Լիբանանահայութեան Ընտրանքը` Պետութեան Կազմաքանդումի Վտանգին Դիմաց


«Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան կը գրէ.

Լիբանանեան բազմաթիւ անլոյծ խնդիրներու ամէնէն առաջնահերթը, աւելի ճիշդ` ահազանգային տարողութիւն ստացածը, աղբերու կուտակման հիմնահարցն է: Քաղաքական եւ ապահովական մակարդակներու վրայ լիբանանցին վարժ էր այլեւս անտարբերութեամբ դիտել անհամաձայնութիւնները, անիմաստ վէճերը, փոխվարկաբեկումներն ու անվերջ կրկնուող տեժա վիւներու երկար շարանը:

Մինչ այդ, այս անբնական իրավիճակին մէջ լիբանանցի քաղաքացիին կեանքը բնականոն ձեւով կը շարունակուէր: Բնական դարձած երեւոյթ էր հանրապետութեան նախագահ չունենալը, կառավարութեան նիստերուն անիմաստ քաշքշուքները եւ պետական վարչամեքենային անդամալոյծ վիճակն ու քաղաքացիական իրաւունքներու հեքիաթացումը:

Այս կրաւորական հեգնանքը փոխակերպուեցաւ ցասումի եւ ընդվզումի, երբ հարցը ուղղակի առնչուեցաւ մարդոց կենսակերպին կապուած աղէտի ձեւաւորման. աղբահանման գործին անդամալուծումը սպառնաց յառաջացնել բնապահպանական աղէտ: Կուտակուած ցասումը անտարբեր հեգնանքէն վերածուեցաւ ներգործօն ընդվզումի, ընդհուպ մինչեւ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումի նախադրեալներու:

Հարցը այս մակարդակին եւ այսքան երկարատեւ իրականութեան չէր հասներ, եթէ մինչ այդ դրսեւորուէր եւ ձեւաւորուէր երկիրն ու պետութիւնը եւ անոնց հետ ամբողջ հասարակութիւնը  քաղաքական խեղկատակութենէն դուրս բերելու համալիբանանեան կամք: Պետական պաշտօններ ստանձնած անձնաւորութիւններն ու կառոյցները հազիւ թէ գիտակցին, որ պետական հաստատութիւններու ինքնակազմաքանդումի գործընթաց մըն է սկսուածը, որ գուցէ նաեւ առաջադրանք է  արտալիբանանեան այն ուժերուն համար, որոնք կ՛ուզեն հեռակառավարել վերահսկելի քաոսային երկիր մը:

Մինչ վարչապետը կը սպառնայ շուտով ներկայացնել իր հրաժարականը, սահմանադրական հարցադրումներ շրջան կ՛ընեն այն մասին, թէ իրաւականօրէն ո՞վ է այն պաշտօնական հեղինակութիւնը, որուն պիտի ներկայացուի վարչապետին հրաժարականը, եւ թէ անոր բացակայութեան ո՞ր հաստատութիւնն է, որ իրաւասու է իրաւական ուժի մէջ դնել ներկայացուած գրաւոր փաստաթուղթը եւ այդպիսով նաեւ լուծարուած համարել կառավարութիւնը:

Կը շարունակուի իրաւական տրամաբանութիւնը: Լուծարուած կառավարութեան պարագային, նման հանգամանքներու մէջ ո՞վ կը ստանձնէ նոր կառավարութիւն կազմելու պարտականութիւնը: Այս հարցաշարը պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ կը բացակայի հարցեր լուծելու եւ պետութիւնը վերակազմակերպելու համար համախոհաբար խնդիրներ լուծելու քաղաքական բոլոր ուժերու քաղաքական կամքը: Իսկ ներկայ պատկերի ամրագրումը մտածել կու տայ, որ գոյութիւն ունի պատուիրուած քաղաքական կամք մը` երկիրն ու պետութիւնը անդամալուծուած պահելու:

Այստեղ լուսարձակի տակ պէտք է առնել ազգային երկխօսութեան նիստերուն հայ համայնքի ներկայացուցիչին ունեցած դերակատարութիւնը, որ հարազատ է ու համահունչ երկար տարիներէ ի վեր լիբանանահայ համայնքը իրերայաջորդ խորհրդարաններու մէջ ներկայացուցած պետական գործիչներու, որոնք հետեւողականօրէն համաձայնութիւնը, երկխօսութիւնն ու միջհամայնքային համախոհութիւնը գերադասեցին ամէն տեսակի հարցերու լուծման համար:

Լիբանանեան բոլոր կողմերը շատ ուշ անդրադարձան, որ լիբանանահայութեան ընտրանքը ո՛չ միայն չներքաշուիլ է ներքաղաքացիական ընդհարումներուն մէջ, այլ նաեւ կամրջել հակադիր կողմերը, ինչ որ լիբանանցիութեան առումով ամէնէն օրինակելի կեցուածքն էր եւ առանց գերագնահատելու` ամէնէն ճիշդ ուղին երկիրը փլուզումէ ու քանդումէ փրկելու:

Հիմա պետական կառոյցները կը գտնուին կազմալուծման սեմին: Լիբանանահայութեան ձայնն է, որ կը լսուի դարձեալ բոլորով, միասնաբար հարցերը լուծելու: Լիբանանը հերթական անգամ ճակատագրական հարուածներէ ետք չէ, որ պէտք է գնահատական տայ լիբանանահայութեան մատնանշած ճիշդ ուղիին` մայրիներու երկիրը քաղաքական աղէտներէ հեռու պահելու համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.