Սիտնիի մէջ կը տեղադրուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած խաչքար


Նոյեմբեր 8-ին Աւստրալիոյ Ուիլոուպի (Սիտնի) քաղաքին մէջ, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Հայկազուն եպիսկոպոս Նաճարեանի բարձր հովանիի ներքոյ տեղի կ’ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած Յիշատակի խաչքարի բացման եւ օրհնութեան արարողութիւն:

Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը  տեղեկանայ Սիտնէյի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ ֆէյսպուքեան էջէն:

Ձեռնարկը պիտի իրականացուի Սիտնէյի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ եւ Ուիլոուպի քաղաքային խորհուրդի համագործակցութեամբ:

Աւելցնենք, որ 2015 թուականի Մայիսին Աւստրալիոյ Ուիլոուպի քաղաքի քաղաքային խորհուրդը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ  ընդունած էր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.