Հայ Գործարարը 5000 Տոլար պիտի նուիրէ Արցախցի Ընտանիքի Մը Մէջ Ծնած 4-րդ Երեխային


Ռուսիա բնակող հայ գործարար Սամուէլ Կարապետեան այսուհետեւ 5000 տոլար պիտի տրամադրէ Արցախի իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ ծնած չորրորդ փոքրիկին:

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստին յայտնած է նախագահ Բակօ Սահակեան, Facebook-ի իր էջին գրած է վարչապետի խօսնակ Արտակ Բեգլարեանը:

Իբրեւ յետգրութիւն ան նաեւ տեղեկացուցած է հինգերորդ փոքրիկի առիթով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամն ու ԱՀ կառավարութիւնն ալ բնակարան պիտի յատկացնեն ընտանիքներուն…

«էնպէս որ գոնէ երրորդ երեխայից յետոյ արժէ վերաբնակուել Արցախում, սիրելի՛ ոչ արցախաբնակ ընկերներ»,- գրած է Արտակ Բեգլարեանը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.