ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐԸ


Խ. Տէր Ղուկասեան

Եթէ հայ-ազրպէյճանական սահմանին լարուածութիւնը կտրուկ մագլցում չարձանագրէ ընդհուպ մինչեւ համընդհանուր պատերազմ եւ Կովկասը չվերածուի 2016ի համաշխարհային բեմահարթակի թէժ կէտերէն մէկը, ներազգային ոլորտին մէջ երկու կարեւոր իրադարձութիւններ որոնց գործընթացը սկիզբը դրուած է կամ այդ մասին ազդանշան տրուած է կրնան համահայկական իրականութիւնը դրական բարեփոխումներու մարտահրաւէրին առաջ դնել եւ նոր լիցք տալ ե՛ւ հայրենի, ե՛ւ սփիւռքեան զոյգ իրականութիւններուն:

Անոնցմէ առաջինը սահմանադրական փոփոխութիւնն ու նախագահական կառավարման կարգէն խորհրդարանական համակարգի անցման գործընթացն է: Ազգային Ժողովը, Հոկտեմբեր 5ին, 103 թեր, 10 դէմ եւ 3 ձեռնպահ քուէներով որոշումը անցուց: Որոշումը պիտի դրուի համաժողովրդական հանրաքուէի որմէ յետոյ, եւ եթէ անշուշտ հանրաքուէն դրական արդիւնք ունենայ, Հայաստանը պիտի ըլլայ խորհրդարանական վարչակարգ: Ծրագիրը կը նախատեսէ հարիւր տոկոսով համամասնական ընտրակարգ, Ազգային Ժողովը պիտի բաղկանայ 101 պատգամաւորներէ, իսկ երկրի Նախագահը պիտի ընտրուի եօթ տարիներու վրայ երկարող մէկ ժամանակաշրջանի համար:

Երկրորդը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի Պետական Յանձնաժողովի վերջին նիստին –Սեպտեմբեր 26- հնչած առաջարկն է՝ յանձնաժողովը վերածելու Համահայկական Խորհուրդի: Առաջարկը, որուն մասին արդէն տրամադրութիւնները հանրային բնոյթ ունէին ատենէ մը ի վեր, սփիւօքեան տարբեր համայնքներու Հարիւրերորդ Տարելիցի յանձնաժողովերու ներկայացուցիչներուն զօրակցութիւնը ստացաւ: Նպատակի իրականացման հեռանկարով առաջացած է արդէն տասներկու հոգիներէ բաղկացած յանձնաժողով մը՝ պատրաստելու համար Համահայկական Խորհուրդի ծրագրի բնորդ մը որ նախատեսուած հանգրուաններով պիտի դրուի հանրային քննարկումի մինչեւ Սեպտեմբեր 20, 2016, երբ պատրաստ պիտի ըլլայ վերջնական տեղեկագիրը:

Այսպէս, Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան քսանհինգամեակը կրնայ առիթ ըլլալ նորագոյն արժեւորում մը տալու գերիշխան պետութեան կարողականութեան եւ անկախութեան ստեղծած ոլորտին ուր ներազգային յառաջընթացը ե՛ւ հայրենի հայութեան, ե՛ւ Սփիւռքի համար կարելի է կոնկրետ կերպով գնահատել: Այս հեռանկարը որպէս տեսութիւն ընդհանրապէս խանդավառիչ կրնայ ըլլալ նոյնիսկ եթէ սահմանադրական փոփոխութեան որոշումը քաղաքական եւ հանրային քաղաքացիական փոքրամասնական բայց հաստատակամ ընդդիմութեան տեղի տուած է: Գործնականօրէն, սակայն, երկու ծրագիրներն ալ խոստմնալից կրնան ըլլալ միայն եթէ եկող տարուայ ընթացքին կարելի ըլլայ անոնց շուրջ հանրային բանավէճ եւ մասնակցողական զօրաշարժ առաջացնել: Միայն այդ ձեւով արդէն փորձարկման կը դրուի համահայկական կեանքը լայն իմաստով ժողովրդավարացնելու գրաւը որ նոյն այդ ծրագիրներուն հետապնդած նպատակներէն թերեւս ամենէն իմաստալիցն է:

Սահմանադրական փոփոխութիւններու պարագային այդ բանավէճն ու մասնակցողական զօրաշարժը արդէն իրողութիւն է: Կ’արտայայտուի ե՛ւ քաղաքական ուժերու դիրքորոշումներով եւ դաշինքներու հաւանական վերատեսումներու հաւանականութեամբ, ե՛ւ քաղաքացիական հասարակութեան հրապարակային ելոյթներով: Ի տարբերութիւն դրացի Ազրպէյճանին եւ նախքին խորհրդային այլ հանրապետութիւններու, Հայաստանի մէջ կայ ժողովրդավարական աշխուժութիւն եւ քաղաքական տինամիքը չսահմանափակուիր ազատ խօսքի բռնի ճնշման դէմ պայքարելու միակ այլընտրանքով: Այս իմաստով ներկայ իշխանութիւնները մեծ պատասխանատուութիւն ունին խիստ զգոյշ ըլլալու չկրկնելու համար տակաւին մօտիկ անցեալի իրենց բացթողումները՝ ոստիկանական ուժերը զսպելու ամբողջատիրական վարքագիծի ամէն փորձութենէ: Որքան ալ որ սահմանադրական փոփոխութիւններուն «ոչ» ըսող քաղաքացիներու հատուածը հանրային նստացոյցերու միջոցաւ ուզէ արտայայտել իր ընդդիմութիւնը, այդ փոփոխութիւններուն ետին կանգնող ուժերը, որոնց կարգին իշխանութեան վրայ գտնուող կուսակացութիւնը, միայն նոյն ձեւով կրնայ հակազդել եւ փորձել իր տեսակէտը բացատրել: Ոչ մէկ պարագային ընդունելի է պետական մեքենան որեւէ ձեւով օգտագործել: Ընդունելի չէ մանաւանդ ոստիկական ուժի միջամտութիւնը հասարակական կարգի պահպանման պատրուակով: Ի վերջոյ ժողովրդային հանրաքուէն է որ սահմանադրական փոփոխութիւններու ճակատագիրը պիտի որոշէ, եւ որպէսզի քաղաքացին կարենայ ազատօրէն դիրքորոշուիլ լաւատեղեակ պէտք է ըլլայ խնդրին մասին:

Սահմանադրական փոփոխութիւններու ընդդիմացողներուն կեցուածքը եւ անոր տուն տուող հիմնաւորումները կարեւոր են նաեւ ու մանաւանդ անկախութեան առաջին օրէն իսկ խորհրդարանական վարչակարգի դրօշակիր Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար: Աւելի քան սահմանադրական փոփոխութիւններու դրական քուէի գրեթէ մենաշնորհը ունեցող Հանրապետականները Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն է որ ականջալուր պիտի ըլլայ ոչ թէ այս հարցով նոյն դիրքերուն վրայ գտնուող Լեւոն Տէր Պետրոսեանին ու Ռոպերթ Քոչարեանին հրապարակային դիրքորոշման ընդդէմ սահմանադրական փոփոխութիւններուն, այլ՝ փողոցէն հնչող, եւ առաւելի՝ լուռ մնացող, ժողովրդային հատուածներու մտահոգութեան: Եւ պարզ ու մէկին պէտք է ըսել. սահմանադրական փոփոխութիւններու ընդդիմացողներուն բացայայտ մտահոգութիւնը՝ որ այս քայլը խորքին մէջ Սերժ Սարգսեանի, Հանրապետականներու եւ ընդհանրապէս իշխանակարգի շարունակումը կը հետապնդէ այն մտահոգութիւնը չէ որուն Դաշնակցութիւնը ականջալուր պէտք է ըլլայ: Ճիշդ է որ այդ նպատակաուղղուածութիւնը պէտք չէ բացառել որպէս շահախնդիր դրդապատճառ որ իշխանութեան կեդրոնացման հետամուտ Հանրապետականները ի վերջոյ համաձայնեցան սահմանադրական փոփոխութիւններու: Դրացի Վրաստանի օրինակը խօսուն է. Սահակաշվիլիի նպատակը նոյնն էր երբ Կովկասի մէջ առաջինը եղաւ նախագահական համակարգէն անցում կատարելու դէպի խորհրդարանական համակարգ: Նոյն այդ Սահակաշվիլին, որուն Վարդերու Յեղափոխութիւնը այնքան խանդավառած էր Հայաստանի գունաւոր յեղափոխականներուն… Բայց Սահակաշվիլին ձախողեցաւ: Չի նշանակեր որ Հանրապետականներն ալ անպայմանօրէն պիտի ձախողին: Իշխանութեան հասնելու, Խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն ըլլալու ձգտումը, կամ իշխանութիւնը պահելու շահախնդրութիւնը ոչ թապու, ոչ ալ դատապարտելի վարքագիծ է, այլ՝ քաղաքականութեան էութիւնն իսկ: Այնքան ատեն որ, անշուշտ, իշխանութեան հասնելու եւ իշխանութիւնը պահելու սահմանադրական միջոցները կը յարգուին եւ ժողովրդավարական գործընթացը կը բացառէ որեւէ փտտածութիւն: Հետեւաբար, որքան ալ որ Դաշնակցութեան համար քաղաքական ինքնութեան եւ սկզբունքի հարց ըլլայ խորհրդարանական վարչակարգի անցումը, որպէս որեւէ քաղաքական ուժ Դաշնակցութիւնն ալ պիտի ձգտի իշխանութեան հասնիլ, մեծամասնութիւն ըլլալ եւ իշխանութիւնը պահել:

Հետեւաբար, փողոցի մէջ արտայատուած «ոչ»ն ու բազմահազար քաղաքացիներու լռութիւնը Դաշնակցութեան համար այլ ընթերցման պէտք է արժանանան. սահմանադրական փոփոխութիւններն ու խորհրդարանական վարչակարգը քաղաքացիներուն համար պիտի արդարացուին միայն երբ անոնց հետ գան իր կենսամակարդակի բարելաւման եւ լաւագոյն ապագայի մը յոյսերը: Մէկ օրէն միւսը պիտի չըլլայ այդ մէկը, բայց Դաշնակցութեան կողմէ սահմանադրական փոփոխութիւններու պաշտպանութեան հիմնաւորումները, անկախ իրենց սկզբունքայնականութենէն թէ ժողովրդավարութեան մակարդակի բարձրացումէն, պարտին նաեւ համոզել որ միայն այդ ձեւով կարելի է տեղաշարժ կատարել դէպի ընկերային արդարութիւն, հարստութեան կեդրոնացման բացառում, հարկային նոր քաղաքականութիւն, աշխատող եւ ստեղծագործ քաղաքացիին երաշխիք ընդդէմ մենաշնորհային դրամագլուխին: Դաշնակցութիւնը պիտի կարենայ բացատրել որ խորհրդարանական վարչակարգը եթէ մէկ կողմէ, ճիշդ է, իշխանութեան մենաշնորհման ռիսկը չի բացառեր, միւս կողմէ, սակայն, կը ստեղծէ քաղաքական նոր մեխանիզմներ՝ ընկերանտնտեսական համակարգը բարեփոխելու ի խնդիր ընկերային աւելի արդար կարգերու:

Նման քարոզչական արշաւ ի խնդիր սահմանադրական փոփոխութիւններու, անշուշտ, կրկնակի պատասխանատուութեան առջեւ կը դնէ Դաշնակցութիւնը՝ ոչ միայն ջատագովը ըլլալու խորհրդարանական վարչակարգին այլ վերահաստատելու աշխատանքի դատի պաշտպան կուսակցութեան իր էական յանձնառութիւնը, որ գաղափարախօսականօրէն խորթ է ազատշուկայականութեան դիմագիծով մենաշնորհային դրամագլուխի կուսակցութիւնը հանդիսացող Հանրապետականներուն: Գաղափարախօսական այս յստակ տարբերութեան յստակացումն է որ Դաշնակցութեան առիթ պիտի տայ հասարակական վստահութեան վրայ կառուցել քաղաքական իր դրամագլուխը, ապահովել անհրաժեշտ քուէները եւ իշխանութեան հասնելով արդարացնել ե՛ւ ժողովուրդին կողմէ իր վրայ դրուած վստահութիւնը, ե՛ւ սահմանադրական փոփոխութիւններու խոստումը՝ ժողովրդավարութեան որակական բարձրացման միջոցաւ աւելի ազատ, աւելի մասնակցողական եւ ընկերային արդարութեան վրայ հիմնուած հասարակարգի մը կառուցման:  


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.