Ճատրակ. Եւրոպայի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Հանդիսացաւ Փոխախոյեան


chess-final_112315

Նախորդ շաբաթավերջին Իսլանտայի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը:

Հայաստանի տղոց հաւաքականը վերջին հանգրուանին վստահ յաղթանակ արձանագրելով Վրաստանի դէմ (3-1), ապահովեց 13 կէտ: Նոյնքան կէտ ապահովեցին նաեւ Ֆրանսա եւ Հունգարիա:

Սակայն լրացուցիչ կէտերով Հայաստանի հաւաքականը հանդիսացաւ երկրորդ, մինչ Հունգարիա եւ Ֆրանսա յաջորդաբար գրաւեցին 3-րդ եւ 4-րդ դիրքերը:

15 կէտով ախոյեան հանդիսացաւ Ռուսիա, որ այս մրցաշարքին վերջին անգամ տիտղոսակիր դարձած էր 2007-ին:

Վրաստանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Լեւոն Արոնեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան յաղթանակ արձանագրեցին, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հրանդ Մելքումեան` հաւասարութիւն:

Անդրադառնալով այս ախոյեանութեան` ArmSport.am կը յայտնէ, որ այս մրցաշարքին Հայաստանի տղոց հաւաքականէն ամէնէն արդիւնաւէտ ճատրակ խաղացողն էր Հրանդ Մելքումեան, որ մասնակցելով բոլոր հանգրուաններուն պարտութիւն չկրեց եւ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 6,5 կէտ:

Գաբրիէլ Սարգսեան միայն 5-րդ հանգրուանին չմասնակցեցաւ: Ան իր կարգին պարտութիւն չկրեց եւ առաւելագոյն 8 կէտէն ապահովեց 5,5 կէտ:

Հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան արձանագրեց 5 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրեց 2 պարտութիւն:

Սակայն տպաւորիչ արդիւնքներ չկրցաւ արձանագրել Սերկէյ Մովսիսեան, որ արձանագրեց 3 յաղթանակ, 1 հաւասարութիւն եւ կրեց 3 պարտութիւն:

Հաւաքականին նորեկը` Կարէն Գրիգորեան, մասնակցեցաւ 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ հանգրուաններուն` կրելով պարտութիւն մը եւ արձանագրելով 2 հաւասարութիւն:

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, Ռուսիա իր կարգին հանդիսացաւ ախոյեան` ապահովելով 17 կէտ: Յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Ուքրանիա (15 կէտ) եւ Վրաստան (14 կէտ):

Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը 10 կէտով գրաւեց 11-րդ դիրքը:

Լիլիթ Մկրտչեան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 6 կէտ: Մարիա Քուրսովա եւս յաջող ելոյթ ունեցաւ եւ որեւէ պարտութիւն չկրեց:

Հաւաքականին անյաջողութեան պատճառներէն մէկը յառաջատար Էլինա Դանիէլեանի անվստահ խաղն էր: Ան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 3 կէտ` արձանագրելով 2 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրելով 5 պարտութիւն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.