Թուրքիա.- դասագիրքերը դարձեալ ատելութիւն կը քարոզեն հայերու դէմ


«­­Թա­րաֆ» թեր­թը նա­խան­ցեալ շա­բաթ օ­րո­ւան իր թի­ւին մէջ, հիմ­նո­ւե­լով Սեր­տար ­­Գո­րու­ճո­ւի մէկ թղթակ­ցու­թեան վրայ, դի­տել կու տար, որ դպրոց­նե­րու մէջ ա­շա­կերտ­նե­րուն առ­ջեւ դար­ձեալ պի­տի դրո­ւին դա­սա­գիր­քեր, ո­րոնց մէջ ա­տե­լու­թիւն կը սեր­մա­նո­ւի հա­յե­րու ու յոյ­նե­րու նկատ­մամբ, այս եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը դա­

ւա­ճան կը հռչա­կո­ւին: Ա­ւե­լի՛ն. հիմ­նո­վին կը ժխտո­ւի 1915ը ու կը պնդո­ւի, որ հա­յե­րը տե­ղա­հա­նո­ւե­ցան ի­րենց իսկ ա­պա­հո­վու­թեան հա­մար, պար­զա­պէս փոքր թի­ւով հա­յեր մե­ռան տե­ղա­փո­խու­թեան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րէն ու հի­ւան­դու­թե­նէ: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ ­­Պոլ­սոյ «­­Նոր ­­Մար­մա­րա»ն:

Փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ ա­տե­լա­վառ տո­ղեր կան 8րդ ­դա­սա­րա­նի հա­մար պատ­րաս­տո­ւած «Ին­գի­լափ թա­րի­հի» դա­սա­գիր­քին մէջ, որ տպուե­ցաւ «­­Թու­նա» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ, եւ որ հինգ տա­րի պի­տի դա­սա­ւան­դո­ւի դպրոց­նե­րու մէջ: Այս­տեղ կը պնդուի, որ հա­յերն ու յոյ­նե­րը, քա­ջու­թիւն առ­նե­լով ­­Մուտ­րո­սի հա­մա­ձայ­նու­թեան յա­ջոր­դող բռնագ­րա­ւում­նե­րէ, ի­րենց պե­տու­թիւն­նե­րը հիմ­նե­լու նպա­տա­կով շարժ­ման ան­ցան թուր­քե­րու դէմ: ­­Կով­կա­սեան ճա­կա­տի վրայ հա­յե­րը կռնա­կէն զար­կին Էն­վեր փա­շա­յի բա­նա­կին: ­­Հա­յե­րը սպանդ­ներ գոր­ծե­ցին, այս պատ­ճա­ռաւ ալ ա­նոնց­մէ շա­տե­րը ղրկո­ւե­ցան դէ­պի ա­պա­հով շրջան­ներ: ­­Քիչ թի­ւով հա­յեր ի­րենց կեան­քը կորսն­ցու­ցին պայ­ման­նե­րու ծան­րու­թեան ու հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով:

Ա­սոնց­մէ ա­ւե­լի ծանր ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ կան 10րդ ­դա­սա­րա­նի հա­մար պատ­րաս­տո­ւած դա­սա­գիր­քին մէջ: ­­Հոն կ­­՛ը­սո­ւի, որ հա­յե­րը մեծ ա­ռիթ նկա­տե­ցին, երբ օս­մա­նեան պե­տու­թիւ­նը մտաւ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի մէջ: ­­Գիր­քին 210րդ­ է­ջին վրայ հա­յե­րը ցոյց կը տրո­ւին որ­պէս սպանդ­ներ կա­տա­րած կողմ: ­­Ռու­սե­րը գրա­ւե­ցին ­­Վան, ­­Մուշ, ­­Պիթ­լիս, Էր­զին­ճան (Երզն­կա) եւ Տ­րա­պի­զո­նը, ու այս շրջան­նե­րու հա­յերն ալ ռու­սե­րուն միա­նա­լով` սպանդ­ներ կա­տա­րե­ցին: Այս մի­ջո­ցին է, որ ապրո­ւե­ցան այն պա­տա­հար­նե­րը, ո­րոնք հա­յե­րու կող­մէ աշ­խար­հի կը ներ­կա­յա­ցո­ւին որ­պէս 1915: Օս­մա­նեան պե­տու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ար­գելք հան­դի­սա­նայ հայ-ռուս գոր­ծակ­ցու­թեան, փա­կեց հայ­կա­կան միու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ա­հա­բեկ­չա­կան կեդ­րոն­ներ էին: ­­Ներ­քին պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով ալ հա­յե­րը առ­ժա­մեայ կեր­պով ղրկո­ւե­ցան ­­Սու­րիա:

Վեր­ջին հա­շո­ւով, դա­սա­գիր­քին քա­րո­զած մայր գա­ղա­փարն այն է, որ հա­յե­րը ի­րենց իսկ բա­րի­քին ու կեան­քի ա­պա­հո­վու­թեան հա­մար առ­նո­ւե­ցան պա­տե­րազ­մա­կան շրջան­նե­րէն ու ղրկո­ւե­ցան ա­ւե­լի ա­պա­հով տե­ղեր: Ո­րով­հե­տեւ հայ­կա­կան հրո­սա­խում­բե­րը կը սպան­նէին նաեւ այն հա­յե­րը, ո­րոնք չէին մաս­նակ­ցեր ի­րենց ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­նե­րուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.