Դաւիթ Աւանէսեան` WBA-ի Ժամանակաւոր Տիտղոսակիր


avanessyan_110815

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայ կռփամարտիկ Դաւիթ Աւանէսեան երէկ Մոնաքոյի մէջ պարտութեան մատնեց վենեզուելացի Չարլի Նաւարոն:

ArmSport.am կը հաղորդէ, որ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Աւանէսեան դարձաւ կռփամարտի միջազգային կազմակերպութեան (WBA) ժամանակաւոր տիտղոսակիր:

Այսպիսով, Աւանէսեան դարձաւ WBA-ի կանոնաւոր ախոյեանութեան տիտղոսի յաւակնորդ:

Նշենք, որ ներկայիս ախոյեանի կոչումը կը պատկանի ամերիկացի Քիտ Թուրմանի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.