Թուրք քարոզիչ. «Հիմա թրքական բանակը կը կռուի հրեաներու եւ հայերու դէմ»
1645
0
Թուրք իսլամագէտ եւ քարոզիչ Ահմետ Մահմուտ Ունլուն «Vahdet» թերթին մէջ հրապարակած իր յօդուածին մէջ կը մեղադրէ քրիստոնեաները՝ ահաբեկչութիւն տարածելու մէջ: Յօդուածին մէջ Ունլուն գրած է. «Այս պահուն թրքական բանակը կը կռուի հրեաներու եւ հայերու դէմ: Կը կռուի նաեւ գերմանացիներու եւ յոյներու դէմ: Այսինքն ամբողջ աշխարհին դէմ կը կռուի»։ Ունլուի կարծիքով ահաբեկչութիւնները կազմակերպողները «անհաւատներ»ն են։
Ունլու յօդուածին մէջ կը նշէ. «PKK-ականներուն սպանութենէն ետք ի յայտ կու գայ, որ մէկը անգլիացի է, միւսին մօտ խաչ կը յայտնաբերեմ, իսկ մէկ այլ սպանուած կը պարզուի, որ թլպատուած չէ: Այդպէս է. որովհետեւ այդ անձերը իսլամ քիւրտեր չեն: Քիւրտերը ի՞նչ կապ ունին: Այս ամէնուն ետին անհաւատներու ծրագիրն է»: