Քարիւղի Գինին Անկումը կ’ընկղմէ Ազրպէյճանի Տնտեսութիւնը


Կիւլնար Սալիմովա kyivpost.com կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ , որ Ազրպէյճանի մէջ խանութները մէկ առ մէկ կը փակուին , ապրանքներու գիները կը բարձրանան, ամսականներու վճարումը կ’ուշանայ եւ մարդիկ խուճապի մատնուած են։

Ազրպէյճանի ազգային դրամանիշը՝ մանաթը արագ կերպով կ’արժեզրկուի։ Կ՚արժեցրկուի նաեւ քարիւղը, որ Ազրպէյճանի արտածումներուն 94 առ հարիւրն է եւ պիւտճէին 73 առ հարիւրը։ Դրամանիշը տոլարին դիմաց իր արժէքին մեծամասնութիւնը կորսնցուց, երբ կառավարութիւնը երկրին օտարդ դրամանիշերու պահեստին կէսը սպառելէ ետք դադրեցաւ աջակցիլ մանաթին։

Գնաճին եւ ամսականներու վճառման ուշացումներուն դէմ բողոքի առաջին ցոյցերը տեղի ունեցան Լանքարան, Ակժապատը եւ Սիյազան քաղաքներուն մէջ։ Երկրին բռնապետ նախագահ Իլհամ Ալիեւի կը թուի ժողովուրդը փրկելու ծրագիր մը չունենալ եւ կը միայն կ’ըսէ թէ գիներու վերահսկողութիւն պիտի հաստատէ։ Տնտեսագէտ Նաթի Ժաֆարլի նախագահին ներկայ կացութեան դիմաց նախագահին վերաբերմունքը կոչեց ”սովետական վարչագիտութիւն”։

Ալիեւի մարդկային իրաւանց մարզի մէջ արձանագրած թերութիւնները կը նշանակեն, որ Ազրպէյճան չի կրնար այլ երկիրներու նման Եւրոպական միութեան կողմէ օժանդակութեան վստահիլ։

Յունուար 11-ին քարիւղի մէկ տակառի գինը նուազեցաւ 31 ամերիկեան տոլարի, մինչ անոր արտադրութիւնը Ազրպէյճանին կ’արժէ 11 ամերիկեան տոլար։ Այս ընթացքով, կառավարութիւնը դժուարութիւն պիտի ունենայ ֆինանսաւորել Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծին նման ծրագիրներ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.