ՀՕՄ-ի Գանատայի կառոյցը 600 սուրիահայ աշակերտներու ձմեռնային զգեստներ կը նուիրէ


Սուրիոյ Օգնութեան խաչի (ՍՕԽ) Շրջանային վարչութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը յայտնէ, թէ 2016-ի նոր տարուան սեմին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական. Վարչութեան ճամբով եւ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ներդրումով, Սուրիոյ Ազգային վարժարաններու 600  աշակերտներ օժտուեցան ձմեռնային տաք զգեստներով։ Վերոնշեալ ձմեռնային զգեստները կը պատրաստուին Ս.Օ.Խաչի աշխատանոցէն։

 Հաղորդագրութեան մէջ Ս.Օ.Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, Գանատայի Շրջանային Վարչութեան եւ բոլոր ազնիւ բարերարներուն, Սուրիահայ համայնքին հանդէպ ունեցած ուշադիր եւ հոգատար վերաբերմունքին համար։ 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.