ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը կը փորձէ 10 միլիոն տոլար ամերիկեան նպաստ ապահովել սուրիահայերուն համար


Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի մամուլի խօսնակ Էլիզապէթ Չուլճեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Հայ Դատի յանձնախումբը ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի Միացեալ Նահանգները պետական պիւտճէով 10 միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն յատկացնէ Սուրիայէն եւ Միջին Արեւելքէն Հայաստան հաստատուած 20 հազար հայ գաղթականներու:

 «Անցեալ տարի յատուկ հանդիպումներ ունեցանք Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան արտաքին օժանդակութեան բաժնի հետ, որ կը զբաղի փախստականներու վերաբնակեցման աշխատանքներով: Մեր մտահոգութիւնները յայտնեցինք, որ բաւարար օգնութիւն չի ցուցաբերուիր Սուրիայէն, Լիբանանէն Հայաստան հաստատուած գաղթականներուն: Մենք կը փորձենք լուծումներ գտնել, թէ ինչպէս կրնայ Ամերիկան օժանդակել, յատկապէս օգնել թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Հայաստանի մէջ այն ընտանիքներուն, որոնք վերաբնակեցուած են, օգնենք իրենց գոնէ բնակարանի վարձքի ծախսերը փակելու գծով», յայտնած է Չուլճեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.