Գանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցաւ «Հորիզոն»ը


Թորոնթօ.- Երկուշաբթի հոկտեմբեր 5-ի երեկոյեան, Richmond Hill-ի մէջ , Գանատայի Վարչապետ Սթիվըն Հարփըր հանդիպեցաւ Գանատայի փոքրամասնութիւններու լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Վարչապետին հրաւիրած այս մամլոյ ասուլիսին կը մասնակցէին «Հորիզոն» շաբաթաթերթի ներկայացուցիչներ Ժան Պալճեան եւ Ժագ վարպետեան:

Գանատայի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու սեմին, վարչապետը անդրադարձաւ իր կառավարութեան հաւասարակշռուած պիտճէի իրականացման շուրջ արձանագրուած յաջողութեանց մասին, ընդգծելով որ այս միջոցին կարելի եղած է ապահովել 1.3 միլիոն աշխատատեղեր զանազան մարզերու մէջ:  Ան նշեց նաեւ, որ 51 երկիրներու հետ կնքուած են տնտեսական համաձայնագրեր, իսկ Ճարտարարուեստի մարզը պետական յատուկ ներդրումներու իբրեւ արդիւնք՝ 10% նկատառելի աճ արձանագրած է արտածման մէջ:

Հարփըր աւելցուց, որ վերընտրուելու պարագային, Գանատացի քաղաքացիին տուրքերը յաւելում պիտի չկրեն, ընդհակառակը՝ նոր միջոցներ որդեգրելով աշխատանք պիտի տարուի նուազեցնել զանոնք:

Վարչապետը ընդգծեց, որ իշխող Պահպանողական կուսակցութեան կառավարութեան ժամանակաշրջանին ներգաղթը յաւելում արձանագրած է:

Անդարդառնալով C-24 օրէնքին, Հարփըր շեշտեց, որ երկրի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար խիստ միջոցառումներով միայն կարելի պիտի ըլլայ պայքարիլ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ:

Վարչապետը իր զեկոյցէն ետք պատասխանեց Գանատայի զանազան ազգային փոքրամասնութիւնները ներկայացնող 14 մամլոյ ներկայացուցիչներու հարցումներուն։ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի ներկայացուցիչ Ժան Պալճեան նախ շնորհաւորեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառի ձեռամբ Վարչապետին շնորհուած Կիլիկիոյ «Իշխան»ի շքանշանին առիթով եւ յիշեցուց, որ ան արժանի է այդ պարգեւին , որովհետեւ միշտ պաշտպանը հանդիսացած է ժողովուրդներու արդար դատերուն: Ժան Պալճեան հարց տոաւ, թէ վերընտրութեան պարագային, ի՞նչ պիտի ըլլան Գանատայի կառավարութեան քաղաքական ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները, որպէսզի կասեցուին Սուրիոյ եւ Իրաքի տագնապները, եւ վերջ տրուի Միջին Արեւելքի կրօնական փոքրամասնութիւններու հալածանքին ու ողջակիզման:Վարչապետը լայնօրէն անդրադանալով Իսլամական Պետութեան (ISIS), յայտնեց, որ ահաբեկչական այդ կազմակերպութիւնը կը սպառնայ ուղղակիօրէն Գանատայի ապահովութեան եւ միակ միջոցը անոր ծաւալումը կասեցնելու՝ զայն ուղղակի իր որջին մէջ հարուածելն է զինուորական ազդու միջոցներով: Վարչապետը աւելցուց, որ Միջին Արեւելքի պատերազմական շրջաններէն Գանատա ապաստանիլ փափաքող գաղթականները, պէտք է ենթակայ դառնան պետական մանրակրկիտ ապահովական քննութիւններու եւ ապա միայն որոշուի ու վաւերացուի իրենց գաղթականի կարգավիճակը:

Երկրորդ հարցումով, «Հորիզոն»ի ներկայացուցիչը անդարադարձաւ հայաստանի մէջ Գանատական հիւպատոսարան հաստատելու վարչապետ  Հարփըրի յայտարարութեան մասին, եւ խնդրեց իմանալ կարելիութիւնները մօտ ապագային միջ-պետական յարաբերութեան ներկայացուցչական մակարդակը բարձրացնելու դեսպանտան կարգավիճակի: Վարչապետը պատասխանեց, որ հիւպատոսարանը առաջին քայլն է, ամրագրելու ուղին յաջորդ հանգրուանին, որ պիտի ըլլայ Գանատայի դեսպանի մշտական ներկայութիւնը Երեւանի մէջ:

«Հորիզոն»

 



Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.