Արցախեան Ազատամարտի Քաջարի Հրամանատար Աշոտ Բեկորը Այսօր Կը Դառնար 56 Տարեկան
Նազարէթ Պէրպէրեան
Հոկտեմբեր 6-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայոց ժամանակակից պատմութեան ամէնէն առինքնող հերոսներէն ԲԵԿՈՐի։
Արցախեան Ազատամարտի քաջարի հրամանատարի կերպարը մարմնաւորող ընտրեալներէն է աւազանի անունով Աշոտ Ղուլեան, որ Արցախի պաշտպանութեան եւ ա զատագրութեան համար իր մղած մարտերու ընթացքին աւելի քան տասը անգամ վիրաւորուեցաւ ռազմի դաշտերուն վրայ, բայց որովհետեւ վերապրեցաւ իր մարմինը խոցած փամփուշտի եւ արկի բեկորներէն՝ արժանացաւ ԲԵԿՈՐ անունով կրակի մկրտութեան։
Բեկոր-Աշոտ անզուգական ներդրում ունեցաւ դաշնակցական ֆետայիի նորօրեայ աւանդի կերտումին մէջ՝ իր անձնազոհութեամբ, գաղափարապաշտութեամբ եւ խիզախութեամբ կենդանի առասպել դառնալով։
Աշոտ Ղուլեան ծնած էր Պաքու, 1959 թուականի Հոկտեմբերի 6-ին: 1975-ին, Ղուլեաններու ընտանիքը տեղափոխուեցաւ Ստեփանակերտ, ուր ուսանեցաւ եւ 8-րդ դասարանը աւարտեց Աշոտ։ 1977-ին զօրակոչուեցաւ խորհրդային բանակ, որու շարքերուն մէջ ծառայեց մինչեւ 1979: Զօրացրուելէ ետք, անմիջապէս նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ՝ միաժամանակ երեկոները հետեւելով ուսման։
1985-ին աւարտելով ուսումը՝ ամուսնացաւ եւ Աշոտ ու Նելլի Ղուլեանները ունեցան երեք որդի՝ Արթուր, Հմայեակ եւ կրտսերը Բեկոր, որ ծնաւ հօր զոհուելէն ետք:
Ինչպէս որ կենսագիրները կը վկայեն, Աշոտ բազմարհեստ, «ոսկի ձեռքեր» ունեցող վարպետ էր՝ դերձակ, շինարար, ինքնաշարժի վարորդ, փականագործ: Արցախեան ազգային-ազատագրական շարժման սկզբնական փուլէն իսկ՝ նախազգալով, որ միտինկ-ցոյցերը սպասուող անխուսափելի պատերազմի նախերգանքն են, եւ առանց զէնքի՝ անկարելի պիտի ըլլար նուաճել ազատութիւնն ու անկախութիւնը, ան գաղափարակից իր ընկերներուն հետ ձեռնամուխ եղաւ ինքնաշէն նռնակներու, ինքնաձիգներու, հրացաններու եւ նռնականետներու պատրաստութեան։ Այդ զէնքերու փորձարկումներուն ժամանակ, Աշոտ երեք անգամ վիրաւորուած է: Անոր ստեղծած առաջին զէնքը 16գծանի կարճափող հրացանը եղած էր: Իսկ երբ հասաւ պահը, Աշոտ լծուեցաւ դէպի Արցախ զէնքեր գաղտնաբար փոխադրելու գործին եւ այդպէ՛ս իր տեղը գտաւ Արցախեան ֆետայական շարժման ակունքներուն մէջ:
ԲԵԿՈՐ իր մարտական մկրտութիւնը ստացաւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջանին մէջ՝ Իջեւանի ուղղութեամբ, ուր թշնամին արդէն սկսած էր իր ոտնձգութեանց:
Մինչեւ Արցախի «իսկական» պատերազմական գործողութեանց սկզբնաւորումը, ԲԵԿՈՐ մասնակցած է հայդուկային-հրոսակային շատ գործողութիւններու: Այդ շարքին յատկապէս յիշատակելի է ԲԵԿՈՐի ղեկավարած կարեւոր խափանարարական գործողութիւնը՝ Քելբաջարի մէջ տեղակայուած ՕՄՕՆ-ականներուն ռազմական օգնութիւն տանող ատրպէյճանական ռազմական շարասիւնին վրայ յարձակումը եւ այս վերջինի ոչնչացումը:
Դաշնակցութեան անդամագրուելով՝ ԲԵԿՈՐ շատ կանուխէն եւ շատերէն առաջ յանգեցաւ այն համոզումին, որ Արցախի ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրութեան համար նախապայման էր ստեղծել մշտական, կանոնաւո՛ր բանակ՝ իր կառուցուածքով եւ երկաթեայ կարգապահութեամբ: Այդպէ՛ս 1991-ին, երբ սկսաւ Արցախի կանոնաւոր բանակի առաջին զօրամասերուն կազմաւորումը, ԲԵԿՈՐին առաջարկուեցաւ գլխաւորել առաջին վաշտը, որուն կորիզը նոյնինքն իր ղեկավարած ջոկատն էր:
ԲԵԿՈՐ մասնակցած է Արցախի տարածքին մղուած մարտերու մեծ մասին՝ Ասկերան, Հադրութ, Շահումեան, Վերին շէն, Բուզլուխ, Մանաշիդ, Մալիբեկլու, Խոջալու, Կրկժան, Լեսնոյ, Քարին տակ, Շուշի, Լաչին, Մարտակերտ, Կուսապատ, Մաղաւուզ, Սրխաւենդ, Բաշ-Գիւնեփայա, Օրթա-Գիւնեփայա, Դրմբոն…
Բեկոր-Աշոտ Ղուլեան բացառիկ տաղանդով օժտուած հերոս անձնաւորութիւն էր՝ բնածին զինուորական, առաջամարտիկ, նախաձեռնող, համարձակ, վճռական, խիզախ ու հնարամիտ: ԲԵԿՈՐի հրամանատարական տաղանդը փայլեցաւ յատկապէս 1992-ի Մայիսին, Շուշիի ռազմագործողութեան իրականացման ժամանակ։ Առաջին վաշտը, ԲԵԿՈՐի գլխաւորութեամբ, եղաւ առաջինը, որ մուտք գործեց հայկական գերեալ քաղաքը եւ սկիզբ դրաւ անոր ազատագրման:
Բայց 1992-ի Օգոստոսի 24-ին Դրմբոն գիւղի ազատագրման համար մղուած մարտը եղաւ վերջինը… անզուգական ԲԵԿՈՐին։ Այս անգամ գնդակը մահացու էր, եւ ան հեռացաւ այս աշխարհէն՝ երթալու եւ համալրելու համար անմահ փաղանգը հայոց քաջարի հերոսներուն։
Յետ մահու, հայրենիքին մատուցած իր ծառայութեանց համար, ԲԵԿՈՐ պարգեւատրուած է «Մարտական Խաչ» առաջին աստիճանի եւ «Ոսկէ Արծիւ» շքանշաններով։ Արժանացած է «Արցախի Հերոս» կոչումին:
Հայրենի հողի պաշտպանութեան սուրբ գործը, որուն համար իր կեանքը զոհաբերեց Աշոտ Ղուլեան, այսօր կը շարունակեն անոր մարտական ընկերները եւ ԲԵԿՈՐի ներշնչումով կազմաւորուած հայոց նորանուն հերոսները: Արցախի կեդրոնական պաշտպանութեան շրջանի առաջին գումարտակը, որ ստեղծուած էր Աշոտ Ղուլեանի հրամանատարութեամբ գործած առաջին վաշտի հիմքին վրայ, այսօր կը կրէ ԲԵԿՈՐի անունը:
Այս գումարտակին մէջ է ան հոգեպէս՝ իբրեւ յուշ ու սրբութիւն։ Իսկ Ստեփանակերտի մէջ ԲԵԿՈՐին նուիրուած յուշարձանը դարձած է ուխտավայր հայոց սերունդներուն համար։
Աշոտ Ղուլեանի՝ ԲԵԿՈՐի ծննդեան տարեդարձին առիթով, վերանորոգելով Արցախի Քաջերուն ուղիով երթը շարունակելու համազգային մեր ուխտը, ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնենք պատգամի ուժ ունեցող ԲԵԿՈՐի հետեւեալ մտքերը.-
«Եթէ զինուորէն սկսեալ մինչեւ նախարարը բոլորանուէր իրենց գործը կատարեն, ապա մեր բոլոր ձեռնարկումները պիտի պսակուին յաղթանակով…»,- կ՚ըսէր Արցախի առասպելական հերոսը, որուն համար «հայրենասիրութիւնը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ քու վրայ դրուած պարտականութիւններու բարեխղճօրէն կատարում»։
Մարտերու միջեւ դադարի ժամանակ, Բեկոր մարտական իր ընկերներուն ըսած է.- «Եթէ Ղարաբաղը կործանուի, ապա միայն քաղաքական խաղերու պատճառով պիտի կործանուի – քաղաքականութիւնը ամէնէն սարսափելի գիշատիչն է»։