէր, որ Արցախեան Ազատամարտի շղթայազերծման ու Հայաստանի վերանկախացման պայքարի առաջին իսկ պահերէն, ամբողջ 70 տարի ԴՐՕ անունը բնոված խորհրդային կարգերէն ազատագրուելու իր ծառացումին մէջ, հայրենի հայութիւնը սրտի երգի վերածեց «Դաշնակ ԴՐՕ»ն.
Հայոց երկնքով անցէք հաւքեր իմ սիրուն,
Քաջ հայդուկից բարեւ տարէք դէպի տուն,
Ծեր արծուի պէս մոլոր օտար ափերում
Ծնող հողին կարօտ մտաւ յաւերժ քուն։
Արի դու քաջ Դրօ, բազկիդ ուժը բեր,
Հեծիր քո ճերմակ ձին, քշիր սարն ի վեր,
Ձայնիր քո քաջերին՝ քնած թէ արթուն,
Փրկիր քո հայրենիք չքնաղ Սուրմալուն։
Շատ դահիճներ են ընկել բազկիդ հարուածից,
Չես վհատուել անգամ կրծքիդ խոր վէրքից,
Անվերջ զրկանք ես կրել քո կամքով արի
Դու քաջ զինուոր ազգի ու գաղափարի։
Արի դու քաջ Դրօ, բազկիդ ուժը բեր…
Դաշնակցականին վայել աննկուն կամքով,
Պայքարել ես, ապրել ազգի կարօտով.
Կարս ու Անի, Սուրմալու, Պիթլիս յիշելով՝
Փակուել են աչքերդ յաւիտեան քնով…
Արի դու քաջ Դրօ, բազկիդ ուժը բեր…
ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆի իր «դպրոց»ը կերտած Ազգային Հերոսը եղաւ ԴՐՕ, որ իր անունին կապեց Արութեան այնպիսի՜ պատմակշիռ Գործեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր անջնջելի դրոշմը դրած է հայոց նորագոյն պատմութեան վրայ։
31 Մայիս 1884ին Իգդիր ծնած Դրաստամատ Կանայեանը վերապրեցաւ մահուան դէմ իր բոլոր ճակատումներէն։ Ռազմի դաշտերու վրայ անցան իր գիտակից կեանքի տարիները։ Յեղափոխական մարտիկի եւ ռազմական գործիչի մը համար երկար կեանք ունեցաւ ԴՐՕ։ Մինչեւ 72 տարեկան ապրեցաւ եւ մինչեւ վերջին շունչ, հայ ազգային-ազատագրական պայքարի ճանապարհին, շարունակ պատնէշի վրայ կանգուն մնաց ու յառաջապահ դեր կատարեց։
Միայն թւումի կարգով՝ ահա՛ գլխաւոր նշանաձողերը ԴՐՕի կտրած փոթորկալի կեանքի ճանապարհին.
– 11 Մայիս 1905ին, ատենի հայ-թաթարական ընդհարումները սադրած Պաքուի նահանգապետ իշխան Նակաշիձէի դէմ Դաշնակցութեան որոշած մահապատիժը գործադրելով՝ 21 տարեկան հասակին ԴՐՕ անօրինակ յանդգնութեամբ եւ խիզախութեամբ ահաբեկեց արեւելահայութեան ջարդարարը։ Այդպէ՛ս սկսաւ հայ ժողովուրդի թշնամիները անպատիժ չձգելու արդարահատոյց ԴՐՕի երկար ուղին։
– 1908ին, Օսմանեան Սահմանադրութեան բերած համեմատական ազատութիւններէն օգտուելով՝ Դաշնակցութիւնը որոշեց թուրք-ռուսական սահմանագլուխին վրայ դէպի Երկիր զէնքի փոխադրութեան գլխաւոր կէտ մը հաստատել։ Պայազէտը ընտրուեցաւ իբրեւ յարմարագոյն կեդրոն եւ, Ռոստոմի յանձնարարութեամբ, ԴՐՕ հաստատուեցաւ Պայազէտ, իբրեւ Սուրէն Էֆենտի անունով վաճառական մը, կազմակերպելու եւ ղեկավարելու համար զինման ընդհանուր գործը։
– Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ ԴՐՕ փութաց Թիֆլիս եւ ստանձնեց Հայ Կամաւորական 2րդ Ջոկատի հրամանատարութիւնը։
– 1918ի Մայիսեան բախտորոշ ճակատամարտներուն, ԴՐՕ գլխաւորեց Բաշ-Ապարանի բախտորոշ հերոսամարտը։
– Հայաստանի Հանրապետութեան կայացման պետականակերտ գործին մէջ, յատկապէս Հայկական Բանակի կազմութեան եւ հզօրացման ուղղութեամբ, ԴՐՕ ամբողջացուց Արամ Մանուկեանի պատմակերտ դերակատարութիւնը։
– 1918ի Դեկտեմբերին ԴՐՕ գլխաւորեց հայկական զօրքերը՝ հայ-վրացական պատերազմի ժամանակ, հայրենի մեր հողը իւրացնելու վրացական ազգայնամոլութեան սանձ դնելով։
– Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին կառավարութեան մէջ, Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեան ժամանակ, ԴՐՕ ստանձնեց ռազմական նախարարի պատասխանատուութիւնը եւ ղեկավարեց քեմալական եւ լենինեան միացեալ գրոհին դէմ մեր ժողովուրդին դիմադրական կռիւը։
– 1920 թուի Դեկտեմբեր 2էն ետք, մինչեւ Պոլշեւիկեան Յեղկոմի Երեւան ժամանումը, խորհրդային կառավարութեան ռազմական ներկայացուցիչ Սելինի հետ, ԴՐՕ ղեկավարեց Հայոց նորաստեղծ պետականութիւնը ամբողջական կործանումէ փրկելու պայքարը։
– Յունուար 1921ին, երբ Յեղկոմի կողմէ Հայկական Բանակի սպայակոյտը հետիոտն աքսորուեցաւ հիւսիսային Կովկաս, ԴՐՕ իր կարգին աքսորուեցաւ Մոսկուա, ուր տնային կալանքի տակ պահուեցաւ 5 տարի, մինչեւ որ արտօնութիւն ստացաւ ընդմիշտ հեռանալու Խ. Միութենէն։ Հաստատուեցաւ Ռումանիա, ուրկէ անցաւ Մ. Նահանգներ՝ 1930ականներուն։
– 1933ի Հ.Յ.Դ. 12րդ Ընդհանուր Ժողովին ԴՐՕ ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ։ Նոյն պաշտօնին վրայ վերընտրուեցաւ հետագայ Հ.Յ.Դ. յաջորդական Ընդհանուր Ժողովներուն։
– Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, յանուն տարագիր հայութեան, Հ.Յ.Դաշնակցութեան յանձնարարութեամբ՝ ԴՐՕ ծայր աստիճան դժուարին բանակցութիւններ վարեց Նացիական Գերմանիոյ իշխանութեանց հետ, փորձելով Հիթլերին համոզել, որ հայերը արիացի են, որպէսզի կարելի ըլլար Խորհրդային Հայաստանի հայութիւնը պաշտպանել թրքական վտանգին դէմ՝ նացիական հաւանական յաղթանակի պարագային։
– Նոյն ժամանակաշրջանին նաեւ Եւրոպայի հայութիւնը փրկելու գործին մէջ ԴՐՕ ստանձնեց անուրանալիօրէն մեծ դեր։ Իր եւ նոյն նպատակով կազմուած դաշնակցական գործիչներու յատուկ մարմնին հետեւողական ջանքերով՝ հնարաւոր դարձաւ Նացի Գերմանիոյ վերաբերմունքը բարեփոխել Պալքաններու հայութեան նկատմամբ։ Միեւնոյն ժամանակաշրջանին եւ Աշխարհամարտի աւարտէն յետոյ, ԴՐՕ նախախնամական դեր կատարեց խորհրդային բանակէն գերեվարուած բազմահազար հայ զինուորականները ստոյգ մահէ փրկելու պատմական գործին մէջ։
– Իր կեանքի եւ գործունէութեան վերջին տասնամեակը ԴՐՕ անցուց ընդհանրապէս Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ։ Ի վերջոյ հաստատուեցաւ Լիբանան եւ հինգ տարի վաղեմի իր ընկերոջ՝ Սիմոն Վրացեանի հետ ապրեցաւ նոյն յարկին տակ։ Դէպի Հայրենիք Ներգաղթը, խորհրդային այլասերած քաղաքականութեան հետեւանքով, ընդհանուր հիասթափութեան մատնած էր տարագիր հայութիւնը։ Հետեւած էր Հայ Դատի չարաշահումը խորհրդայիններուն կողմէ՝ Կարսն ու Արտահանը նախ պահանջելու, ապա մտահան ընելու ստալինեան խաղերով։
Տարագիր հայութեան ընդհանուր յուսաբեկման այդ ծանր շրջանին, ԴՐՕ իր կարապի երգը դարձուց նորահաս սերունդներու մէջ ազգային ինքնավստահութիւնը վերականգնելու սրբազան առաքելութիւնը, որուն համար մեր սերունդները ամբողջական պաշտամունք տածեցին Մեծ Հերոսին նկատմամբ։
ԴՐՕ հիւանդ էր սուր յօդացաւերով, որոնք խաբուսիկ ախտանշաններն էին արագօրէն տարածուող քաղցկեղի։ 1955ի վերջերուն, բուժման նպատակով, ԴՐՕ այցելեց Միացեալ Նահանգներ։ Բայց մահը վրայ հասաւ եւ տապալեց Հայու Յանդգնութեան եւ Խիզախութեան հաստաբուն կաղնին։
ԴՐՕ առյաւէտ փակեց աչքերը 8 Մարտ 1956ին եւ թաղուեցաւ Պոսթըն։
Բայց իր կտակն էր յաւերժական հանգիստը գտնել հայրենի հողի ծոցին, ինչ որ իրականացաւ 2000 թուականին, երբ Մեծ Հայուն աճիւնները պաշտօնական յատուկ հանդիսաւորութեամբ տարուեցան անկախ Հայաստան եւ Մայիս 28ի օրերուն ամփոփուեցան իր այնքան պաշտած Ապարանի (նախկին Բաշ-Ապարան) մէջ։