Իսթանպուլի Քաղաքապետութիւնը 37 միլիոն տոլար պէտք է վճարէ Հայ Կաթողիկէ համայնքին


«Նոր Մարմարա».- Շիշլիի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Ս. Յակոբ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը դատական յաղթանակ մը տարած է Իսթանպուլի Քաղաքապետութեան դէմ, պահանջելով որ վճառուի Շիշլիի ամենէն բանուկ հրապարակին վրայ 45 տարի առաջ ապասեփականացուած 4 հազար 474 մեթր քառակուսի հողամասին փոխարժէքը։ Այս հողամասը կը գտնուէր գերեզմանատան շրջանակին մէջ։ Դատարանը վերջապէս վճռած է Հայ Կաթողիկէ համայնքի ի նպաստ ու որոշած է որ Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետութիւնը Հայ Կաթողիկէ Համայնքին վճարէ 111 միլիոն 850 հազար լիրա (37 միլիոն տոլար) ու այս գումարին երկու տարուան տոկոսը։

Պատմութիւնը կ՚երթայ մինչեւ 1971։ Այդ թուականին Քաղաքապետութիւնը սպասեփականացուցած ու գրաւած էր 4 հազար 474 մթր. քառակուսի տարածութեամբ հողամասը, որուն վրայ կառուցուեցան առեւտրական կեդրոններ ու մէթրոպիւս գացող ստորեկրեայ ճամբաներ (Այն հողամասը ուր հիմա Ճէվահիր առեւտուրի կեդրոնը կայ)։ Մայր Քաղաքապետութիւնը այս հողամասը գրաւելով հանդերձ անոր փոխարժէքը չէր վճարած։ Հոգաբարձութիւնը դատ բացած էր այս բռնագրաւումին դէմ։ Դատարանը երկու տարի առաջ որոշեց որ բռնագրաւուած հողամասը թափուի մէջ արձանագրուի Ս. Յակոբ Հիւանդանոցի անուան։ Բայց որովհետեւ հոն կառուցուած շինութիւններու հետեւանքով կարելի պիտի չըլլար հողամասը վերադարձնել, Հոգաբարձութիւնը պահանջած էր հողամասին փոխարժէքը։ Դատարանը ընդունեց դիմումը ու որոշեց որ Մայր Քաղաքապետութիւնը վճարէ վերոյիշեալ գումարը։

Որոշումը հիմա պիտի երթայ Վճռաբեկ Ատեան եւ եթէ հոնկէ ալ վաւերացուի, Հայ Կաթողիկէ Համայնքը պէտք է ստանայ այս պատկառելի գումարը։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.