27 ­Փետ­րո­ւար 1988, ­Սում­կա­յիթ. Հայ Ժո­ղո­վուր­դի Մե­րօ­րեայ Պատ­մու­թեան Սեւ Է­ջը


 Նազարէթ Պէրպէրեան 

Փետ­րո­ւար 27-ին, 28 տա­րի ա­ռաջ, ատր­պէյ­ճա­նա­կան ծո­վե­զե­րեայ քա­ղա­քի մը՝ ­Սում­կա­յի­թի մէջ, ա­զե­րի ամ­բո­խը իր իշ­խա­նու­թեանց հրահ­րու­մով ու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ի­րա­գոր­ծեց 20րդ ­դա­րա­վեր­ջի«ազ­գա­յին մաք­րազտ­ման» ա­հա­ւոր սպանդ մը տեղ­ւոյնհայ բնակ­չու­թեան դէմ։

27 ­Փետ­րո­ւար 1988-էն սկսեալ, ե­րեք օր շա­րու­նակ, հա­յու ա­րիւն թա­փո­ւե­ցաւթրքա­տիպ հա­յա­տեա­ցու­թեամբ մո­լեգ­նած Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թեանց եւ ա­զե­րի ամ­բո­խին կող­մէ։

Աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն մի­լիո­նա­ւոր մար­դիկ սահմռ­կած աչ­քե­րով հե­տե­ւե­ցան ատր­պէյ­ճա­նա­կան այդ հա­կա­հայ քստմնե­լի ոճ­րա­գոր­ծու­թեան, որ հա­յոց մե­րօ­րեայ պատ­մու­թեան սեւ է­ջը դար­ձաւ՝ «­Սում­կա­յի­թի փոկ­րո­մը» ա­նու­նով։

Իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար մինչ այդ գրե­թէ ան­ծա­նօթ ատր­պէյ­ճա­նա­կան ծո­վե­զե­րեայ քա­ղաք ­Սում­կա­յի­թը դար­ձաւ նո­րօ­րեայ «ման­րան­կար»… ­Տէր-­Զօր։

Ման­րա­մաս­նօ­րէն եւ ան­վի­ճե­լիօ­րէն փաս­տագրուած են ա­հա­ւո­րու­թիւնն ու բար­բա­րո­սու­թիւ­նը Խ. Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թեանց կազ­մա­կեր­պած եւ խու­ժա­նա­յին վայ­րա­գու­թեամբ ի­րա­գոր­ծած ­Սում­կա­յի­թի հայ բնակ­չու­թեան զան­գո­ւա­ծա­յին սպան­դին։

Օ­րին ոչ ոք, ոչ իսկ ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած հա­յու­թիւ­նը կրնար հա­ւա­տալ, թէ քսա­նե­րորդ դա­րա­վեր­ջին փաս­տօ­րէն կը կրկնո­ւէր 20-րդ ­դա­րաս­կիզ­բի ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը՝ այս ան­գամ թէեւ ման­րան­կա­րա­յին տա­րո­ղու­թեամբ, այ­սու­հան­դերձ՝ ցե­ղաս­պա­նա­կան վայ­րա­գու­թեան սան­ձար­ձակ մո­լուց­քով։

Այ­սօր ոչ ո­քի հա­մար գաղտ­նիք է, թէ ­Սում­կա­յի­թի մէջ ա­զե­րի խու­ժա­նը, հա­ւա­քագ­րո­ւած, զի­նո­ւած եւ ղե­կա­վա­րո­ւած քա­ղա­քի ատր­պէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ, 1988-ի փետ­րո­ւա­րեան այս օ­րե­րուն կազ­մա­կեր­պո­ւած յար­ձակ­ման են­թար­կե­ցին քա­ղա­քի հայ բնակ­չու­թիւ­նը։

Այ­սու­հան­դերձ՝ մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լի է­ջե­րուն, յատ­կա­պէս ատր­պէյ­ճա­նա­կան-թրքա­կան ազ­դե­ցու­թեան ո­լոր­տին մէջ ո­րո­ճա­ցող լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն մէջ, այ­սօր ալ տա­կա­ւին կը յա­մե­նան այն­պի­սի մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ, թէ այդ ժա­մա­նակ ­Խորհրդա­յին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ծա­ւա­լած Ար­ցա­խեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան բո­ղո­քի ու­ժեղ շար­ժու­մը պատ­ճառ ե­ղաւ ազ­գա­մի­ջեան լա­րո­ւա­ծու­թեանց սրու­մին՝ հա­յե­րու եւ ա­զե­րի­նե­րու մի­ջեւ։ ­Բայց նոյ­նիսկ նման վե­րագ­րում­նե­րու հե­ղի­նակ­նե­րը չեն կրնար ու­րա­նալ փաս­տա­ցի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ կը խոս­տո­վա­նին, որ ­Հա­յաս­տա­նէն փա­խուստ տո­ւած եւ Ատր­պէյ­ճա­նի տար­բեր շրջան­ներն ու, ա­նոնց կար­գին, ­Սում­կա­յիթ թա­փած ա­զե­րի գաղ­թա­կան­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս գոր­ծա­ծո­ւե­ցան ատր­պէյ­ճա­նեան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ, որ­պէս­զի ամ­բո­խա­յին գրգռու­թեանց քո­ղով ծած­կո­ւի հայ բնակ­չու­թիւ­նը սպան­դի են­թար­կե­լու եւ այդ սպառ­նա­լի­քով ­Սում­կա­յի­թի եւ ամ­բողջ Ատրպէյ­ճա­նի հա­յե­րը երկ­րէն վտա­րե­լու ատր­պէյ­ճա­նեան մեծ ո­ճի­րը։

Այ­սօր ար­դէն ա­նուն-ազ­գա­նու­նով փաս­տագրուած են ­Սում­կա­յի­թի իշ­խա­նա­ւոր այն դէմ­քե­րը, ո­րոնք նախ հրահ­րե­ցին եւ, ա­պա, գա­զա­զած ամ­բո­խին գլու­խը ան­ցած, նա­խա­պէս պատ­րաս­տուած ցու­ցակ­նե­րու հի­ման վրայ, հա­յե­րու բնա­կա­րան­նե­րուն եւ խա­նութ­նե­րուն վրայ յար­ձա­կում եւ եր­կօ­րեայ ա­րեան բաղ­նիք կազ­մա­կեր­պե­ցին…

Ո­րո­շա­պէս սեւ ու մեծ տա­ռե­րով ար­ձա­նագրուած է ա­նու­նը ­Ճա­հան­կիր ­Մուս­լում­զա­տէ կո­չո­ւած ­Սում­կա­յի­թի ­Կոմ­կու­սի ա­ռա­ջին քար­տու­ղա­րին, որ գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն ե­ղաւ պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած հա­յե­րու փոկ­րո­մին, ո­րուն շու­տով պի­տի հե­տե­ւէին ­Պա­քո­ւի եւայլ վայ­րե­րու լայ­նա­ծա­ւալ ո­ճիր­նե­րը։

Սում­կա­յի­թի հա­յոց սպան­դին մէջ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բա­ժին իր կար­գին, ան­կաս­կած, ու­նե­ցաւ խորհր­դա­յին կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը։ Կ­րեմ­լի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը շատ ուշ մի­ջամ­տեց՝ ատրպէյ­ճա­նեան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը սան­ձե­լու հա­մար։ Իսկ երբ մի­ջամ­տեց, քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նա­փո­խու­թեան կոր­պա­չո­վեան խա­ղե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան շար­ժե­ցաւ՝ հա­յու­թեան բա­ժին հա­նո­ւած ող­բեր­գու­թեան հա­մար­ժէք կե­ցո­ւածք չճշդե­լով ու հա­տու եւ զսպիչ հա­րո­ւած չտա­լով յան­ցա­գործ­նե­րուն։

Խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւ­նը օ­րին մին­չեւ իսկ նսե­մաց­նել փոր­ձեց ­Սում­կա­յի­թի սպան­դին տա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ա­մէն ճիգ թա­փեց, որ­պէս­զի միայն 30 մեռեալ ցոյց տայ համ­րան­քը հայ զո­հե­րուն, մինչ­դեռ ա­կա­նա­տես­նե­րու եւ վե­րապ­րող­նե­րու ան­հեր­քե­լի վկա­յու­թիւն­նե­րով ու տո­ւեալ­նե­րով՝ ա­ւե­լի քան 200 ան­զէն ու խա­ղաղ բնա­կիչ հա­յե­րու ա­րիւն հե­ղե­ցին ա­զե­րի ջար­դա­րար­նե­րը։

28 տա­րի­ներ ան­ցած են ­Սում­կա­յի­թի սահմռ­կե­ցու­ցիչ ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան փետ­րո­ւա­րեան սեւ օ­րե­րէն։ Հա­յ ե­ւ ատր­պէյ­ճա­նեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­րեան եւ մա­հո­ւան ամ­բողջ ճամ­բայ մը կտրած են ­Սում­կա­յի­թէն աս­դին։ ­Բուն կռո­ւախն­ձո­րը՝ Ար­ցա­խը ի­րո­ղա­պէս ա­զա­տագ­րո­ւած եւ հաս­տա­տած է իրան­կախ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, որ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ծաղ­կուն ո­վա­սիս մըն է այ­սօր Ա­լիե­ւեան բռնա­տի­րու­թեան տակ տա­կա­ւին կքած տա­րա­ծաշր­ջա­նէններս։

Ա­հա­ւո­րը այն է, որ ­Սում­կա­յի­թի փոկ­րո­մը ար­ժա­նի դա­տա­պար­տան­քի եւ պա­տի­ժի են­թար­կո­ւած չըլ­լա­լով՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան գնով հայ­կա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը ոտ­նա­կո­խե­լու քա­ղա­քա­կան մո­լուց­քը տա­կա­ւին կ­’ե­ռայ ատր­պէյ­ճա­նեան իշ­խա­նու­թեանց ե­րակ­նե­րուն մէջ, ինչ ա­նուն ալ կրեն ա­նոնք։

Նոյն­պէս, ող­բեր­գա­կա­նօ­րէն, կը շա­րու­նա­կո­ւի պի­ղա­տո­սեան վար­քա­գի­ծը աշ­խար­հի ղե­կը վա­րող մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րուն, ո­րոնք 28 տա­րի­նե­րէ իվեր ան­հիմն, ա­նար­դար եւ ան­հե­թեթ հա­ւա­սա­րե­ցում­ներ կը դնեն՝ մէկ կող­մէա­նար­գել ու ան­պա­տիժ գոր­ծադ­րո­ւող ատր­պէյ­ճա­նա­կան ոտնձ­գու­թեանց ու յան­ցա­գոր­ծու­թեանց, իսկ միւս կող­մէ հա­յոց ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան հա­կա­դար­ձու­թեանց մի­ջեւ։

Ար­դա­րեւ, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ պե­տա­կան այ­րե­րը ոչ միայն կը շա­րու­նա­կեն ու­րա­նալ ի­րենց կազ­մա­կեր­պած ու հրահ­րած ո­ճիր­նե­րը, ոչ միայն կը մեր­ժեն խո­նար­հիլ հայ ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին առ­ջեւ, այ­լեւ օր ու գի­շեր մի­ջոց­ներ կը փնտռեն եւ սադ­րանք­ներ կ’ո­րո­ճան, որ­պէս­զի կա­րե­նան խե­ղա­թիւ­րել պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րը եւ աշ­խար­հին ներ­կա­յա­նալ իբ­րեւ«զո­հե­րը… հայ­կա­կան մո­լե­ռան­դու­թեան»։

Ար­դէն քա­նի տա­րի է, ա­հա՛, որ ­Փետ­րո­ւա­րի այս օ­րե­րուն Ատր­պէյ­ճա­նի դի­ւա­նա­գի­տա­կան մե­քե­նան, ­Թուր­քիոյ պե­տա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հո­վա­նիին տակ, աշ­խար­հով մէկ կեղծ ա­հա­զանգ կը հնչեցնէ իբր թէ «­Խո­ջա­լո­ւի մէջ հա­յե­րու գոր­ծած հա­կա-ազերիա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան դէմ»…

Սում­կա­յի­թի հա­կա­հայ սպան­դին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը տա­րո­ւէ տա­րի նոր թափ կու տան ու­րա­ցու­մի եւ խե­ղա­թիւր­ման ի­րենց այդ ար­շա­ւին, ո­րով­հե­տեւ մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րը ի­րենց պա­տե­հա­պաշտ հա­շիւ­նե­րով չեն ու­զեր մե­ղադ­րեա­լի ա­թո­ռին նստեց­նել ո­րո­շա­պէս Ատր­պէյ­ճանն ու ­Թուր­քիան, այլ շա­րու­նակ կը փնտռեն ա­ռիթ­ներ, որ­պէս­զի իբ­րեւ ի­րա­ւա­րա­րի՝ իբր թէ հա­ւա­սար աչ­քով նա­յին ցե­ղաս­պա­նին եւ զո­հին…

Այդ ա­ռու­մով ալ մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րը ի­րենք եւս պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ի­րենց բա­ժի­նը ու­նին հա­կա­հայ ցե­ղաս­պա­նա­կան մո­լուց­քին պար­բե­րա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րուն եւ մո­լեգ­նու­թեան մէջ։

Սում­կա­յի­թի փոկ­րո­մը ա­րիւ­նա­լի վկան ու յու­շա­րարն է հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մե­րօ­րեայ սեւ է­ջին եւ ա­նոր դառն ու դա­ժան դա­սե­րուն, ո­րոնք մեր սե­րունդ­նե­րը կը դնեն ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ճա­կատ­նե­րուն վրայ միշտ ար­թուն հսկե­լու ազ­գա­յին գե­րա­գոյն յանձ­նա­ռու­թեան, այ­լեւ միան­գա­մայն՝պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան առ­ջեւ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.