Ստեփանակերտի պատասխանը. Նախկին սահմաններուն վերադարձ պիտի չըլլայ


Նախ­կին սահ­ման­նե­րուն վե­րա­դարձ պի­տի չըլ­լայ: Այս մա­սին յայ­տա­րա­րեց Լ.Ղ.Հ. Նա­խա­գա­հի մա­մու­լի քար­տու­ղար ­Դա­ւիթ ­Բա­բա­յեան` NEWS.amի խնդրան­քով, մեկ­նա­բա­նե­լով՝ եօթ շրջան­նե­րու հետ կա­պո­ւած Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­կի խում­բի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ ­Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի յայ­տա­րա­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ ԱՓԱի հրա­պա­րա­կած տե­ղե­կու­թիւ­նը: ­Դա­ւիթ ­Բա­բա­յեա­նի խօս­քով, ատըր­պէյ­ճա­նա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը յա­ճախ այդ­պի­սի տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը հրա­պա­րա­կեն, իսկ եր­բեմն այն­քան կը տա­րուին, որ միջ­նորդ­նե­րուն «Ատր­պէյ­ճա­նին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը վե­րա­դարձ­նե­լու մա­սին» յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կը վե­րագ­րեն: «Այս դէպ­քում այն, որ այդ­պի­սի տե­ղե­կու­թեան աղ­բիւրն ատր­պէյ­ճա­նա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներն են, ինք­նին կաս­կած է յա­րու­ցում»,- նշած է ­Դա­ւիթ ­Բա­բա­յեան: ­Միա­ժա­մա­նակ, ան ընդգ­ծած է, որ 1920-21 եւ 1988-91 թո­ւա­կան­նե­րու սահ­ման­նե­րուն վե­րա­դարձ պի­տի չըլ­լայ:

«Այդ սահ­ման­նե­րում ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը չի կա­րող որ­պէս ինք­նիշ­խան պե­տու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նե­նալ: ­Դա հա­մա­կենտ­րո­նաց­ման ճամ­բար է: ­Մենք այդ­պի­սի ճամ­բա­րում ապ­րե­լու փորձ ու­նենք: Ա­ւե­լին, դա Ատր­պէյ­ճա­նին կը մղի ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի, իսկ յե­տոյ` նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի դէմ լայ­նա­ծա­ւալ ագ­րե­սիա­յի: Այդ պատ­ճա­ռով նախ­կին սահ­ման­նե­րին վե­րա­դարձ չի լի­նի»,- ընդգ­ծած է ­Դա­ւիթ ­Բա­բա­յեան:

ԱՓԱ գոր­ծա­կա­լու­թեան հրա­պա­րակ­ման հա­մա­ձայն, ­Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայ­տա­րա­րած է, թէ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի 7 շրջան­նե­րը Ատր­պէյ­ճա­նի վե­րահս­կո­ղու­թեան վե­րա­դարձնե­լը հա­կա­մար­տու­թեան հա­կա­կող­մա­նի կար­գա­ւոր­ման մաս կը կազ­մէ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.