Սիւնիքի գիւղերը ազերի-թաթարներու յարձակումներէն փրկեց Գոմսայ Կորիւնը


1905–06-ին Սիւնիքի եւ հայկական այլ բնակավայրերու մէջ սկիզբ առին հայ-թաթարական կռիւները։ Կապանի, Սիսիանի, Բարգուշատի, եւ Արեւիկի շրջաններուն մէջ, հայ-ազերիական կռիւներուն ատեն, բազմաթիւ հայ գիւղեր դաշնակցական ֆիտայապետ ԳՈՄՍԱՅ ԿՈՐԻՒՆին կը պարտին իրենց կեանքը: Կորիւն ոչ թէ պաշտպանողական միջոցներով, այլ շեշտակի յարձակումներով կ՛ապահովէ հայ գիւղերը, թաթար-ազերիները պահելով սարսափի մէջ: Իբր երախտագիտութիւն, այդ լեռնային ժողովուրդը իր նորածին մանուկները կ՛անուանէր Հարօ կամ Կորիւն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.