Արեւմտահայերէնի հարցեր եւ Գրիգոր Պըլտեանի գրականութիւնը


Այս տարի Փարիզի մէջ համալսարանական տարեշրջանը սկսաւ երկու կարեւոր գիտաժողովներով։ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Հիմնարկը Սեպտեմբեր ամսուան մէջ չորս լման օր յատկացուց հայ գրականութեան ու արեւմտահայերէնի նիւթին։ Զանազան երկիրներէ եկած մասնակիցներ մեկնաբանեցին գլխաւոր հարցեր, նախատեսուած նիստերու ընթացքին։ Ասոնցմէ առաջինը ԻՆԱԼՔՕ-ի հայկական ամպիոնի կողմէ կազմակերպուած յատուկ գիտաժողով մըն էր նուիրուած՝ սփիւռքահայ յայտնի գրողներէն Գրիգոր Պըլտեանի գործին, իր եօթանասունամեակի առիթով։ Իսկ երկրորդին նիւթն էր արեւմտահայերէնի պաշտպանումը, որ Կիւլպէնկեան հիմնարկի Արեւեմտահայերէնի ծրագիրներու վարիչ Անի Կարմիրեան եւ ԻՆԱԼՔՕ-ի համագործակցութեամբ տեղի ունեցաւ։ Այս մէկը կը կայանար յատկապէս մանկավարժներով, դասախօսներով, ուսման համակարգի զանազան անդամներով ու վարիչներով։ Այս առիթով ԻՆԱԼՔՕ-ի հայկական ամպիոնի վարիչ Անահիտ Տօնապետեանի հետ ԱԿՕՍ-ի աշխատակիցը կատարեց հարցազրոյց։

 ՆԱԶԼԸ ԹԷՄԻՐ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ

Հ- Այս տարի ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով զա­նազան ժո­ղով­ներ տե­ղի ու­նե­ցան։ Սա­կայն հա­յերէն լե­զուն եւ գրա­կանու­թիւնը նիւթ առ­նող գի­տաժո­ղով­նե­րու առա­ջին ան­գամ հե­տեւե­ցանք ԻՆԱԼ­ՔՕ-ի մէջ։

Պ- Այս տա­րի ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեակը կը զու­գա­դիպի նաեւ Սփիւռքա­հայու­թեան եւ արեւմտա­հայե­րէնի ճա­կատագ­րի դա­րադար­ձին։ Մենք ալ ու­զե­ցինք նշել այս տա­րին ԻՆԱԼ­ՔՕ-ի մէջ, ուր կը դա­սաւան­դուի թէ արեւմտա­հայե­րէնը եւ թէ արեւ­ելա­հայե­րէնը։ Գտնուելով Փա­րիզ, հայ­կա­կան սփիւռքի մեծ կեդ­րոննե­րէն մէ­կը, մենք կը հա­մարենք թէ մեր հայ­կա­կան ամ­պիոնին դե­րերէն մէկն է արեւմտա­հայե­րէնը պաշտպա­նել։ Եւ մենք բախ­տը ու­նինք այս ամ­պիոնին մէջ ու­նե­նալու արեւմտա­հայ ամե­նամեծ գրող­նե­րէն մին՝ Գրի­գոր Պըլ­տեանը, որ ար­դէն կը դա­սաւան­դէ 1978-էն ի վեր. ընդհան­րա­պէս հայ գրա­կանու­թիւն բայց յատ­կա­պէս արեւմտա­հայ եւ սփիւռքի գրա­կանու­թիւն։

Հ- Գրի­գոր Պըլ­տեանը իր ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րուն մէջ հայ­կա­կան հար­ցը եր­բեք չէ մեկ­նա­բանած իբր գլխա­ւոր նիւթ, բայց ան կու տայ վե­րապ­րո­ղին ներ­քին աշ­խարհը։ Կրնա՞նք ըսել թէ իր գրած­նե­րը նաեւ հա­մաշ­խարհա­յին գրա­կանու­թեան մէջ տեղ ու­նին։

Պ- Գրի­գոր Պըլ­տեանը հա­զուա­գիւտնե­րէն է, որուն գրա­կանու­թի­ւը այ­սօր կա­րելի է սե­պել հա­մաշ­խարհա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծութիւն։ Այ­սինքն իր գրա­կանու­թիւնը կրնայ թարգմա­նուիլ ու­րիշ լե­զուի ու հաս­նիլ մին­չեւ ոչ հա­յուն գի­տակ­ցութեանը։ Մենք ար­դէն ու­նինք այ­սօր իր վէ­պերը ֆրան­սե­րէն լե­զուով։ Այս վէ­պերուն մէջ, Պըլ­տեան կը խօ­սի հայ­կա­կան նիւ­թե­րու շուրջ, եր­բեմն նկա­րագ­րե­լով իր ապ­րած տե­ղերը, իր ման­կա­կան յու­շե­րը, սա­կայն իր ոճն ու մօ­տեցու­մը կը մնան ժա­մանա­կակից ու հա­մամարդկա­յին։ Քա­նի որ այս տա­րի իր եօթա­նասունամեակն էր, ու­զե­ցինք այս եր­կու գի­տաժո­ղով­նե­րէն մէ­կը նուիրել իրեն, իր ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րուն եւ անոնց ու­սումնա­սիրու­թեանը։ Ու­րեմն Պըլտեանի գրա­կանու­թիւնը կա­րելի է ըսել թէ նաեւ ցոյց կու տայ արեւմտա­հայե­րէնի այժմէու­թիւնը։

Հ- Իսկ հար­ցը կը վե­րաբե­րի այ­սօր արեւմտա­հայե­րէնի ապա­գային։ Ի՞նչպէս փո­խան­ցել այս լե­զուն յա­ջորդ սե­րունդնե­րուն։

Պ- Փո­խան­ցել այն ձե­ւով որ­պէսզի ստեղ­ծուի աշ­խարհ մը, որուն մէջ լե­զուն ապ­րի ոչ միայն ան­ցեալով, այլ նաեւ ապա­գայի ստեղ­ծա­գոր­ծութեան յոյ­սով։ Այ­սինքն հա­յերէ­նը իբր ժա­ռանգ պէտք է ըլ­լայ ոչ միայն հա­ւատար­մութեան եւ ան­ցեալի լե­զուն, այլ մշա­կոյ­թի մը, գա­ղու­թի մը լե­զուն։ Ու­րեմն այս հար­ցի մա­սին կազ­մա­կեր­պուած մեր երկրորդ գի­տաժո­ղովին նիւ­թը եղաւ արեւմտա­հայե­րէնի այ­սօ­րուան վի­ճակը, խնդիր­նե­րը եւ ապա­գան։

Հ- Ի՞նչեր են արեւմտա­հայե­րէնի գլխա­ւոր խնդիր­նե­րը։

Պ- Ինչպէս որ ըսի փո­խան­ցումը գլխա­ւոր հար­ցե­րէն մէկն է։ Այս հար­ցը կապ ու­նի լե­զուի դա­սաւանդման հետ։ Ի՞նչպէս փո­խան­ցել։ Իբր մայ­րե­նի՞ լե­զու, թէ երկրոր­դա­կան լե­զու։ Ու­րեմն մեր գլխա­ւոր մտա­հոգու­թիւնը եղաւ հար­ցա­կանի տակ դնել հա­յերէն լե­զուին դա­սաւան­դումը ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ։ Ի՞նչեր փո­խան­ցել. խորհրդա­նիշեր կամ քա­րացած պատ­կերնե՞ր ան­ցեալէն, թէ ոչ հայ աշ­խարհ մը որ կապ ու­նի իրենց առօ­­րեային հետ, իրենց երկրին ու մշա­­կոյ­­թին հետ։ Ու­­րեմն այս հար­­ցե­­­րը շատ կա­­րեւոր հար­­ցեր են 21-երորդ դա­­րու շեմին։ Այս հար­­ցումնե­­րը բո­­լորիս գի­­տակ­­ցութեան մէջ կան, բայց վախ մը կայ բարձրա­­ձայն ար­­տա­­­յայ­­տուելու այս խնդիր­­նե­­­րուն մա­­սին։ Որով­­հե­­­տեւ, կար­­ծես թէ յու­­սա­­­հատ ենք եւ այս հար­­ցումնե­­րը ուղղե­­լով միայն ժխտա­­կան պա­­տաս­­խան պի­­տի ստա­­նանք։ Մինչդեռ այս գի­­տաժո­­ղովը մե­­զի փաս­­տեց, թէ տա­­րակոյսներ կան, բայց նաեւ կա­­րելի է գտնել լու­­ծումներ։ Աշ­­խարհի չորս կող­­մէն մաս­­նակցած ման­­կա­­­վարժնե­­րը, դա­­սատու­­նե­­­րը կամ վար­­չութեան պաշ­­տօ­­­նեանե­­րը, որոնք եկած էին Յու­­նաստա­­նէն, Ար­­ժանթի­­նէն, Գա­­նատա­­յէն, Պուլկա­­րիայէն, Լի­­բանա­­նէն, Ամե­­րիկա­­յէն եւ Պո­­լիսէն, (Պո­­լիսէն ներ­­կայ էին Ազ­­գա­­­յին Կեդ­­րո­­­նական Վար­­ժա­­­րանի տնօ­­րէնու­­հին Սիլ­­վա Գու­­յումճեան Մար­­կո­­­սեան, Էսաեան Վար­­ժա­­­րանի հա­­յերէ­­նի ու­­սոցչու­­հին Մա­­րալ Էպէօղ­­լու Սա­­դար, Գա­­րակէօզեան Վար­­ժա­­­րանի տնօ­­րէնու­­հին Արու­­սեակ Գօչ Մո­­նէդ եւ Մխի­­թարեան Վար­­ժա­­­րանի հա­­յերէ­­նի ու­­սուցի­­չը Սե­­ւան Տէ­­յիր­­մէնճեան։ (ցոյց տուին թէ յոյս կայ ար­­դէն արեւմտա­­հայե­­րէն լե­­զուն որ հնչեց ԻՆԱԼ­­ՔՕ-էն ներս, այս չորս օրե­­րու ըն­­թացքին, ինքնին փաստ մըն է որ հայ լե­­զուն կ՚ապ­­րի։

Հ- Այս գի­­տաժո­­ղովը ի՞նչպէս ճամ­­բայ մը կրնայ բա­­նալ արեւմտա­­հայե­­րէնի բա­­րելաւ­­ման հա­­մար։

Պ- Այս գի­­տաժո­­ղովի ըն­­թացքին լսե­­ցինք մեր գա­­ղու­­թներու խնդիր­­նե­­­րը զա­­նազան փոր­­ձա­­­ռու­­թիւննե­­րու շուրջ։ Այս մէ­­կը նոր սկիզբ մը եղաւ։ Պէտք է ըսել նաեւ որ այս գի­­տաժո­­ղովը ծրագ­­րե­­­ցինք զուտ գործնա­­կան տե­­սակէ­­տէն։ Այ­­սինքն չե­­ղան ձե­­ւական հրա­­ւէր­­ներ որ­­պէսզի ներ­­կայ ըլ­­լան գա­­ղու­­թին պաշ­­տօ­­­նական ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը այս հան­­դի­­­պումնե­­րուն։ Կա­­յին միայն մաս­­նա­­­գէտ ման­­կա­­­վարժներ, եւայլն։ Այս ընտրու­­թի­­­նը դի­­տումնա­­ւոր էր, որ­­պէսզի ուղղա­­կի մեր նպա­­տակին հաս­­նինք։

Հ- Այս գի­­տաժո­­ղովի հան­­դի­­­պումնե­­րուն ար­­դիւնքնե­­րը ի՞նչեր եղան հա­­յերէ­­նի պահ­­պանման մա­­սին։

Պ- Նախ եւ առաջ հե­­տեւեալ եզ­­րա­­­կացու­­թեան կը հաս­­նինք -կա­­րեւոր է դա­­սաւան­­դողնե­­րուն դե­­րը մեր հայ­­կա­­­կան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րէն ներս լե­­զուի փո­­խանցման ու պահ­­պանման մէջ։ Յե­­տոյ անի­­կա կ՚ամ­­բողջա­­նայ վար­­չա­­­կան մար­­միննե­­րու, այ­­սինքն տնօ­­րէն­­նե­­­րուն եւ հո­­գաբար­­ձունե­­րու աշ­­խա­­­տան­­քով։ Եթէ անոնք չգի­­տակ­­ցին ու­­սուցիչ­­նե­­­րու դե­­րին, ան­­կա­­­րելի է դիւ­­րացնել իրենց գոր­­ծը։ Հար­­կաւ աւե­­լորդ է ըսել թէ ծնողքներն ալ իրենց տե­­ղը ու­­նին այս ամ­­բողջ կազ­­մին մէջ, որ շղթա­­յի մը ամ­­բողջու­­թեան կը նմա­­նի։

Հ- Իսկ պաշ­­տօ­­­նական մար­­միննե­­րուն դե­­րակա­­տարու­­թեան մա­­սին ի՞նչ կա­­րելի է ըսել։

Պ- Գի­­տաժո­­ղովին ըն­­թացքին անդրա­­դար­­ձանք թէ պե­­տական ծրագ­­րին հե­­տեւե­­լու պար­­տա­­­ւորու­­թիւնը միշտ կայ բո­­լոր եր­­կիրնե­­րու պա­­րագա­­յին։ Իսկ այս մէ­­կը ար­­գելք չի հան­­դի­­­սանար հա­­յերէ­­նի փո­­խանցման։ Բո­­լոր գա­­ղութնե­­րը տե­­ղեակ են իրենց սահ­­մա­­­նափա­­կումնե­­րուն, կամ օրէնքնե­­րուն եւ բո­­լոր դպրոց­­նե­­­րը կը յա­­ջողին իրենց եր­­կիրնե­­րու տե­­ղական կա­­նոն­­նե­­­րը նկա­­տի առ­­նե­­­լով։

 Ո՞վ է Անահիտ Տօնապետեանը

 

Անա­­հիտ Տօ­­նապե­­տեան Սոր­­պո­­­նի Հա­­մալ­­սա­­­րանի լե­­զուա­­բանու­­թեան տոք­­թոր է, ԻՆԱԼ­­ՔՕ-ի (Արե­­ւելեան լե­­զու­­նե­­­րու եւ քա­­ղաքակրթու­­թիւննե­­րու Հիմ­­նարկ, Փա­­րիզ) լե­­զուա­­բանու­­թեան փրո­­ֆեսէօր,եւ 1991-էն ի վեր հա­­յագի­­տական ամ­­պիոնի վա­­րիչ։ Իր գի­­տական աշ­­խա­­­տան­­քը կը վե­­րաբե­­րի արեւմտա­­հայե­­րէնի նկա­­րագ­­րա­­­կան (ոչ կա­­նոնադ­­րա­­­կան) քե­­րակա­­նու­­թեան, ըն­­կե­­­րալե­­զուա­­բանա­­կան հար­­ցե­­­րու, լե­­զու­­նե­­­րու տի­­պաբա­­նու­­թեան, տե­­ղագ­­րա­­­կան լե­­զուա­­բանու­­թեան եւ լե­­զու­­նե­­­րու շփման հար­­ցե­­­րուն։ Ներ­­կա­­­յիս յատ­­կա­­­պէս կը պատ­­րաստէ ֆրան­­սե­­­րէն-արեւմտա­հայե­րէն առ­ցանց եւ որո­նելի իմաս­տա­բանա­կան բա­ռարան մը, ինչպէս նաեւ արեւմտա­հայե­րէն գրա­կանու­թեան եւ նիւ­թե­րու առ­ցանց շտե­մարան մը։ 1991-ին Սե­դա Մու­րա­տեանի հետ վերստեղ­ծած է Փա­րիզի Հա­յագի­տական ըն­կե­րու­թիւնը, որուն բա­զում տա­րիներ նա­խագա­հը եղած է։ Ստեղ­ծած եւ ղե­կավա­րած է նաեւ ԻՆԱԼ­ՔՕ-էն ներս Լե­զուա­բանու­թեան խմբա­կը (1996-2010), այ­նուհե­տեւ ԻՆԱԼ­ՔՕ-ի Ֆրան­սա­յի Հե­տազօ­տու­թեանց Պե­տական Հիմ­նարկին եւ Ֆրան­սա­յի Բա­րեշրջման Հե­տազօ­տական Հիմ­նարկին զու­գորդը գի­տաշ­խա­տանո­ցը, որուն ծի­րէն ներս ներկայիս կը գտնուի Լիբանան որպէս Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի այցելու փրոֆեսէօր, բազմալեզուութեան նուիրուած ծրագիր մը ծաւալելու համար։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.