Ըստ թուրք Նախարարին՝ PKK կը ծառայէ Թուրքիոյ մէջ պետութիւն հիմնել ուզող հայկական լոպպիին
1421
0
Թուրքիոյ բնապահպանութեան նախարար Վէյսէլ Էրօղլու Հոկտեմբեր 2-ին հարցազրոյց մը ունեցած է TGRT Haber հեռատեսիլի կայանին հետ ու պատասխանած Թուրքիան ներքաղաքակական կեանքը յուզող շարք մը հարցումներու։ Հարցազրոյցին գլխաւոր նիւթը եղած է PKK-ի (Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութիւն) դէմ տարուող պայքարը։
Իր խօսքի վերջաւորութեան թուրք նախարար Էրօղլու հակահայ մեկնաբանութիւններ կատարած է: Նախարարը ըսած է, որ PKK իրականութեան մէջ կը զօրակցի հայկական լոպպիին, որուն նպատակն է Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններու բնակչութիւնը հեռացնել ու հոն հայկական պետութիւն մը հիմնել։