ՀՅԴ-ն Հրապարակեց «Այո՛»-ն Բացատրող Գրքոյկը. Նոր Սահմանադրութիւն, Նոր Սկիզբ


ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրատարակած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան բարեփոխումներու հանրաքուէի իր «Այո՛»-ն բացատրող գրքոյկը, որուն մէջ ըսուած է.

«Հայաստանի մէջ չես գտներ որեւէ մարդ (բացի քանի մը հոգիէն), որ փոփոխութիւն չի ցանկար ու չի պահանջեր: ՀՅ Դաշնակցութեան համոզումով, փոփոխութիւնը պէտք է ըլլայ խորքային ու համակարգային: Յատկապէս այդպիսին է կառավարման համակարգը արմատապէս փոխելը` կիսանախագահականէն անցում կատարելով խորհրդարանական համակարգի: Անձ մը միւսով փոխարինելը ոչինչ կու տայ:

«Սիրելի՛ հայրենակից, այս քանի մը էջերուն մէջ կը փորձենք հանրամատչելի կերպով ներկայացնել այսօր գործող համակարգի բացերը եւ նոր սահմանադրութեան առաւելութիւնները:

«Կարելի է արձանագրել, որ 6 դեկտեմբեր 2015-ին հանրաքուէի դրուած սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծին մէջ ամրագրուած են ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնական բոլոր մօտեցումները:

«Ներկայացնելով սահմանադրական փոփոխութիւններու քանի մը հարցեր եւ լուծումներու առնչութեամբ մեր պատկերացումները` յոյս ունինք, որ անոնք կ՛օգնեն քեզ, յարգելի՛ ընտրող, մասնակցելու 6 դեկտեմբեր 2015-ի հանրաքուէին եւ վճռական «Այո՛» ըսելու նոր Սահմանադրութեան:

«Սիրելի՛ հայրենակից,

«6 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք հանրաքուէին ընթացքին դո՛ւն պիտի որոշես, թէ ինչպիսի՛ Հայաստանի մէջ կ՛ուզես ապրիլ»:

Ներբեռնել ՀՅԴ բուկլետը PDF


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.