Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Կ՚աջակցի նահատակ հայ զինուորի ընտանիքին


Paramus, NJ – 2015-ի Սեպտեմբեր ամսուն, Հայաստանի Տավուշի Մարզի Սահմանային գօտիին մէջ թշնամիի գնդակէն զոհուեցաւ պայմանագրային զինծառայող Հայկ Թեւոյեանը։

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Սերժ Սարգիսեանի հրամանով, յետ մահու Հայկ Թեւոյեանը պարգեւատրուեցաւ յատուկ մետալով, Հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան գործին մէջ իր ցուցաբերած խիզախութեան եւ արիութեան համար։

Հայկ Թեւոյեանի ընտանիքը կ՚ապրի Արագածօտնի Մարզի Նորաշէն գիւղին մէջ՝ չքաւորութեան ծայրահեղ վիճակի մէջ ։ Ընտանիքի միակ եկամուտը անոնց ստացած չքաւորութեան նպաստն է։ Հայկ Թեւոյեան ունի հինգ զաւակներ, որոնցմէ երեքը անչափահաս են։

Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը իմանալով Հայկ Թեւոյեանի ընտանիքին եւ անոնց կիսակառոյց եւ աղքատ բնակարանին մասին, ինչպէս նաեւ արջառի եւ գոմի չգոյութեան՝ որպէս սնունդի եւ եկամուտի աղբիւր (բացի մի քանի ոչխարներէ որոնք կը պահուին դուրսը՝բակին մէջ), ձեռնմուխ եղաւ տան վերանորոգման աշխատանքին։

ՊԷտք եղած նախահաշիւները ընելէ ետք, գիւղապետին եւ համագիւղացիներուն համագործակցութեամբ կազմուեցաւ աշխատանքի եւ ֆինանսաւորման ծրագիր։ 2015-ի Հոկտեմբերի կէսերուն սկսան շինարարական աշխատանքները եւ որպէս արդիւնք, նախկին երկու սենեակներու կողքին աւելցաւ երրորդ սենեակ մը, վերանորոգուեցաւ տան գաւիթը, խոհանոցը եւ բաղնիքը։ Այս բոլորին վրայ այժմ նորոգուած տունը ունի նաեւ եելեքտրական հոսանքի նոր համակարգ, մշտական հոսող ջուր եւ կոյուղի:

Մինչ վերանորոգման աշխատանքները գործընթացի մէջ էին, ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան, որ այդ շրջանին Հայրենիք կը գտնուէր, այցելեց Թեւոյեաններու ընտանիքը, Ընկերակցութեան այլ ներկայացուցիչներու հետ, իրենց հետ բերելով կարգ մը անհրաժեշտ նուէրներ ընտանիքին համար։ Քննելէ ետք կիսաքանդ տան եւ ընտանիքի չքաւոր վիճակը, Պրն. Խանճեան իր զրոյցին մէջ ըսաւ.- «Ընկերակցութեան ցանկութիւնն է որ պահպանուի այս օջախին ջերմութիւնը։ Մեր լաւագոյնը պիտի ընենք որպէսզի Հայկի կինն ու իր զաւակները ունենան յոյս՝ աւելի լաւ ապագայի մը համար»։

 

 

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը գիտակցելով Հայրենիքի սահմանամերձ գիւղերու բնակչութեան ամէնօրեայ պայքարին, թշնամի գօտիէն անընդհատ կրակահարումներուն, եւ անոնց դիմակալած կեանքի եւ մահուան որոշումներուն՝ ապահովելու համար իրենց բնականոն կեանքն ու զբաղումները, իր ծրագիրներուն մէջ ներգրաւած է այս գիւղերու կեանքի որակը բարելաւելու տարբեր ծրագիրներ։ Այլեւայլ օգնութիւններու կողքին, անցեալ տարի, ԱՀԱԸ-ի Աւստրալիոյ մասնաճիւղին աջակցութեամբ կառուցուեցաւ նոր խաղահրապարակ մը սահմանամերձ Չորաթան գիւղի մանկապարտէզին համար։ Նման ծրագիրներ կրնան բարելաւել կեանքի որակը ծանր իրավիճակի մէջ ապրող սահմանամերձ գիւղերու մեր հայրենակիցներուն, որոնք պատնէշի վրայ կը մնան պահպանելու Հայրենիքի սահմանները։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.