Դեսպան Եգանեան հանդիպեցաւ Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Տիոնի հետ
Փետրուար 15-ին Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեանը հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Ստեֆան Դիոնի հետ:
Երկու կողմերը գոհունակութեամբ արձանագրեցին քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման փաստը, որուն ապացոյցն է փոխայցելութիւններու քանակի աճը երկու երկիրներուն միջեւ: Դեսպան Եգանեանը նշեց, որ 2015 թ.-ի ընթացքին Գանատա այցելած են էներգետիկայի եւ Բնական Պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեանը եւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի պաշտօնական այցելութիւնը: Միաժամանակ դեսպանը ողջունեց նախորդ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած գանատական երկու պատուիրակութիւններու այցելութիւնը Հայաստան` նախարարներ Քրիս Ալեքսանդրի եւ Քրիստիան Պարադիի ղեկավարութեամբ: Նշուեցաւ վերջին տարիներուն ընթացքին երկկողմ առեւտրատնտեսական կապերուն արձանագրած առաջընթացը, որուն վկայութիւնն է 2015 թ.-ի գանատական առաջին առեւտրատնտեսական առաքելութեան այցելութիւնը Հայաստան: Դեսպանը ընդգծեց, որ գանատական ընկերութիւնները կը շարունակեն հետաքրքրութիւն ցուցաբերել Հայաստանի արդիւնաբերութեան տարբեր բնագաւառներու նկատմամբ, մասնաւորապէս, հանքարդիւնաբերական ոլորտին մէջ:
Նախարար Դիոնի խնդրանքով դեսպան Եգանեանը ամփոփեց 2015 թ.-ի ընթացքին Հայաստանի եւ աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ, որոնց կարգին են Գանատայի մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները:
Հանդիպումին քննարկուեցան 2015 թ.-ի Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանկոֆոնիայի 31-րդ նախարարական համաժողովի արդիւնքները:
Կողմերը պայմանաւորուեցան շարունակել աշխատանքները` ինչպէս երկկողմ քաղաքական երկխօսութիւնը առաւել զարգացնելու, այնպէս ալ առեւտրատնտեսական կապերը ամրապնդելու ուղղութեամբ:
Զրուցակիցները անդրադարձան տարածաշրջանային այլ արդի խնդիրներու: