Վախճանած է Հասաքէի հովիւ Տ. Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Պետրոսեան (1946-2016)
Գանատայի Միսիսոկայ քաղաքի հոգեւոր հովիւ Տէր Միւռոն Քհնյ. Սարգսեան կը տեղեկացնէ Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքի հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Պետրոսեանի վախճանման լուրը Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ։
Տէր Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Պետրոսեան, աւազանի անունով Վարուժան, որդին Պետրոսի եւ Ազնիւի, ծնած է Գամիշլի, 1946-ին։ Նախակրթութիւնը ստացած է Գամիշլիի Ազգ. Եփրատ վարժարանին մէջ։ 1959-ին մուտք գործած է Անթիլիասի դպրեվանքը եւ ժառանգաւորացի աշակերտ եղած մինչեւ 1962 թուական։ Ամուսնացած երէցկին Թէրէզի հետ եւ բախտաւորուած են չորս զաւակներով՝ Վարդուհի, Վարդան, Սելլա եւ Աւետիս (Աւօ)։
Քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած է 6 Դեկտեմբեր 1974-ին, վերանուանուելով Տ. Մեսրոպ քհնյ.։Հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Սուրիոյ Ռաս Ուլ Այն գիւղաքաղաքի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ եւ տնօրէն՝ տեղւոյն Ազգ. Վարժարանին։ Ապա կը նշանակուի հոգեւոր հովիւ Հասաքէի։ Իբրեւ ուսուցիչ տնօրէն, մեծ կարեւորութիւն տուած է դպրոցի կրթական աշխատանքներուն։ Նուիրումով Քահանայագործած է Հասաքէի Հայ գաղութին, ետին ձգելով 37 տարիներու ուսուցչութեան եւ աւելի քան 40-ամեայ քահանայական ծառայութեան վաստակ։
Սուրիոյ վերջին տարիներու տագնապալի իրավիճակներուն նոյնիսկ մերժած էր հեռանալ իր եկեղեցիէն եւ վարժարանէն։ Վերջին օծման կարգը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ օր Հասաքէյի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ։