Յասմիկ Պապեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած համերգով հանդէս եկաւ Թորոնթոյի մէջ


Թորոնթոյի «George Weston recital» համերգասրահին մէջ Նոյեմբեր 7-ին կայացաւ «Մի մոռնար զիս» խորագիրով համերգը` նուիրուած  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Թորոնթոյի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ երեկոյի ընթացքին ելոյթ  ունեցան սոփրանօ Յասմիկ Պապեան ու ջութակահարուհի Նունէ Մելիքեան:

Համերգին ընթացքին Նուրհան Արմանի ղեկավարած նուագախումբը կատարեց Էդուարդ Միրզոյեանի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի, Արամ Խաչատրեանի, Տիգրան Մանսուրեանի եւ Վաչէ Շարաֆեանի ստեղծագործութիւնները: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.