Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակման պուրակ Թորոնթոյի մէջ


19 Դեկտեմբեր 2015-ին, Մեծն Թորոնթոյի շրջանի Մարքըմ քաղաքին մէջ կայացաւ հայկական ցեղասպանութեան յիշատակման պուրակի հողօրհնէքը: Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմնի Օնթարիոյի կազմի ջանքերուն շնորհիւ, Մարքըմի քաղաքապետութիւնը տրամադրած էր հողաշերտ՝ յառաջացնելու համար յատուկ ձեւաւորումով պուրակ մը, որպէսզի անոր ընդմէջէն փոխանցուի վերապրումի եւ վերընձիւղման խորհուրդը: Համայնքի եւ քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներու ներկայութեան, քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթի պուրակը կոչեց «Յոյսի պուրակ»: Ծառատնկումի աշխատանքները պիտի սկսին գարնան հետ, այս տարուայ Մայիսին: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.