Հենրիխ Մխիթարեան` ՖԻՖԱ-ի Շաբթուան Խորհրդանշական Հաւաքականին Մէջ


heno_121015f

Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ընդգրկուեցաւ “EA Sports FIFA Ultimate Team”-ին` խորհրդանշական հաւաքականին մէջ, յայտնեց երէկ ArmSport.am:

Նշենք, որ այս շաբթուան ընթացքին Մխիթարեան մասնակցեցաւ Վոլֆսպուրկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին` դառնալով 2 կոլի փոխանցման հեղինակ, որուն շնորհիւ Տորթմունտ յաղթեց 2-1 արդիւնքով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.