Հայ Գեղանկարչութիւնը Կը Հասնի Ծայրագոյն Արեւելք, Սինկափուր


Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով Noah’s Ark ցուցասրահը հայ կերպարուեստ կը ցուցադրէ ծայրագոյն Արեւելքի մշակոյթի կեդրոններէն՝ Սինկափուրի մէջ: Այս տարի ան մասնակցեցաւ «Art Stage Singapore»-ի վեցերորդ միջազգային փառատօնին, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 20 Յունուարի երեկոյեան ժամը 6:00ին, Marina Bay Sands կեդրոնին մէջ: «Նոազ Արք» կը ներկայացնէր երկու հայ գեղանկարիչներ՝ Եուրոզ եւ Վահրամ:

Եուրոզ խորանարդապաշտ (cubist) կերպարուեստագէտ է: Ան թէեւ լաւապէս ուսումնասիրած էՓիքասոյի եւ Պրաքի վերլուծական (analytic) եւ համադրական (synthetic) խորանարդապաշտական ուղղութիւնները, սակայն իր ներշնչման բուն աղբիւրները կը մնան հայ միջնադարեան բարձրաքանդակն ու մանրանկարչութիւնը: Ահաւասիկ թէ ինչու անոր գործերը իրենց ոճով ու արտայայտչաձեւերով ոչ միայն կը տարբերին դասական խորանարդապաշտութենէն, այլեւ քայլ մը առաջ կը տանին զայն ու աստիճան մը վեր կը բարձրացնեն: Եուրոզ նախ՝ կ’օժտէ զանոնք վառ ու պայծառ լուսերանգներով հայկական մանրանկարչութեան նման և ապա յաւելեալ աշխուժութիւն և թափանցիկութիւն կը հաղորդէ անոնց միջնադարեան հայ բարձրաքանդակի եւ մանաւա’նդ խաչքարային արուեստի նման: Ան կ’իմաստաւորէ նաև յղացքներու բովանդակութիւնը յատուկ խորհրդանշաններով, ինչպէս. նուռ, կապոյտ վարդ, գիրք, գինի, ոգեղէն լոյս, եւայլն:

Ահաւասիկ թէ ինչո’ւ Եուրոզ կ’արժեւորուի ու կը գնահատուի արուեստասէր հասարակութեան կողմէ եւ մուտք կը գործէ շարք մը հեղինակաւոր թանգարաններ: Երկու անգամ կը հրաւիրուի ՄԱԿ-ի կողմէ իրագործելու համար համար տարուայ դրոշմաթուղթը: Առաջինը՝ «Մեծարանք Գաղթականներ»ուն (Respect for Refugees 2000ին), իսկ երկրորդը՝ «Մարդկային Իրաւունքներ» (Human Rights, 2004ին): Ասկէ ետք անոր կը վստահուի նաեւ Grammy Awards-ի համաամերիկեան մրցանակաբաշխութեան խորհրդանշանի յղացումը: Իսկ 2009-ին իր մեծղի մէկ կտաւը (Light of Compassion) «Գթութեան Լոյսը» կը զետեղուի Bottocino Sera վերածնունդի շրջանէն մնացած տաճարին մէջ, ներկայութեամբ եւ օրհնութեամբ Պէնէտիքթ տասնվեցերորդ քահանայապետին:

Եուրոզի արուեստը անընդհատ եղափոխութեան ու վերանորոգման ընթացքի մէջ է, ան իր ընթացիկ կերպարներուն զուգահեռ ակսած է պատկերել չորցած ծառերով յագեցած սակայն գեղեցիկ ու արտայայտիչ անտառներ, որոնք արձագանքն ու շունչը կը հանդիսանան ժամանակի տիրող միջազգային տագնապներուն:

Իսկ Վահրամի արուեստը թէ իր բնոյթով եւ թէ ներշնչման աղբիւրներով կը տարբերակուի իբրեւ առանձին անհատականութիւն եւ ուրոյն դիմագիծ ունեցող արուեստի դպրոց:

Խորհրդային կարգերու փլուզման ժամանակաշրջանին, ռուս, ուքրանացի եւ հայ խումբ մը գեղանկարիչներ, յանկարծ նշմարեցին թէ ընդհանրական ստեղծագործական «գիծ» մը կայ բոլորին մօտ, որ կրնայ միացնել զիրենք իբրեւ յետ-խորհրդային գեղանկարիչներ: Այդ ընդհանրական «գիծ»ը անհեթեթի զգացողութիւնն էր գերիրապաշտ ոլորտներու վրայ: Վահրամ բնականաբար կը միանար այդ խումբին, իբրեւ «աւանկարտիսդներէն» մէկը: Ան ուսումնասիրելէ ետք (Սէնթ Բէթէրսպուրկի մէջ) վերածնունդի ռահվիրաներու արուեստի թէ արհեստագիտական եւ թէ գեղարուեստական կողմերը, կարճ ժամանակի ընթացքին գտաւ իր ստեղծագործական ինքնատիպ ուղին: և ցուցադրուելէ ետք շարք մը միջազգային փառատօներու ընթացքին, արժանացաւ յատուկ ուշադրութեան եւ գնահատանքներու: Նախ երկու հազար թուականին Ժնեւի PalExpo-ի մէջ, դատական մարմնի կողմէ ընտրուեցաւ աշխարհի քառասուն լաւագոյն գեղանկարիչներէն մէկը եւ ապա «Musee de l’Art Fantastique» զուիցերիական ժամանակակից թանգարանին կողմէ ընտրուեցաւ և արժանացաւ տարուայ լաւագոյն գեղանկարիչի տիտղոսին,որմէ ետք ‘’Midnight game’’Գեղանկարը սկսաւ ընդմիշտ ցուցադրուիլ թանգարանէն ներս : Այս բացառիկ յաջողութենէն ետք Վահրամ սկսաւ հրաւիրուիլ եւ ցուցադրուիլ աշխարհի այլ արուեստի կեդրոններու կողմէ եւ անոր գործերէն շատեր մտան նաեւ միջազգային դէմքերու յայտնի հաւաքածոներու մէջ, ինչպէս. Փէլէյի, Սինիորա եւ Այրթըն Սէննայի, ՃէյնՍէյմուրի, Էրիգ եւ Լէզա Լիտոյի, եւայլն:

Վահրամի գերիրապաշտութիւնը ուրոյն է եւ անշփոթելի, իր անհեթեթի շեշտուած զգացողութեամբ: Ան անմիջականօրէն կ’արձագանգէ իր միջավայրին եւ կեանքէն ստացած տպաւորութիւններուն՝ իբրեւ ժամանակի շունչի ու ոգիի գեղարուեստական դրսեւորում:

Նմանօրինակ երկու կայացած գեղանկարիչներու մուտքը Art Stage Singapore-ի նման միջազգային փառատօնի մը մէշ՝ նոր նուաճում մըն է թէ յիշեալ արուէստագէտներու համար և թէ Noah’s Ark-ի , որ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը ցուցադրելով հայ կերպարուեստը աշխարհի տարբեր արուեստի կեդրոններու մէջ:

Թղթակից


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.