Գաղթ եւ անհեռանկար քաղաքականութիւն


Աշխարհի մէջ, ըստ ՄԱԿի տուեալներուն, կան վաթսունհինգ միլիոն գաղթականներ: Այսինքն մոլորակի 1000 բնակիչներէն 9-ը  գաղթական են: Այս տոկոսին մաս չեն կազմեր այն բոլոր գաղթականները, որոնք այս կամ այն ձեւով իրենց կայք հաստատած երկիրներուն քաղաքացի դարձած են, չեն գտնուիր ՄԱԿի յայտարարած վաթսունհինգ միլիոնին մէջ:

Հարցը է, թէ ինչպէս կը սահմանենք գաղթականութիւնը, եթէ նկատի ունենանք, որ ինքնութեան կորուստի զգացում կայ, նոյնիսկ քանի մը սերունդ ետք:

            Ֆրանսա հաստատուած թունուզցին, մարոքցին, ալժերիացին, Ափրիկէի տարբեր երկիրներէ եկածներ, աւելի հիներ՝ ինչպէս հայերը, լեհերը եւ ուրիշներ, որոնք Ֆրանսայի քաղաքացի դարձած են, սերպերը, անոնց զաւակները, երկրին մէջ ծնած ըլլալու իրաւունքով ինքնաբերաբար ֆրանսացի են, գաղթական ըլլալէ դադրա՞ծ են: Այսօր Եւրոպան կը դիմագրաւէ բնակիչի-քաղաքացիի եւ ազգի բարդ խնդիրները: Քաղաքացիութիւնը կը լուծէ՞ ազգային, մշակութային, կրօնական եւ պատմական պատկանելիութիւններու տարբերութիւնները: Կարելի՞ է արտօնագիր-թուղթով ձեռք բերուած օրինական ինքնութեամբ փոխարինել արմատներու, մշակութային եւ պատմական յիշողութեան գումարով ինքնութիւնը:

            Գաղթական են նաեւ քաղաքական ապաստանեալները, անոնք ալ, երկարատեւ կեցութեան ընթացքին, կ’ունենան քաղաքացիութիւն, երբ պայմանները փոխուին, ոմանք կը վերադառնան իրենց երկիրները: Շատերը կը մնան:

            Գաղթական են նաեւ այլ երկինքներու տակ աշխատանքի համար մեկնած-ընդունուածները, որոնք կը մնան, քաղաքացիութիւն կը ստանան: Բայց մաս կը կազմե՞ն երկրի ազգային համայնքին: Թէեւ այս «ազգային» յղացքը տարբեր սահմումներ ունի՝ ըստ հայեացքներու: Կրնա՞ն մաս կազմել եթէ ազգային միութեան հասարակ յայտարարները,- լեզու, մշակոյթ (իր զանազան արտայայտութիւններով), արժէքներ, հաւասարապէս չեն ընդունուած եւ ապրուած բոլորին կողմէ:

            Տեսութիւններէ բխած լայնամտութեամբ կը խօսուի համարկում-մերուումի (intégration) մասին:

            «Գաղթականութիւն»ը շփոթ ստեղծած եւ ստեղծող եզր է, հակառակ մարդկային իրաւանց յայտարարութենէն բխած գաղափարներու, քանի որ գաղթականութիւններըու պատճառականութիւնները այնքան տարբեր են, եւ զանոնք խմբել մէկ սահմանումի, տակ չի դիւրացներ կացութիւններու ըմբռնումը եւ լուծումներու որոնումը:

            Նոյն երկրին մէջ ազգային միութիւն կարելի՞ է ստեղծել առանց քաղաքակրթական եւ մշակութային հասարակաց ըմբռնումներու եւ առանց անոնց հետեւող իսկական համարկումի, որ կ’ենթադրէ հասարակաց պարտաւորութիւններ եւ իրաւունքներ միաժամանակ:

            Բայց նոյնինքն մարդկային իրաւանց տեսանկիւնէ, հարց պէտք է տալ, թէ համարկումը պէ՞տք է նոյնացնել լուծման (assimilation) հետ: Կա՞ն գաղթականութիւններ որոնք չեն կրնար համարկուիլ եւ լուծուիլ:

Ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ ո՞ր պայմաններու մէջ համարկում կարելի է եւ կարելի չէ, նկատի ունենալով ե՛ւ գաղթականը ե՛ւ ընդունողը:

Դէպի եւրոպական եւ այլ երկիրներ հզօր թափով գաղթականութեան ալիք կայ այսօր միջինարեւելեան սուր տագնապին եւ անուն չունեցող հակաքաղաքակրթական պատերազմին պատճառաւ:

Գաղթողը ապահովութիւն կը փնտռէ, աւելի լաւ կեանքի հեռանկար: Ընդունողները կ’անսան մարդկային իրաւանց հրամայականին:

Սակայն գաղթականութիւն ընդունիլ հեզասահ ընթացք չէ: Մշակութային, քաղաքակրթական եւ այլ ազդակներու շարքին, անխուսափելի է կարելիութիւններու նկատառումը. աշխատանք, միջոցներ, տնտեսական հնարաւորութիւններ, մէկ խօսքով ընդունող երկրի ընկերատնտեսական կացութիւնը: Եթէ այդ կացութիւնը լաւ չէ, նոր հասնողներու կարիքներուն բաւարարութիւն տալ ընկերաքաղաքական լարուածութեան պատճառ կրնայ ըլլալ: Այս մէկն ալ կ’աւելնայ նախապէս յիշուած դժուարութիւններուն վրայ:

Գաղթականութիւն ընդունող երկիրներու տնտեսական կացութիւնը հեռու է փայլուն ըլլալէ,- հաւանօրէն բացի Գերմանիայէն,- գործազրկութիւնը եւ անոնց արտաքին պարտքը փտախտի վերածուած են, անոնք կային գաղթականական ալիքէն առաջ, բայց երբ անցնի յուզման պահը, ընդունողները պիտի սկսին նորերը պատասխանատու համարել կացութեան, եւ ծնունդ տալ լարուածութեան եւ անոր հետեւանքներուն: Այդպէս է ամբոխային տրամաբանութիւնը:

Հիմա արդէն կը խօսուի այդ գաղթականութիւնը իր երկրէն կամ մերձաւոր շրջաններէն չհեռացնելու մասին, եթէ արդէն կացութիւնը անվերադարձ չէ, ինչ որ պատճառ պիտի ըլլայ կարգ մը շրջաններու մէջ դժուար հաստատուած հւասարակշռութիւններու խախտումին: Ամենէն յատկանշականը, օրինակ, Լիբանանն է, ուր հասած են շուրջ մէկուկէս միլիոն գաղթականներ, երբ տնտեսական, կրօնական, համայնքային յարաբերութիւնները դիւրաթեք են այդ երկրին մէջ, աշխատանքի կարելիութիւնները եւ ենթակառոյցները (յատկանշական է աղբի հաւաքման հարցը) խիստ անբաւարար են:

Ճիշդ է որ կը խօսուի այդ գաղթականութեան (Սուրիոյ պարագային) վերադարձին մասին: Բայց այդ կարելի դարձնելու համար հաւասարակշռութիւնը եւ օրէնքը խախտող ուժերը պէտք է վնասազերծել, եւ այդ կարելի չէ զգացական յայտարարութիւններով, բարեսիրութեամբ, ժողովներով, գեղագիտական պատերազմով (օդային ռմբակոծումներով): Միջազգային համայնքը, մանաւանդ անոնք որոնք քիչ թէ շատ իրենք զիրենք կոչած են իրաւարարի կամ ոստիկանի պաշտօնին, հարկադրաբար պիտի միջամտեն բիրտ ուժին հակադրելով բիրտ ուժը:

Ինչ կը վերաբերի հացի եւ աշխատանքի համար տեղի ունեցող գաղթին, միջազգային բարոյականը պիտի ըսէր, որ փոխանակ հասութաբեր կալուած համարելու հանքային հարստութիւններ ունեցող երկիրները, որոնց ժողովուրդները կ’արտագաղթեն, այդ հարստութիւնները ծառայացնեն նոյն այդ երկիրներու բարգաւաճման (նաւթ կամ իւրանիոմ արտադրող երկիրներու մեծ մասը չ’օգտուիր այդ հարստութիւններէն):

Պէտք է մտածել նաեւ վաղուան մասին: Գաղթականութիւն ընդունող երկիրներու բնակչութեան ազգային-մշակութային-քաղաքակրթական պատկերը (ինքնութիւն եւ հաւասարակշռութիւն) պիտի փոխուի: Ճկոյթի ետին պէտք չէ թաքնուիլ: Գաղթականութիւն ընդունող երկիրները իրենք պիտի գտնուին անելանելի կացութիւններու առջեւ, հետեւանք՝ անմիջականի եւ զգացականի թելադրած անհեռանկար եւ խարխափումի քաղաքականութեան:

Քաղաքական ղեկավարը, դիրքապաշտութենէ անդին եղող ապագան պէտք է տեսնէ, ինչ որ քաղաքական պարկեշտութիւն կը պահանջէ, ընդդէմ փառասիրութեան, շահախնդրութեան, եսի:

Այս՝ քաղաքականութիւն կոչուած, կամ ինքզինք այդպէս դաւանող միգամածի բոլոր մակարդակներուն:

Իւնեսքոյի տնօրէն մը ըսած էր՝ վաղը արդէն ուշ է…

Կը փնտռուին իմաստուն հռոմէացի Մարկոս Աւրելիոս մը, հնդիկ Մահադմա Կանտի մը, կամ վերստին կարդալ Պիոս ԺԱ.ի 1931-ի Գիրը (encyclique) դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան մասին, հասկնալու համար, թէ ինչպէ՞ս կը դիզուի, անհատի մը կողմէ, տասը, քսան, հարիւր եւ աւելի միլեառ տոլարը կամ եւրոն… եւ որոնց իրաւազրկումով:

 Յ. Պալեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.