Արթիւր Մկրտիչեանը այսօր կը դառնար 57 տարեկան


 Այսօր Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ Արթիւր Մկրտիչեանի շիրիմին յարգանքի տուրք մատուցելու եկած էին ԼՂՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, ԼՂՀ ԱԺ փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը, Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ, ԱԺ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանը, ԼՂՀ ԱԺ պատգամաւորներ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան անդամներ, ՀՕՄ-ուհիներ, Արթիւր Մկրտիչեանի ընտանիքը եւ հարազատները:

Արթիւր Մկրտիչեանը ընդամէնը 32 տարեկան էր, երբ ընտրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հաանորպետութեան Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ, եւ՝ 33 տարեկան, երբ աւարտեցաւ անոր կարճ, բայց պայծառ ու  նուիրական կեանքի ուղին. ուղի մը, որ անջնջելի հետք թողած է Արցախի պատմութեան մէջ: Անոր դէմ արձակուած կրակոցի պատճառը մնաց չպարզուած, իսկ զինք սպանած գնդակը`չգտնուած:

Արթիւր Մկրտիչեանը  ղեկավարեց ընդամէնը 97 օր, բայց անոր անձը, կեանքի ուղին եւ ճակատագիրը այնքան ներհիւսուած են հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան, որ անոր ղեկավարման 97 օրերը, անոր անունը առյաւէտ դրոշմեցին ժողովուրդին յիշողութեան մէջ:

 Անոր գործունէութիւնը՝ 1988 թ.-ի Փետրուար 12-ի Հադրութի հանրահաւաքէն մինչեւ նախագահ ընտրուիլը, եղաւ սրընթաց ու զարմանք հարուցող:

 Ոչ մէկուն համար գաղտնիք է, որ Արթիւր Մկրտիչեանը չէ ընդունուած Հայաստանի այն ժամանակներու իշխանութիւններուն կողմէ, որ անհերքելի փաստ է, դեռ աւելին` անոր ընտրուելէն ետք մի քանի օր շարունակ Հայաստանը զրկած է Ղարաբաղը բոլոր տեսակի օգնութիւններէն:

  Բոլոր այն մարդիկ, որոնք բախտ ունեցեր են գէթ մէկ անգամ շփուելուԱրթիւր Մկրտիչեանի հետ, ակնածանքով կը խօսին անոր մասին: Ա. Մկրտիչեանի մասին իր ժամանակակից Գագիկ Աւանէսեանը յուզմունքով կը խօսի:  Անոնք ծանօթացած են, երբ դեռ նոր պէտք է սկսէր Արցախեան շարժումը, երկար ճանապարհ անցան միասին՝ հայկական հեռուստատեսութիւն ունենալու համար ստորագրահաւաքէն մինչեւ Փետրուարեան ցոյցեր եւ պատերազմ:

 «Այսօրուան պէս յիշում եմ Փետրուար 12-ի Հադրութի ցոյցը, որը, ըստ էութեան, Արցախեան շարժման սկիզբն էր ազդանշում: Ցոյցի ժամանակ, երբ ելոյթ ունեցաւ Արթիւր Մկրտիչեանը, բոլորը քարացած լսում էին: Հաւաքուած գիւղացի, մշակ,  թէ մտաւորական, բոլորին հասանելի էր անոր խօսքը: Դա անոր իւրայատկութիւններից մէկն էր՝ խօսել այնպէս, որ բոլորի սրտի թելերին կպչի,  միասնութիւն սերմանի՝ վստահեցնելով, որ դա է մեր ազգի գոյատեւման միակ երաշխիքը», նշում է Գագիկ Աւանէսեանը:

 ԼՂՀ ԱԺ փոխնախագահ, Արցախի ԿԿ անդամ Վահրամ Բալայեանը Արթիւր Մկրտիչեանի հետ, բացի գաղափարական եւ կուսակցական ընկերներ ըլլալէ, նաեւ մտերիմներ էին, որոնք  միեւնույն մասնագիտութիւնը ունէին: Վահրամ Բալայեանը համոզուած է, որ եթէ  չըլլար ազգային-ազատագրական շարժումը, անոնք կը համագործակցէին գիտութեան ասպարէզին մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.