Թուրքիոյ դաւադիր մեղսակցութիւնը` Իսլամական պետութիւն ահաբեկչական կազմակերպութեան


Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դաւադիր մեղսակցութիւնը` Իսլամական պետութիւն կոչուած ահաբեկչական կազմակերպութեան գործողութիւններուն, կրնայ չնկատուիլ միա՛յն քաղաքական այլ հաշիւներով այդ իշխանութեանց հետ համագործակցելու տրամադրութիւն ունեցողներուն կողմէ:

 Մեր աշխատակիցները բազմիցս ակնարկած են այդ ոճրային գործակցութեան, որուն վերջին ապացոյցը աշխարհին առջեւ պարզուեցաւ` ռուսական ռազմական օդանաւին կործանումով:

Դէպքէն առաջ գրուած Նազարէթ Պէրպէրեանի յօդուածը այսօր ստացած է առաւե՛լ այժմէականութիւն:

 

Իսլամական պետութիւն կոչուած ծայրայեղ արմատականներու նոյեմբեր 13-ի մոլեգնութիւնը, անհաւատալի անխղճութեամբ իր խլած հարիւրաւոր զոհերով, վստահաբար երկար ժամանակ մղձաւանջը պիտի մնայ քաղաքակիրթ մարդկութեան:

Դժուար է պատկերացնել, թէ իսլամական կրօնի անունով Փարիզի մէջ կատարուած ինքնասպանական գործողութիւնները` անգթօրէն խլելով կեանքը պատահական մարդոց, նաեւ` մոլեռանդութեամբ վերջ տալով սեփական կեանքին, կրնան իրապէ՛ս կապ ունենալ կրօնական հաւատքի եւ մարգարէի ուսմունքին հետ:

Նաեւ, պարզապէս անհեթեթ կը հնչէ, մահ ու սարսափ սփռած փարիզեան արիւնահեղութիւնները արդարացնելու համար,  Իսլամական պետութեան տարածած քարոզչական այն պնդումը, թէ անոնք պատժիչ գործողութիւններ էին եւ հակադարձ պատասխան… քրիստոնեայ աշխարհի խաչակրաց արշաւանքներուն:

Եթէ այս աստիճան ծանր ու ցնցիչ չըլլար փարիզեան ողբերգութիւնը, հաւանաբար միջազգային հանրութիւնը հեգնախառն արգահատանքով նայէր պատահածին ու անցնէր իր հոգերուն, որոնք ամէնուր տագնապի մատնած են մերօրեայ մարդկութիւնը, ի՛նչ սեռի կամ գոյնի, ցեղի կամ կրօնի, ազգի կամ դաւանանքի պատկանին միջազգային ընտանիքը բաղկացնող հասարակութիւնները:

Մանաւանդ որ փարիզեան արհաւիրքէն շատ աւելի մահացու, այլեւ անհամեմատօրէն օրհասական հարուածի տակ յայտնուած ժողովուրդներ եւ երկիրներ արդարօրէն իրաւունք ունին դժգոհելու, որ հարիւր հազարաւոր զոհեր կը խլուին իրենց շարքերէն, բայց միջազգային ընտանիքը, Պիղատոսի պէս ձեռքերը լուալով, կը բաւարարուի` դատապարտանքի բարոյական դասեր տալով…

Ամէն պարագայի, քաղաքակիրթ մարդկութեան հետ նաեւ հայ ժողովուրդը զարհուրանքով ու անձկութեամբ կը հետեւի փարիզեան ողբերգութեան հաւանական մտահոգիչ հետեւանքներու յաղթահարման ճիգերուն: Այլեւ` ակնդէտ կը սպասէ միջազգային հանրութիւնը ղեկավարող մեծապետական ուժերու համախոհութեան, որպէսզի իրենց մատը բուն ՉԱՐԻՔ-ին վրայ դնեն եւ համապատասխան դարմանը գտնեն Իսլամական պետութիւն անունին տակ թաքնուած ուժերու հրահրած իսլամի եւ քրիստոնեայի քաղաքակրթական ձախաւեր թշնամանքին ու հակամարտութեան:

Հայ քաղաքական միտքի օրակարգը այն չէ, որ միջազգային հանրութիւնը ա՜յս աստիճան զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ Ֆրանսային` անոր գլխուն պայթած Իսլամական պետութեան պատուհասին լուծում տալու գօտեմարտին մէջ:

Մեր խնդիրը այն է, որ կ՛ուզենք ամբողջապէս եւ անվերապահօրէն զօրավիգ կանգնիլ Ֆրանսայի ու բոլոր այն ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն, որոնք թիրախ կը դառնան մոլեռանդ ու կամակոր ուժերու, որոնք կ՛ուզեն արդարութիւնն ու իրաւունքը կապել իրենց… սուրի ծայրին:

Չենք մոռնար, ոչ ալ կ՛անտեսենք անշուշտ, որ այժմու նոյեմբեր 13-ի Ֆրանսան յայտնուած է ճիշդ այն կացութեան մէջ, որուն մատնուեցան նոր աշխարհակարգը այսօր ղեկավարող Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, երբ սեպտեմբեր 11-ի տխրահռչակ պենլատենեան գրոհը գործուեցաւ Նոր Աշխարհի պորտին վրայ…

Ազգային ինքնահաստատման դժուարին ուղի կտրող ազգերն ու հասարակութիւնները, որոնց շարքին` որոշապէս հայ ժողովուրդը, անշուշտ լաւապէս կը գիտակցին, որ «Հին» թէ «Նոր» աշխարհի ղեկավար մեծապետական ուժերը անմեղ չեն այն բոլոր զարգացումներէն, որոնք զոյգ աշխարհամարտներու բռնկումին եւ միլիոնաւոր մարդոց սպանդին պատճառ դարձան:

Մեծապետական նոյն այդ գաղթատիրութեան եւ ծաւալապաշտութեան պատճառով է, որ ինչպէս աշխարհի ամբողջ տարածքին, նոյնպէս եւ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ահա՛ դարերէ ի վեր եւ մանաւա՛նդ այսօր կը մղուի իսլամական աշխարհը կառավարելի պահելու հետեւողական ռազմավարութիւն մը, որուն անյարիր չեն մաքիավելեան` բաժնելու եւ տիրելու սադրանքները:

Այդ բոլորը արդարացում չեն կրնար ըլլալ կրօնապաշտական այն մոլեգնութեան համար, որ 21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակին կը գալարուի քրիստոնեայ աշխարհին դէմ իսլամական «զայրոյթ»-ը շղթայազերծելու կատաղութեամբ:

Ամէն շարժումի, բնութեան օրէնքով իսկ, կը հետեւի հակադարձ շարժումը եւ, այս պարագային, Իսլամական պետութեան հակաքրիստոնէական մոլուցքին անխուսափելիօրէն պիտի հակադարձէ քրիստոնեայ աշխարհի հակամահմետական «խաչակրութիւն» մը:

Ինչպէս պապը կ՛ահազանգէ` զոյգ կրօններու նման հակադրութիւնը ամէնէն կարճ ճամբան է Գ. Աշխարհամարտի բռնկումին:

Ահազանգին զգօնութեամբ հետեւելու եւ վտանգի դիմագրաւման պատրաստ գտնուելու մասնայատուկ պատճառ ունի մեր ժողովուրդը, որովհետեւ փարիզեան ողբերգութեան գլխաւոր, այլեւ սադրիչ անյայտը նոյնինքն ցեղասպան թրքական պետութեան կողմէ օսմանեան երբեմնի փառքը վերականգնելու ցնորամտութիւնն է:

19-րդ դարու ամբողջ երկայնքին մեծապետական աշխարհը աչքի լոյսի պէս գուրգուրաց «Հիւանդ մարդ»-ուն` Օսմանեան կայսրութեան վրայ, որովհետեւ անոր անկումէն առաւելագոյնս օգտուելու պատեհապաշտութիւնը մղիչ ուժը դարձաւ իւրաքանչիւր մեծ պետութեան վարած արտաքին քաղաքականութեան:

Ա. Աշխարհամարտին փուլ եկած Օսմանեան կայսրութեան անդամահատումէն շուրջ հարիւր տարի ետք, թրքական պետութիւնը ահա մեծապետական մրցապայքարի ասպարէզ իջած է` ոչ միայն միեւնոյն խաղը ինք եւս լաւ խաղալու ինքնավստահութիւն եւ ուժ դրսեւորելով, այլեւ խաղականոնները իրեն յարմարցնելու կամք եւ մարտունակութիւն դրսեւորելով:

Ինչ որ Թալէաթ չկրցաւ իրագործել հարիւր տարի առաջ եւ իր ձախողութեամբ արագացուց անդամահատումը Օսմանեան կայսրութեան, Էրտողան ահա կը փորձէ, 21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակին, վերստին ոտքի հանել եւ բան մըն ալ աւելիով` հայեացքը մինչեւ Փաքիստան սեւեռելով:

Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան թերեւս անվիճելի հիմքեր ունին, որպէսզի արհամարհանքով նային էրտողանեան Թուրքիոյ մեծապետական նկրտումներուն:

Բայց Ֆրանսայի գլխուն եկած փորձանքը նոյնիսկ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի համար բաւականաչափ հնչեղ ահազանգ է, որպէսզի ոչ ոք անձնատուր ըլլայ թրքական վտանգը արհամարհելու պերճանքին:

Ով չի գիտեր` այլեւս պէ՛տք է գիտնայ, որ Իսլամական պետութիւնն ու թրքական իսլամութիւնը միեւնոյն չարիքի մետալին զոյգ երեսներն են:

Որքան կը մոլեգնի ու վտանգաւոր կը դառնայ Իսլամական պետութիւնը, այնքան կ՛արժեւորուին բաժնեթուղթերը… թրքական չափաւոր իսլամականութեան:

Իսկ որքան երկարին եղունգները Էրտողանի իսլամ չափաւորականութեան, այնքան կը բացուի ախորժակը… Իսլամական պետութեան հակաքրիստոնէական մոլեգնութեան:

Թերեւս շատեր մոռցած են կամ չեն յիշեր, բայց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայութիւնը բնաւ չի կրնար մտահան ընել, որ Ա. Աշխարհամարտի վերիվայրումներուն օրինակով` թրքական պետութիւնը միշտ կը սպասէ միջազգային խառնակ պահերու, նոյնիսկ կը նախապատրաստէ զանոնք, որպէսզի առիթէն օգտուելով` կարենայ պղտոր ջուրի մէջ իր ձուկը որսալ…

Փարիզեան ողբերգութեան գլխաւոր, այլեւ սադրիչ անյայտը կը գտնուի թրքական պետութեան մօտ:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.