Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան` Աշխարհի Պատանիներու Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիր


haig-mardirossyan_110615

Յունաստանի Խալքիտիքի շրջանին մէջ գտնուող Փորթօ Քարաս ծովափնեայ քաղաքին մէջ աւարտեցաւ աշխարհի ճատրակի 8-18 տարեկան պատանիներու եւ աղջիկներու ախոյեանութիւնը, կը յայտնէ ArmSport.am լրատուական կայքը:

Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողներուն մէջ ամէնէն փայլուն արդիւնքը արձանագրեց 16 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան մասնակցած Հայկ Մարտիրոսեան, որ ապահովեց 8,5 կէտ` առաւելագոյն 11 կէտէն:

Թէեւ ան բաժնեց 2-4 դիրքը, սակայն լրացուցիչ ցուցանիշներով հանդիսացաւ 3-րդ եւ տիրացաւ պրոնզ մետալին:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.