Խա­նա­սո­րի Իշ­խա­նը. Հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման Աս­պե­տը


Հոկ­տեմ­բեր 15ի այս օ­րը կ­’ո­գե­կո­չենք մա­հո­ւան 90ա­մեա­կը հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին¬քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան¬յե­ղա­փո­խա­կան մե­ծա­նուն գոր­ծիչ­նե­րէն Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նի։

Ան յա­ւեր­ժա­ցաւ հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ իբ­րեւ Խա­նա­սո­րի Իշ­խա­նը, իբ­րեւ Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քին փոխ¬հրա­մա­նա­տա­րը, ո­րուն ա­րու­թեան գոր­ծը հայ ա­շուղ­նե­րը ան­մա­հա­ցու­ցին Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի ա­մէ­նէն դի­ցազ­նա­կան այդ գոր­ծո­ղու­թեան նո­ւի­րո­ւած ժո­ղովր­դա­կան ու ազ­գա­յին¬հայ­րե­նա­սի­րա­կան սի­րո­ւած եր­գով, ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն ա­ւան­դե­լով «Ա­ջից՝ Վար­դա­նը, ձա­խից՝ Իշ­խա­նը» փա­ռա­բա­նող հե­րո­սա­պա­տու­մը։

Իշ­խան Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նի կեանքն ու գոր­ծը ան­քակ­տե­լիօ­րէն կա­պո­ւե­ցան Հայ­կա­կան Յե­ղա­փո­խու­թեան 19րդ դա­րու ան­սան­ձե­լի խո­յան­քին հետ.¬ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ «հայ­կա­կան ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին անձ­նո­ւէր ու փա­ռա­պանծ վե­թե­րան»ն­ էր ան, ո­րուն կեան­քը «այն­քա՜ն հա­րուստ ե­ղաւ ու այն­քա՜ն բա­րի»։

Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դին ազ­նո­ւա­կան մար­տիկն էր ան, ո­րուն կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին¬ա­զա­տագ­րա­կան կռո­ւի ու յե­ղա­փո­խա­կան պայ­քա­րի դաշ­տե­րուն վրայ եւ մա­շե­ցաւ՝ ռու­սա­կան ու պարս­կա­կան բան­տե­րուն մէջ։

Իշ­խան խորհր­դան­շեց հա­յոց ազ­գա­յին¬ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման աս­պե­տա­կան շունչն ու ան­կոտ­րում կամ­քը, ո­րուն հաս­ցէին Կով­կա­սի կա­ռա­վար­չա­պե­տը ժա­մա­նա­կին պաշ­տօ­նա­կան զգու­շա­ցում յղեց ցա­րիզ­մի ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին՝ ազ­դա­րա­րե­լով, որ «Իշ­խան Ար­ղու­թեան¬Եր­կայ­նա­բա­զու­կի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ա­ռանձ­նա­պէս վնա­սա­կար է հայ ազ­գաբ­նա­կու­թեան մէջ»։ Հե­տե­ւա­բար ցան­կա­լի է, որ նրան «բնա­կու­թեան վայր յատ­կա­ցո­ւի Կով­կա­սից հե­ռու գտնո­ւող նա­հանգ­նե­րից մէ­կը, ուր չկայ հայ բնակ­չու­թիւն» (Ս. Վ­րա­ցեան, «­Յու­շա­պա­տում Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան, 1890¬1950, էջ 126¬7)։

Հա­կա­ռակ ցմրուր իր ճա­շա­կած հա­լա­ծան­քի ու բան­տար­կու­թեան դառ­նա­գոյն բա­ժա­կին՝ Յով­սէփ Ար­ղու­թեան, Դաշ­նակ­ցու­թեան կար­միր ա­ւա­զա­նին մէջ Տա­չօ ու Ե­րո­ւանդ ա­նուն­նե­րով մկրտո­ւած, բայց իբ­րեւ Խա­նա­սո­րի Իշ­խան հռչա­կո­ւած՝ վե­րապ­րե­ցաւ կե­նաց¬մա­հու բո­լոր ճա­կա­տում­նե­րէն եւ տա­ժա­նա­կիր բան­տար­կու­թիւն­նե­րէն ու աք­սոր­նե­րէն։

Վե­րապ­րե­ցաւ, որ­պէս­զի Հայ Կա­մա­ւո­րա­կան Գուն­դի հրա­մա­նա­տար ըլ­լար եւ իր ար­ժա­նի տե­ղը գրա­ւէր Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնն ու ա­զատ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը կեր­տող ան­մահ­նե­րու ե­րա­նե­լի փա­ղան­գին մէջ։

Վե­րապ­րե­ցաւ սուլ­թա­նա­կան եւ ցա­րա­կան հա­րո­ւած­նե­րէն, որ­պէս­զի նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նի փոխ¬նա­խա­գա­հու­թիւ­նը ստանձ­նէր, 1919ին Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. պատ­մա­կերտ 9րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին նա­խա­գա­հէր եւ, այ­նու­հե­տեւ, կո­չո­ւէր Պարս­կաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան՝ իր ան­ձով ու գոր­ծով սե­րունդ­նե­րուն կտա­կե­լու հա­մար, որ սոսկ կար­գա­խօս չէ «­Պայ­քար, պայ­քար մին­չեւ յաղ­թա­նակ» ուխ­տը, այ­լեւ ա­րեան ու գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան գնով նո­ւա­ճո­ւած Դաշ­նակ­ցա­կան Ու­ղի է՝ ի խնդիր Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան։

Ա­հա ա՛յս տա­րո­ղու­թեամբ վսե­մա­շուք Աս­պե­տի մը մա­հո­ւան 90ա­մեա­կը կ­þո­գե­կո­չենք այ­սօր։

Ինչ­պէս որ Հ.Յ.Դ. Երկ­րորդ Սե­րուն­դի մե­ծա­վաս­տակ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եր­րորդ վար­չա­պետ Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեան վկա­յած է Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նի մա­հո­ւան ա­ռի­թով իր գրած «­Մո­հե­կան­նե­րից Վեր­ջի­նը» խո­րագ­րով սրտի խօս­քին մէջ՝

«¬ Ա­ռա­ջին­նե­րից էր նա, այն շքեղ փա­ղան­գից, որ բա­ցաւ հայ յե­ղա­փո­խու­թեան փշոտ, բայց փա­ռա­ւոր ճա­նա­պար­հը։

«Իր զի­նա­կից ըն­կեր­նե­րից, ո­րոնց հետ միա­սին 35¬40 տա­րի ա­ռաջ նա սկսեց հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծը, Իշ­խա­նը վեր­ջինն է, որ իջ­նում է գե­րեզ­ման՝ Ք­րիս­տա­փո­րից, Սի­մո­նից, Ռոս­տո­մից, Նի­կո­լից, Սե­րո­բից եւ Քե­ռիից յե­տոյ։

«Իշ­խա­նը հե­ռա­նում է այս կեան­քից, 40 տա­րո­ւայ փո­թոր­կա­լից յե­ղա­փո­խա­կա­նին վի­ճա­կո­ւած բո­լոր փոր­ձանք­նե­րով, զրկանք­նե­րով եւ նաեւ գա­ղա­փա­րա­կան ո­գե­ւո­րու­թեամբ լի գոր­ծու­նէու­թիւն ու­նե­նա­լուց յե­տոյ» («­Յու­սա­բեր», 24 Հոկ­տեմ­բեր 1925)։

Յով­սէփ Ար­ղու­թեան լո­ռե­ցի էր, Սի­մոն Զա­ւա­րեա­նի հայ­րե­նա­կից։ 1863ին ծնած էր Սա­նա­հին գիւ­ղը, ուր նախ­նա­կան իր կրթու­թիւ­նը ստա­նա­լէ ետք, 1879ին ան­ցած էր Թիֆ­լիս, «­Ներ­սի­սեան» վար­ժա­րա­նի մէջ իր ու­սումն ու ազ­գա­յին¬գա­ղա­փա­րա­կան կազ­մա­ւո­րու­մը ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­մար։

Բարձ­րա­գոյն ուս­ման չհե­տե­ւե­ցաւ Ար­ղու­թեան։ 1884ին, ա­ւար­տե­լով «­Ներ­սի­սեան»ը, ան­մի­ջա­պէս նե­տո­ւե­ցաւ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէզ՝ հինգ տա­րի պաշ­տօ­նա­վա­րե­լով Թիֆ­լի­սի հայ­կա­կան ծխա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ։ Միա­ժա­մա­նակ՝ ան հիմ­նա­դիր եւ աշ­խոյժ մաս­նա­կի­ցը դար­ձաւ Թիֆ­լի­սի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը վա­րա­կած յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րուն։

Այդ շրջա­նէն իսկ խոր մտեր­մու­թիւն մը ի­րա­րու մօ­տե­ցուց Սի­մոն Զա­ւա­րեանն ու Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նը։ Միա­սին հի­մը դրին «Ե­րի­տա­սարդ Հա­յաս­տան» խմբա­կին, որ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան ծրա­գիր­ներ կը մշա­կէր եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան թէ ու­սա­նո­ղա­կան շրջա­նակ­նե­րու մէջ ինք­նա­զար­գաց­ման ե­ռուն աշ­խա­տանք ծա­ւա­լած էր։

1889ի ամ­րան, եր­կու ըն­կեր­նե­րու հետ, «Ե­րի­տա­սարդ Հա­յաս­տան» խմբա­կին կող­մէ Յով­սէփ Ար­ղու­թեան ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տան, մօ­տէն ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­մար Եր­կի­րը, հա­յու­թեան պար­տադ­րո­ւած կեան­քի դա­ժան պայ­ման­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ազ­գա­յին¬ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի շղթա­յա­զերծ­ման եւ կազ­մա­կերպ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Այդ ա­ռա­քե­լու­թեամբ, իբ­րեւ ուխ­տա­ւոր, հա­սաւ մին­չեւ Մ­շոյ Սուլ­թան Սուրբ Կա­րա­պե­տի վան­քը եւ, ու­ղե­ւո­րու­թե­նէն իր հա­ւա­քած գի­տե­լի­քով ու կրած խոր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով, տա­րի մը ետք վե­րա­դար­ձաւ Թիֆ­լիս, ուր Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ար­դէն հիմ­նո­ւած էր եւ լծո­ւած ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թեան։ Ար­ղու­թեան ամ­բող­ջա­պէս փա­րե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան Գոր­ծին։

Նո­րաս­տեղծ Դաշ­նակ­ցու­թեան «­Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան» յանձ­նա­րա­րու­թեամբ, Յով­սէփ Ար­ղու­թեան կա­րե­ւոր դեր կա­տա­րեց Կու­կու­նեա­նի ար­շա­ւա­խում­բին մէջ ե­րե­ւան ե­կած ներ­քին տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը եւ հա­կադ­րու­թիւն­նե­րը հաշ­տեց­նե­լու դժո­ւա­րին գոր­ծին մէջ։ Այ­նու­հե­տեւ, Սի­մոն Զա­ւա­րեա­նի հետ, ան­ցան Տ­րա­պի­զոն՝ պաշ­տօ­նա­պէս իբ­րեւ ու­սու­ցիչ աշ­խա­տե­լու, բայց խոր­քին մէջ Դաշ­նակ­ցու­թեան Տ­րա­պի­զո­նի Կո­մի­տէու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար։ Թր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կարճ ժա­մա­նակ ետք անդ­րա­դար­ձան հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու բուն մտադ­րու­թեան, ձեր­բա­կա­լե­ցին եր­կուքն ալ եւ, իբ­րեւ ռու­սահ­պա­տա­կի, յանձ­նե­ցին Տ­րա­պի­զո­նի ռուս հիւ­պա­տո­սին։ Ռու­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ան­յա­պաղ Պե­սա­րա­բիոյ Քի­շի­նեւ քա­ղա­քը աք­սո­րե­ցին Զա­ւա­րեանն (մէկ տա­րիով) ու Ար­ղու­թեա­նը (վեց ա­մի­սով)։ Այդ օ­րե­րուն Քի­շի­նեւ աք­սո­րո­ւած էր նաեւ Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր եր­րոր­դու­թեան ե­րի­ցա­գոյն ան­դա­մը՝ Ք­րիս­տա­փոր Մի­քա­յէ­լեան։ Աք­սո­րա­վայ­րին մէջ միա­ցած՝ ա­նոնք ե­րե­քով մշա­կե­ցին նո­րաս­տեղծ կու­սակ­ցու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան ծրա­գի­րը, որ 1892ին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան Ա­ռա­ջին Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին։

Նո­րաս­տեղծ Դաշ­նակ­ցու­թեան սկզբնա­կան այդ քայ­լե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին՝ հիմ­նա­դիր գոր­ծիչ­նե­րուն եւ տի­րող գա­ղա­փա­րա­կան մթնո­լոր­տին անդ­րա­դառ­նա­լով, Իշ­խան հե­տա­գա­յին (1918ի Սեպ­տեմ­բեր 1ին «­Հո­րի­զոն»ի է­ջե­րուն) պի­տի գրէր իր յու­շե­րուն մէջ.¬

«1892 թո­ւա­կա­նը մի նոր շրջան է կազ­մում Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան մէջ։ Եր­կու տա­րի էր, ինչ կու­սակ­ցու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս գո­յու­թիւն ու­նէր, սա­կայն կու­սակ­ցու­թեան ծրա­գի­րը եւ գոր­ծու­նէու­թեան ե­ղա­նա­կը չէին ստա­ցել կու­սակ­ցու­թեան Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վի հա­ւա­նու­թիւ­նը եւ վա­ւե­րա­ցու­մը։ Եւ այդ տե­ղի ու­նե­ցաւ 1892ի ա­մա­ռը Թիֆ­լի­սում…

«Ք­րիս­տա­փոր Մի­քա­յէ­լեա­նը, Սի­մոն Զա­ւա­րեա­նը եւ տո­ղե­րիս գրո­ղը նոր էինք վե­րա­դար­ձել մեր աք­սո­րա­վայր Քիշ­նե­ւից եւ կու­սակ­ցու­թեան յանձ­նա­րա­րու­թեամբ պատ­րաս­տել մեր ա­պա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան նա­խա­գի­ծը։

«Ա­ռա­ջին ան­գամ Կով­կա­սի, Ռու­սաս­տա­նի, Պարս­կաս­տա­նի քա­ղաք­նե­րից եւ այլ հե­ռա­ւոր վայ­րե­րից պի­տի գու­մա­րո­ւէին գոր­ծող ըն­կեր­նե­րը եւ մար­մին­նե­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ ա­պա­գայ կազ­մա­կեր­պու­թեան հի­մունք­նե­րը պի­տի մշա­կէին։

«­Ժո­ղո­վը բազ­մա­մարդ էր ու աղմ­կա­լի։ Մենք ու­նէինք ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ոչ միայն Կով­կա­սի, Ռու­սաս­տա­նի եւ Պարս­կաս­տա­նի գլխա­ւոր կենտ­րոն­նե­րից, այ­լեւ՝ Տաճ­կա¬­Հա­յաս­տա­նից։

«Եր­կու խո­շոր հո­սանք­ներ հան­դէս ե­կան ժո­ղո­վում՝ ի­րենց ու­րոյն աշ­խար­հա­յեաց­քով եւ գոր­ծե­լա­կեր­պով։ Մի հո­սան­քը պնդում էր.¬ Մեր ա­պա­գայ գոր­ծու­նէու­թեա­նը պի­տի տալ մի­միայն քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րի բնոյթ՝ ան­տես առ­նե­լով բո­լոր տնտե­սա­կան¬սո­ցիա­լա­կան (ըն­կե­րա­յին) հար­ցե­րը։ Միւս հո­սան­քը պնդում էր, որ քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րի հետ զու­գըն­թա­ցա­բար պի­տի խիստ պրո­պա­գանդ (քա­րոզ­չու­թիւն) մղել տնտե­սա­կան¬սո­ցիա­լիս­տա­կան (ըն­կեր­վա­րա­կան) հար­ցե­րի շուր­ջը ոչ միայն հայ գիւ­ղա­ցիու­թեան, այլ եւ հա­րե­ւան ազ­գե­րի ¬ տա­ճիկ­նե­րի, ա­սո­րի­նե­րի, քիւր­տե­րի ¬ աշ­խա­տա­ւոր զան­գո­ւած­նե­րի մէջ եւ, այդ ուղ­ղու­թեամբ, հա­մե­րաշ­խու­թեան հող պատ­րաս­տել։

«¬ Ես չեմ թոյլ տայ, որ քիւրտ ռա­յեա­յի, քիւրտ աշ­խա­տա­ւոր գիւ­ղա­ցու քի­թը ա­րիւ­նի,¬ շեշ­տա­կի ու կտրուկ ձայ­նով պա­հան­ջում էր Սի­մոն Զա­ւա­րեա­նը։ Այդ պատ­ճա­ռով Զա­ւա­րեա­նը իր հա­կա­ռա­կորդ­նե­րի կող­մից «քիւր­տի պաշտ­պան» մա­կա­նու­նը ստա­ցաւ»…

Այ­նու­հե­տեւ, խումբ մը ըն­կեր­նե­րու հետ, ո­րոնց շար­քին՝ Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր սե­րուն­դի ան­դամ­ներ Յո­նան Դաւ­թեան, Նի­կոլ Դու­ման եւ Սա­թե­նիկ Մա­տի­նեան (­Ծա­ղիկ դաշ­նակ­ցա­կան ա­նու­նով, որ հե­տա­գա­յին կեան­քի ան­բա­ժան ըն­կե­րը պի­տի դառ­նար Իշ­խա­նի), Յով­սէփ Ար­ղու­թեան ան­ցաւ Թաւ­րիզ, Պարս­կաս­տան, դար­ձեալ պաշ­տօ­նա­պէս իբ­րեւ ու­սու­ցիչ ծա­ռա­յե­լու, բայց ամ­բող­ջա­պէս Դէ­պի Եր­կիր զէն­քի ու գոր­ծիչ­նե­րու անց­քը կազ­մա­կեր­պե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ։ Մին­չեւ 1894ի ա­մա­ռը Թաւ­րի­զի եւ Սալ­մաս­տի մէջ գոր­ծե­լէ ետք, Իշ­խան ան­ցաւ Վան, Պե­տո­յի մօտ, որ­պէս­զի իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րէ Վաս­պու­րա­կա­նի կազ­մա­կեր­պա­կան կա­ռոյ­ցի ժո­ղովր­դա­յին շար­քե­րով ընդ­լայ­նու­մին եւ ու­ժե­ղա­ցու­մին։

1895ի գար­նան Իշ­խան վե­րա­դար­ձաւ Թաւ­րիզ, ուր եւ մնաց մին­չեւ 1897ի Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քը։ Տե­ղա­կան կա­ռոյ­ցի կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խու­ժաց­ման իր բե­րած մաս­նակ­ցու­թեան կող­քին, Իշ­խան Ար­ղու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ դաշ­նակ­ցա­կան զի­նա­տար խում­բե­րու եւ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ­նե­րու Եր­կիր մուտ­քի կազ­մա­կեր­պու­մին։ Իսկ երբ 1896ի գար­նան տե­ղի ու­նե­ցաւ Վա­նէն Պարս­կաս­տան անց­նող հա­րիւ­րա­ւոր հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու կո­տո­րա­ծը քրտա­կան Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բին կող­մէ, Նի­կոլ Դու­մա­նի հետ Իշ­խան հան­դի­սա­ցաւ Մազ­րիկ­նե­րը պատ­ժե­լու մեծ գոր­ծո­ղու­թեան նա­խա­ձեռ­նող­նե­րէն եւ ծրագ­րող­նե­րէն մէ­կը, ա­պա եւ՝ Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քին փոխ¬հրա­մա­նա­տա­րը, Վար­դա­նի կող­քին։

Ար­շա­ւան­քի յա­ջող ա­ւար­տէն ետք, թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան պա­հան­ջով, Իշ­խան ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ պարս­կա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ, ո­րոնք եր­կու ա­միս դա­ժան բան­տար­կու­թեան են­թար­կե­լէ ետք հայ հե­րո­սին՝ զինք յանձ­նե­ցին ռուս հիւ­պա­տո­սին։ Ռու­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ուղ­ղա­կի Մե­տե­խի բան­տը նե­տե­ցին Իշ­խա­նը, իսկ Օ­գոս­տոս 1898ին վար­չա­կան կար­գով աք­սո­րե­ցին Հաշ­տար­խան, ա­ռանց Կով­կաս վե­րա­դար­ձի ի­րա­ւուն­քի… Ա­ւե­լի՛ն. 1898ի Նո­յեմ­բե­րին, ե­րեք տա­րո­ւան պայ­մա­նա­ժա­մով, ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի դա­ժան աք­սո­րի են­թար­կե­ցին Իշ­խա­նը՝ հիւ­սի­սա­յին Ռու­սաս­տա­նի Վո­լոգ­դա­յի շրջա­նի սառ­նա­մա­նիք­նե­րուն մէջ, ուր ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը ուղ­ղա­կի քայ­քա­յո­ւե­ցաւ։ 1899ին, Իշ­խան Ար­ղու­թեան յա­ջո­ղե­ցաւ գաղտ­նա­բար Մոս­կո­ւա անց­նիլ եւ ա­մուս­նա­նալ Սա­թե­նիկ Մա­տի­նեա­նի հետ, ո­րուն ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ վե­րա­դար­ձաւ աք­սո­րա­վայր եւ հոն մնաց մին­չեւ աք­սո­րի ա­ւար­տը՝ 1902ի վեր­ջե­րը։

1903ին, Թիֆ­լիս վե­րա­դառ­նա­լով, Իշ­խան Ար­ղու­թեան աշ­խա­տանք գտաւ «­Նա­դեժ­դա» ըն­կե­րու­թեան մէջ՝ կնոջ հետ նոր թա­փով նե­տո­ւե­լով ազ­գա­յին¬հա­սա­րա­կա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծի աս­պա­րէզ։ Այդ օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ Կով­կա­սի կա­ռա­վար­չա­պետ Գո­լի­ցի­նի ա­հա­բե­կու­մը, ո­րուն իբ­րեւ կաս­կա­ծեալ մեղ­սա­կից վերս­տին վեց ա­մի­սով բան­տար­կո­ւե­ցաւ։ Հա­զիւ ան­պարտ ար­ձա­կո­ւած՝ հայ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու ցա­րա­կան բռնագ­րաւ­ման դէմ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի շար­ժու­մը սկսաւ եւ Ար­ղու­թեան­նե­րը ան­վա­րան նե­տո­ւե­ցան պայ­քա­րի դաշտ։ Վ­րայ ե­կան 1905ի հայ¬թա­թա­րա­կան կռիւ­նե­րը եւ Իշ­խան Ար­ղու­թեան, նախ Թիֆ­լի­սի եւ, ա­պա, Ե­րե­ւա­նի մէջ (ուր փո­խադ­րո­ւած էր ըն­տա­նի­քով իբ­րեւ նոյն ըն­կե­րու­թեան ե­րե­ւա­նեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը) Ար­ղու­թեան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ հայ¬թա­թա­րա­կան հաշ­տեց­ման յանձ­նա­խում­բի մօտ Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ։

1909ին, երբ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը խիստ հա­լա­ծանք բա­ցին Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ եւ զան­գո­ւա­ծա­յին ձեր­բա­կա­լու­թեան են­թար­կե­ցին դաշ­նակ­ցա­կան թէ հա­մա­կիր գոր­ծիչ­ներն ու մտա­ւո­րա­կան­նե­րը, Իշ­խան Ար­ղու­թեան դար­ձեալ յայտ­նո­ւե­ցաւ ա­ռա­ջին ձեր­բա­կա­լո­ւող­նե­րու եւ բան­տար­կո­ւող­նե­րու շար­քին։ Նախ Մե­տե­խի, ա­պա Ռոս­տո­վի ու Նո­վո­չեր­կաս­կի բան­տա­յին դա­ժան պայ­ման­նե­րուն են­թար­կո­ւե­ցաւ։ Դ­րա­մա­կան ե­րաշ­խա­ւո­րու­թեամբ ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի, Գ. Խա­ժա­կի եւ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի հետ, բայց երբ այս վեր­ջին­նե­րը ար­տա­սահ­ման ան­ցան՝ Իշ­խան վերս­տին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ ու բանտ մնաց մին­չեւ 1912ի Դաշ­նակ­ցու­թեան Դա­տին ա­ւար­տը, որ­մէ ետք ա­զատ ձգո­ւե­ցաւ։

Այ­նու­հե­տեւ սկսաւ Իշ­խան Ար­ղու­թեա­նի ազ­գա­յին¬հա­սա­րա­կա­կան եւ քա­ղա­քա­կան¬կու­սակ­ցա­կան գոր­ծու­նէու­թեան վեր­ջին փու­լը։ Գլ­խա­ւոր նա­խա­ձեռ­նող­նե­րէն ու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն ե­ղաւ Հայ Կա­մա­ւո­րա­կան Շարժ­ման եւ նախ 4րդ­ ու 5րդ գուն­դե­րուն միա­ցեալ, ա­պա 7րդ գուն­դին հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը ստանձ­նեց։ Ռե­ւան­տու­զի ճա­կա­տա­մար­տին, ուր նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ անն­ման Քե­ռին, Իշ­խան Ար­ղու­թեան հե­րո­սա­կան սխրանք­ներ գոր­ծեց։ 1917ին եւ 1918ին քա­ղա­քա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց՝ Ա­րե­ւե­լա­հա­յոց Ազ­գա­յին Հա­մա­գու­մա­րին նա­խա­գահ ընտ­րո­ւե­լով, ա­պա՝ Հա­յոց Ազ­գա­յին Խոր­հուր­դին մաս կազ­մե­լով, Մա­յի­սեան հե­րո­սա­կան ճա­կա­տա­մարտ­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լով եւ ան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նի ան­դամ ու փոխ¬նա­խա­գահ ընտ­րո­ւե­լով։ Իսկ երբ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը 1919ին հայ­րե­նի հո­ղի վրայ պատ­մա­կան իր ա­ռա­ջին հա­ւա­քը՝ 9րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը գու­մա­րեց Ե­րե­ւա­նի մէջ, Իշ­խան Ար­ղու­թեա­նի վի­ճա­կո­ւե­ցաւ ժո­ղո­վին նա­խա­գա­հու­թիւ­նը վա­րե­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

1920ին Իշ­խան Յով­սէփ Ար­ղու­թեան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ Ի­րա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նը։ Ձեռն­հա­սու­թեամբ վա­րեց դի­ւա­նա­գի­տա­կան այդ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­մար ծայր աս­տի­ճան զգա­յուն այդ հանգ­րո­ւա­նին։ Բայց ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը գա­հա­վէժ ըն­թաց­քի մէջ էր։ 1922ին ըն­տա­նեօք փո­խադ­րո­ւե­ցաւ Փա­րիզ, ուր տնտե­սա­կան ծայր աս­տի­ճան ան­ձուկ պայ­ման­նե­րու մէջ եւ քայ­քա­յո­ւած ա­ռող­ջու­թեամբ՝ 15 Հոկ­տեմ­բեր 1925ին իր վեր­ջին շուն­չը փչեց հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման աս­պե­տա­կան շունչն ու կամ­քը խորհր­դան­շող մե­ծա­նուն հա­յը, դաշ­նակ­ցա­կան ռահ­վի­րան։

Ին­նի­սուն բախ­տո­րոշ տա­րի­ներ ան­ցած են Խա­նա­սո­րի Իշ­խա­նին մա­հէն աս­դին, բայց ա­նոր անձն ու գոր­ծը, գա­ղա­փա­րա­կան հա­ւատքն ու աս­պե­տա­կան ո­գին կը շա­րու­նա­կեն ներնչ­ման աղ­բիւր ըլ­լալ մեր սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։

Իշ­խան­նե­րու ու­ղիով՝

¬ Հայ ժո­ղո­վուր­դը վե­րա­կանգ­նե­ցաւ թրքա­կան պե­տու­թեան հաս­ցու­ցած ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­հա­ւո­րա­գոյն հա­րո­ւա­ծէն։

¬ Ռու­սեւ­թուրք դա­ւադ­րու­թեամբ 1920ին խոր­տա­կո­ւած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը վե­րա­տի­րա­ցաւ իր ան­կա­խու­թեան եւ ա­զա­տու­թեան։

¬ Հայ Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը ի մի խմբած է հայ­րե­նի թէ տա­րա­գիր հա­յու­թիւ­նը, իբ­րեւ մէկ ու միաս­նա­կան ի­րա­ւա­տէր շա­րու­նա­կե­լու հա­մար յա­րա­տեւ կռի­ւը՝ ի խնդիր ամ­բող­ջա­կան Հա­յաս­տա­նի ու ամ­բող­ջա­կան հա­յու­թեան նո­ւա­ճու­մի­ն։

Ն.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.