Իսլամացած հայերու մկրտութեան մերժումին առթիւ


 

Մերժուած Մկրտութեան մը Առթիւ

 

Սուրէն Ծովիկեան 

Մամու­լէն տե­ղեկա­ցայ թէ այս ամառ, իս­լա­մացած քա­նի մը Հա­յեր, Թուրքիայէն Հա­յաս­տան եր­թա­լով, ու­զած են մկրտուիլ, սա­կայն իրենց փա­փաքը չէ իրա­կանա­ցած որով­հե­տեւ Հայ Եկե­ղեց­ւոյ բո­լոր պաշ­տօ­նեանե­րը, որոնց դի­մած էին կնքուելու նպա­տակով, զա­նազան պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րով իրենց դի­մու­մը մեր­ժած են։

Քա­հանայ մը, օրի­նակի հա­մար, իր մեր­ժումը բա­ցատ­րած է ըսե­լով թէ «Մկրտու­թիւնը show չէ»։ Կար­ծես թէ շատ ամուսնու­թիւններ, որ մկրտու­թեան նման հա­ւասա­րապէս Եկե­ղեց­ւոյ խոր­հուրդներ են, show չըլ­լան. յատ­կա­պէս եթէ նկա­տի առ­նենք Հա­յաս­տա­նի կարգ մը սա­կաւա­պետ­նե­րու – կամ ըն­թա­ցիկ ռու­սա­բանու­թեամբ մը՝ օլի­կարխնե­րու – զա­ւակ­նե­րուն այս առ­թիւ ցու­ցա­բերած շռայ­լութիւններն ու աչք ծա­կող ան­ճա­շակ ցու­ցա­մոլու­թիւննե­րը։

Եթէ մկրտու­թեան մեր­ժումին պատ­ճա­ռը խնդրար­կունե­րուն քրիս­տո­նէական կրօն­քի ան­բա­ւարար ծա­նօթու­թիւնն էր, կա­րելի էր, շատ լաւ, կնունքէն քա­նի մը օր առաջ մէկ-եր­կու ժա­մուան ըն­թացքին ամ­փոփ կեր­պով բա­ցատ­րել Հայ Եկե­ղեց­ւոյ Հա­ւատամ­քը, Տաս­նա­բանեայ պա­տուի­րան­նե­րը, եօթը Խոր­հուրդնե­րը եւ այլն ու, շատ-շատ, պա­տուի­րել որ նոր մկրտուողը, տուն դառ­նա­լէն ետք աւե­լի խո­րաց­նէր քրիս­տո­նէական իր գի­տելիք­նե­րը։ Եւ այս առընչու­թեամբ լաւ պի­տի ըլ­լար որ, եթէ ար­դէն գո­յու­թիւն չու­նի, թրքե­րէն լե­զուով գրքոյկ մը պատ­րաստուէր ուր ամ­փոփ կեր­պով այս ամէ­նը բա­ցատ­րուած ըլ­լար։ Ի պէտս այն բո­լոր իս­լա­մացած Հա­յերուն որ կ՚ու­զեն իրենց պա­պերուն հա­ւատ­քին վե­րադառ­նալ։

Թէեւ, ճիշդն ըսե­լով, քրիս­տո­նէական կրօն­քի ան­բա­ւարար ծա­նօթու­թիւնը հա­մոզիչ պատ­ճառ մը չի կրնար ըլ­լալ որով­հե­տեւ բո­լոր նո­րածին­նե­րը որ կը մկրտուին ի՞նչ գի­տեն քրիս­տո­նէու­թեան մա­սին։ Բայց ասով հան­դերձ, եւ առանց իրենց կամ­քը հար­ցուած ըլ­լա­լու, կը մկրտուին։ Կամ ալ մկրտու­թեան մեր­ժումին պատ­ճա­ռը այն կաս­կածն է որ խնդրար­կունե­րը, կամ անոնցմէ ոմանք, ծա­գու­մով հայ չըլ­լա՞ն, այլ թուրք կամ քիւրտ։ Այս պա­րագա­յին ալ մտա­հոգուելու եւ կնունքը մեր­ժե­լու պատ­ճառ չկայ, որով­հե­տեւ եթէ նկա­տի առ­նենք որ ԺԱ. դա­րուն առա­ջին ան­գամ Հա­յաս­տան խու­ժած Թուրքե­րը թուաքա­նակով հա­յերէն շատ աւե­լի քիչ էին ու յա­ջորդ դա­րերուն Թուրքե­րու եւ Քիւրտե­րու համ­րանքը աւել­ցած է ի հա­շիւ բռնի կամ կա­մովին իս­լա­մացած Հա­յերու, պարզ կը դառ­նայ որ – գէթ ներ­կայ Թուրքիոյ արե­ւելեան կէ­սին մէջ – այ­սօ­րուան Թուրքե­րու եւ Քիւրտե­րու երակ­ներուն մէջ շատ աւե­լի Հա­յու արիւն կը հո­սի քան թէ Թուրքի կամ Քիւրտի։

Հե­տեւա­բար այս Թուրքե­րը եւ Քիւրտե­րը որ մկրտուիլ կ՚ու­զեն, պար­զա­պէս իրենց հե­ռաւոր պա­պերուն հա­ւատ­քին վե­րադարձ մըն է որ կա­տարած կ՚ըլ­լան։ Իսկ եթէ իրա­կան թէ կար­ծե­ցեալ վտան­գը կայ որ մկրտուիլ փա­փաքող­նե­րը թուրք կա­ռավա­րու­թեան գոր­ծա­կալ­ներ ըլ­լան, ին­չէ՞ պի­տի վախ­նանք. որ Էջ­միած­նի վան­քին մէջ պատ­րաստուող, եւ Թուրքիոյ դէմ գոր­ծա­ծուե­լիք, հիւ­լէական զէն­քե­րու գաղտնիք­նե­րը կոր­զե­լով Ան­գա­րայի կա­ռավա­րու­թեա՞ն իմաց­նեն։

Հա­մաշ­խարհայ­նացման ու հա­մացան­ցի այս դա­րուն կա­րելի՞ է գաղտնիք մը պա­հել, երբ մէ­կու մը Նիւ Եոր­քի մէջ հա­զալն իսկ ան­մի­ջապէս Հոնկ Քոն­կի մէջ կ՚իմա­ցուի։ Բաց աս­տի Թուրքիան նոր մկրտուող­նե­րու պէ՞տք ու­նի որ­պէսզի Հա­յու­թեան ներ­քին խո­հանո­ցին իրա­զեկ դառ­նայ. ար­դեօք Թուրքիոյ մէջ, եւ Թուրքիայէն դուրս, ի ծնէ մկրտեալ Հա­յեր չկա՞ն որ, հա­յու­թեան մէջ դե­րակա­տար ալ ըլ­լա­լով հան­դերձ, Թուրքիոյ գի­տակից գոր­ծա­կալ­ներն ըլ­լան։

Տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր մի­ջազ­գա­յին հրա­պարակ­նե­րու վրայ կ՚աղմկենք Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի հայ­կա­կան յու­շարձան­նե­րուն փճաց­ման դէմ բո­ղոքե­լով ու պա­հան­ջե­լով որ գէթ այն ինչ որ մնա­ցած է՝ փրկուի։ Արդ ո՞վ տէր պի­տի կանգնի այս յու­շարձան­նե­րուն, ու անոնց յա­ւելեալ աւեր­ման առաջքն առ­նէ, եթէ ոչ, առա­ջին հեր­թին, անոնց մեր­ձա­ւորու­թեան մէջ ապ­րող Հա­յերու այս դժբախտ բե­կոր­նե­րը որ ի հե­ճուկս տա­րինե­րու հա­լածանքնե­րուն, գաղտնօ­րէն, բայց հե­րոսա­բար, պա­հած են Լու­սա­ւորի­չի լոյս հա­ւատ­քը։ Իրենց առ­ջեւ ոչ թէ Եկե­ղեցիին դուռնե­րը փակ պէտք է պա­հուին, այլ՝ լայ­նօ­րէն պէտք է բա­ցուին ու զի­րենք մկրտե­լէ ետք ալ իւ­րա­քան­չիւրին ճա­կատին համ­բոյր մը պէտք է դրոշմել։

 «Նոր Յառաջ»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.