«Լաւրով Հայաստան Եկած Էր Օգնութեան Խնդրանքով», Կ՚ըսէ քաղաքական վերլուծաբան Հրանտ Մելիք-Շահնազարեան


Քաղաքագէտ Հրանտ Մելիք-Շահնազարեան tert.am-ի հետ զրոյցի մէջ անդրադառնալով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւորովի հայաստանեան այցելութեան, ատոր շուրջ մամուլի մէջ տեղ գտած մեկնաբանութիւններուն, կ՚ըսէ, որ շրջանառուող բոլոր տեսակէտները հիմնուած են բացառապէս զանոնք արտայայտողներու անձնական կարծիքին վրայ։ Ըստ քաղաքագէտի, այս այցելութեան օրակարգին վրայ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը երկրորդական նշանակութեան հարց էր, եւ Լաւրովի այցելութիւնը պէտք է աւելի լայն համաթեքստի մէջ դիտել, այսինքն՝ Միջին Արեւելքի սուրիական հակարմատութեան ծիրին մէջ։ Ան նաեւ կ՚ըսէ, որ Ռուսիոյ առաւել քան երբեք անհրաժեշտ է միջազգային ընտանիքի աջակցութիւնը, եւ հայաստանեան այցելութիւնը այդ աջակցութիւնը ստանալու փորձ է։

– Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի այցելութիւնը Հայաստանի տարբեր մեկնաբանութիւններու առիթ տուած է հայկական եւ ռուսական լրատուամիջոցներուն։ Քննարկումներու հիմնական առանցքը ազրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման կը վերաբերի։ Ըստ ձեզի, Լաւրովի սկիզբը Ազրպէյճան, ապա Հայաստան կատարածայցելութիւնը ի՞նչպիսի անդրադարձ պիտի ունենայ բանակցային հոլովոյթին վրայ։

– Մամուլի մէջ շրջանառուող բոլոր տեսակէտները հիմնուած են բացառապէս զանոնք արտայայտող հեղինակներու անձնական կարծիքին վրայ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի եւ նախագահի հետ Լաւրովի հանդիպումին հետեւած ոչ մէկ յայտարարութիւն չի խօսիր այն մասին, թէ բանակցային հոլովոյթին վերաբերող որեւէ նոր համաձայնութիւն կամ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է։ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ընդամէնը վերահաստատած է Մոսկուայի այն դիրքորոշումը, որ հարցը պէտք է քննարկուի բացառապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ։ Ասիկա ոչ միայն Ռուսիոյ, այլ նաեւ միջնորդ այլ երկիրներու՝ Ֆրանսայի ու Միացեալ Նահանգներու անփոփոխ մօտեցումն է, որուն կը հակառակի Ազրպէյճանը եւ ճիշդ այդ պատճառով կ՚արդանանայ անոնց քննադատութեան։ Բայց ատիկայ չի վկայեր այն մասին, որ Մոսկուան նոր առաջարկներ ունի հակամարտող կողմերուն, առաւել եւս՝ կը փորձէ որոշ բաներ պարտադրել Հայաստանին կամ Ազրպէյճանին։ Համոզուած եմ, որ ռուսական մամուլին մէջ յայտնուած այդպիսի ակնարկները ընդամէնը հեղինակներու երեւակայութեան արդիւնքն է։ Աւելին, համոզուած եմ, որ Սերկէյ Լաւրովի վերջին այցելութեալ օրակարգին վրայ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը երկրորդական, եթէ չըսենք՝ երրորդական նշանակութեան հարց էր։

– Այդ պարագային ո՞րն էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի երեւանեան այցելութեան հիմնական նպատակը։

– Միջին Արեւելքը։ Աւել ճիշդ, այն հոլովոյթները, որոնք այսօր տեղի կ՚ունենան այդ տարածաշրջանին մէջ։ Ինչպէս գիտէք, Մոսկուան աշխոյժ կերպով ներգրաւուած է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող քաղաքացիական պատերազմին եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարին մէջ։ Հասկանալի է, որ Ռուսիոյ այդպիսի որոշումը թելադրուած եղած է կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ որոշ խնդիրներ լուծելու անհրաժեշտութեամբ։ Խօսքը նախ եւ առաջ կը վերաբերի կարեւոր այդ տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ դաշնակիցին՝ Պաշշար Ասատին օգնելու եւ անոր իշխանութիւնը փրկելու Մոսկուայի ցանկութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ ազդեցութեան մեծացման։ Բայց այդպիսի խնդիրները կարելի չէ լուծել միայն ռազմական ուժով, առաւել եւս՝ օդային հարուածներով։ Այստեղ պէտք են քաղաքական որոշումներ, զորս կեանքի կոչելու համար Ռուսիոյ առաւել քան երբեք անհրաժեշտ է միջազգային ընտանիքի աջակցութիւնը։ Ահա թէ ինչու կը շրջագայի Լաւրովը տարբեր երկիրներ՝ փորձելով ստանալ այդպիսի աջակցութիւն։

– Կը կարծէ՞ք, որ Ռուսիան ունի Հայաստանի օգնութեան կարիքը։

– Հայաստանը ՀԱՊԿ (Հաւաքական անվտանգութեան մասին Պայմանագրի կազմակերպութիւն) եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ երկիր է։ Աւելին, թէ՛ առաջին եւ թէ՛ երկրորդ կառոյցներուն մէջ շուտով պիտի նախագահէ ինքնին Հայաստանը։ Մոսկուայի համար չափազանց կարեւոր է, որպէսզի իր ամէնէն մտերիմ դաշնակիցները համոզուած ըլլան Միջին Արեւելքի մէջ իր կատարած քայլերու ճշմարտացիութեան մէջ եւ աջակցին անոր այդ գործունէութեան։ Առանց ատոր, Ռուսիան պարզապէս չի կրնար այդպիսի աջակցութիւն ստանալ այլ երկիրներէ։ Ասիկա շատ կարեւոր է հասկնալ։ Այո, Լաւրովը Հայաստան եկած էր օգնութեան խնդրանքով եւ բացայայտ խօսած ատոր մասին։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի Երեւանի մէջ կատարած բոլոր յայտարարութիւնները ատոր մասին կը խօսին։ Ան կը փորձէր վստահեցնել Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ Միջին Արեւելքի մէջ մենք ունինք ընդհանուր շահ՝ քրիստոնեայ ժողովուրդներու անվտանգութիւնը։ Բացի այդ, յստակ ըսած է այն մասին, որ տարբեր միջազգային կառոյցներու մէջ Մոսկուան ունի իր դաշնակիցներու աջակցութեան կարիք։

– Ո՞րն է, ի վերջոյ, Ռուսիոյ հիմնական նպատակը Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ։

– Ի հարկէ, Ռուսիոյ համար աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան տարածումը չափազանց կարեւոր է այդ տարածաշրջանին մէջ։ Այս խնդիրի լուծման համար պաշտօնական Մոսկուան կ՚ուզէ ի դէմս ռուս-իրանեան-չինական-սուրիական դաշինքի Միջին Արեոելքի մէջ հակակշիռ ստեղծել Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ հանդէս եկող արեւմտեան պլոքին։ Այսինքն՝ ռազմական գործողութիւններուն զուգընթաց Քրեմլինը նաեւ աշխարհաքաղաքական շահեր կը հետապնդէ այնտեղ՝ փորձելով կարելի եղածին չափ ամրապնդել նաեւ յարակից տարածաշրջաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող ներուժները։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.