«Թուրքան եւ 1990-ական Թուականներու Ղարաբաղեան Հակամարտութիւնը՝ Պատմական Բաղդատական վերլուծում մը»


armenianhouse.org կը ներկայացնէ Հայկ Դեմոյեանի The foreign policy of Turkey and the Karabakh conflict  գիրքի ամփոփումը։
Իր արմատները ունենալով պատմութեան մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութիւնը սկիզբ առաւ այն օրէն, երբ թրքախօս քոչուորներ սկսան գաղթել դէպի Հարաւային Կովկասի արեւմուտքը։ Ազրպէյճանցիներուն ազգային ինքնութիւնը զարգացաւ Պաքուի քարիւղի պաշարներուն վերահսկողութեան համար պայքարող մեծ տէրութեանց բախումէն։ Այդ օրունէ ի վեր, Ազրպէյճան ռազմավարական կարեւորութիւն ստացաւ։ Պատմականօրէն հայերով բնակուած Ղարաբաղը, անոր լեռնային ու դաշտային բաժինները, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանը օգտագործուեցան իբրեւ ազրպէյճանցի ղեկավարներուն հաւատարմութիւնը ապահովելու կաշառքներ։

Ներկայ հակամարտութիւնը կարելի է դիտարկել իբրեւ մէկ կողմէ նորակազմ ազրպէյճանական պետութեան ու ազգային ինքնութեան եւ միւս կողմէ՝ պատմականօրէն կազմուած հայկական ինքնութեան միջեւ հակամարտութիւն մը, որ նաեւ ունի քաղաքական եւ մշակութային ազդակներ, որոնք նկարագրուած են հակամարտութեանց ուսումնասիրութեանց ոլորտի բազմաթիւ հրատարակութիւններու մէջ։

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարութեան թրքական ներկայ մօտեցումը պատմութեան մէջ բազմաթիւ զուգահեռներ ունի։ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին փանթրքական քաղաքականութիւն վարելով՝ Երիտասարդ թուրքերու կառավարութիւնը գործադրած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերը բնաջնջելու տխրահռչակ ցեղասպանական ծրագիրը եւ կը պատրաստուէր գրաւելու ռուսական անդրկովկասը Ռուսական կայսրութեան թրքախօս համայնքներուն հետ կապ հաստատելու համար։ 

Մեծամասնութեամբ հայերով բնակուած Լեռնային Ղարաբաղը արգելք էր Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութեան դիմաց։ Թրքական զօրքերը Պաքուն գրաւելէ եւ այդտեղ աւելի քան 10,000 հայեր ջարդելէ ետք զայն գրաւելու նպատակով ուղղուեցան Ղարաբաղ։ Շրջանին մէջ ահ ու սարսափ տարածելով եւ հայերը հալածելով՝ թրքական բռնագրաւումի տակ եղող Ազրպէյճանի կառավարութիւնը հայկական տեղական ինքնապաշտպանութեան ուժերուն կողմէ բուռն դիմադրութեան հանդիպեցաւ։ 1919-ին եւ 1920-ին, ազրպէյճանական թրքական զօրքերը Լեռնային Ղարաբաղի գլխաւոր քաղաք՝ Շուշիի մէջ 15,000 հայեր ջարդեցին։

Համաշխարհային Ա. պատերազմին մէջ իրենց կրած պարտութեան իբրեւ հետեւանք թրքական ուժերու Հարաւային Կովկասէն հեռանալէն ետք, «թրքական ազդակ»-ը շարունակեց գոյատեւել Ազրպէյճանի մէջ, որովհետեւ հազարաւոր թուրք սպաներ եւ զինուորներ զինուորագրուեցան ազրպէյճանական բանակին մէջ եւ գործօն կերպով մասնակցեցան Ղարաբաղի հայերուն դէմ ազրպէյճանական բանակի գործողութիւններուն։

Հակամարտութեան նոր հանգրուանը սկսաւ Փետրուար 1988-ին, երբ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի տեղական Ժողովուրդի երեսփոխաններու խորհուրդը որդերգեց որոշում մը Հայաստանի ու Ազրպէյճանի Գերագոյն խորհուրդներուն ու Խորհրդային Միութեան կոչ ուղղելով՝ ԼՂԻՄ-ի վերահսկողութիւնը փոխանձնելու Խորհրդային Հայաստանի հանրապետութեան։

Հակամարտութեան սկիզբի հանգրուանին, Թուրքիա ատոր նկատմամբ զգուշաւոր կեցուածք որդեգրեց՝ վախնալով խորհրդային կառավարութեան կողմէ ժխտական հակազդեցութեան մը հաւանականութենէն։ Խորհրդային միութեան անկումէն մէկ ամիս առաջ, Թուրքիա Ազրպէյճանի անկախութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող առաջին երկիրը դառնալով ապահովեց անոր պաշտպանի դերը։

1990-ական թուականներու սկիզբը Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք, Թուրքիոյ փանթրքական ախորժակները անգամ մը եւս վերակենդանացան եւ Անգարան մղեց աշխարհաքաղաքական նոր դերակատարութեան մը ձգտելու։ Թուրքիոյ Ազրպէյճանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հանրապետութեանց հետ ունեցած ցեղային-լեզուական, մշակութային եւ պատմական մօտիկութիւնները՝ թուրք ղեկավարները աշխուժօրէն առնչակից դարձան Թուրքիոյ ղեկավարութեամբ թրքական համադաշնակցութեան մը ջատագովման։

Թրքական ազդակը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վրայ ազդող տարբեր ազդակներէն մէկն էր։ Շարք մը թրքախօս երկիրներ մասնակից դարձան թէ՛ հակամարտութեան լուծման, թէ՛ մագլցման։ Վերջինս մասնաւորաբար ակներեւ էր Թուրքիոյ ազրպէյճանամէտ կեցուածքին մէջ։

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ թրքական միջամտութեան բազմաթիւ փաստերն ու ազդակները նկատի ունենալով պէտք է նշել, որ Թուրքիան՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ պատերազմին մէջ բացայայտ կերպով աջակցելով Ազրպէյճանի, մասնակից էր հակամարտութեան եւ ոչ թէ՝ անոր լուծման։ Հակամարտութեան մէջ թրքական մեղսակցութիւնը կը ներառէր հետեւեալ բաղադրիչ մասերը

– Զինուորական միջամտութեան սպառնալիքներ, ուժի ցուցադրութեամբ ճնշում,

– Հայաստանի դէմ ապրանքներու փոխադրութեան ու ուժանիւթի շրջափակում,

– Ազրպէյճանի զինուորական աջակցութեան տրամադրում,

– Հակահայ պլոքի կազմութեան եւ Հայաստանը տեղեկատուական մեկուսացման ենթարկելու նախաձեռնութեանց զարգացում,

Միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ ազրպէյճանական շահերու ջատագովում։

Թէ՛ Ազրպէյճան, թէ՛ Թուրքիա կը փորձեն հակամարտութիւնը ներկայացնել իբրեւ «թուրք եղբայրներու» հայերու դէմ ճակատում մը, որպէսզի Կեդրոնական Ասիոյ թրքական հանրապետութիւններու աջակցութիւնը ապահովեն։ Թուրքիա մաս կազմեց Ազրպէյճանի նախաձեռնած Հայաստանի տնտեսական շրջափակման եւ մերժեց դիւանագիտական ու առեւտրական յարաբերութիւններ հաստատելու Հայաստանի առաջարկը։ Անգարայի Հայաստանի հետ կապեր հաստատելու նախապայմաններն այն էին, որ Հայաստան պէտք է

– Դադրեցնէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ջանքերուն իր աջակցութիւնը,

– հրաժարի Թուրքիայէն հողային պահանջներէն,

– Իր զօրքերը հեռացնէ Ազրպէյճանէն եւ ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ազրպէյճանական գերիշխանութիւնը։

(Ա. Մաս)


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.