«Գերմանիոյ Պատասխանատուութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ» Գիրքի Շնորհանդէս Սթամպուլի Մէջ
Գերմանացի լրագրող, գրող Եուրգեն Կոտշլիգը Դեկտեմբեր 2-ին Սթամպուլի մէջ կը ներկայացնէ իր «Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մէջ» գիրքը:
Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Demokrat haber» լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, որ գիրքի շնորհանդէսին ժամանակ գրողը հատուածներ պիտի կարդայ գիրքէն, ապա պիտի պատասխանէ ներկաներու հարցերուն:
Գիրքը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս Գերմանիան, որ կը ցանկանար Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ իր տիրապետութիւնը հաստատել Արեւելքի մէջ, Թուրքիան ներքաշեց պատերազմի մէջ: Կայսրութեան բանակին մէջ ծառայող գերմանացի զինուորները հայերը լրտես եւ դաւաճան կը համարէին: Իսկ երբ հայերուն բռնի տեղահանութիւնը ցեղասպանութեան վերածուեցաւ, գերմանական կառավարութիւնը գտաւ, որ միլիոնաւոր մարդոց կոտորածը «դաժան, սակայն արդիւնաւէտ մեթոդ է»: Ըստ հեղինակին` Գերմանիան անտեսած է հայերուն դէմ կատարուող վայրագութիւններուն վերաբերեալ դիւանագէտներու եւ հոգեւորականներու մտահոգութիւնները:
Եուրկեն Կոտշլիգը գիրքը գրելու համար այցելած է այն վայրերը, ուր տեղի ունեցած են դէպքերը, հանդիպած է ցեղասպանութեան զոհերու հարազատներու հետ, ուսումնասիրած է գերմանական եւ թրքական արխիւները: