Նուիրահաւաք ի նպաստ Ստեփանակերտի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզին


ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն նպատակն էր դրամահաւաք կատարել Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզին համար: Այս մասին կը հաղորդէ Պոսթընի մեր պաշտօնակից «Հայրենիք»ը։

Հաւաքը տեղի ունեցաւ, Վըրճինիա Տէյվիսի Մանհաթընի բնակարանէն ներս, հարիւրի շուրջ ներկաներու մասնակցութեամբ:
Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք եկած էին իրենց օժանդակութիւնը բերելու, այս կարեւոր գործին: Դրամահաւաքի յանձնախումբի անունով նաեւ, խօսք առաւ Անժէլ Մանուկեան, որ յայտնեց թէ Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանը միշտ ալ բեղուն գործունէութիւն ցուցաբերած է, նմանօրինակ գործունէութիւններու առնչութեամբ:

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի դեսպան Զոհրապ Մնացականեան, իր կարգին խօսք առնելով, յայտնեց թէ այս կատարուած աշխատանքը սուրբ է եւ թէ մանկապարտէզը պիտի ունենայ արդիական սարքաւորումներով շէնք մը, ուր ազատ Արցախի մէջ ապրող մանուկները պիտի ստանան որակաւոր եւ բարձր մակարդակի ուսում:

Այս հաւաքին ներկաներէն եւ դրամահաւաքի մասնակցողներէն մէկը՝ Տենիս Թերզեան, ցուցադրեց այս մանկապարտէզի լուսանկարները: Ան անձնապէս այցելած էր եւ գեր-ոգեւորուած, շարունակ հետեւած էր աշխատանքներուն:

Մանկապարտէզի շէնքը պէտք ունէր լայնածաւալ վերանորոգումներու եւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշած էր ամբողջովին վերակառուցել շէնքը: Այսպիսով, Արցախի ազատագրման պայքարին զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներուն համար Ա
պրիլ 1998-ին հիմնուած մանկապարտէզը, քանդուեցաւ, որպէսզի հիմը դրուի արդիական կառոյցի մը:

Եռայարկ շէնքը, որուն յատակագիծը ունի գրեթէ 6 հազար քառակուսի ոտք տարածութիւն, պիտի ծառայէ 3-էն 6 տարեկան 130 աշակերտներու: Երկրորդ յարկը պիտի տրամադրուի աւելի մեծ տարիքով աշակերտներու արտադպրոցական ծրագիրներուն: Այս նորակառոյց շէնքը նաեւ պիտի ունենայ արհեստագիտական (համացանց, նեթուըրքինկ) սարքաւորումներ:

Հաւաքի աւարտին, դրամահաւաքի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անժէլ Մանուկեան փոխանցեց նուիրատուներու ցանկը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.