«Հայ սպայի մը պատերազմական յուշերը Չանաքքալէի պատերազմէն»


Marmara – «Արաս» հրատարակչատունը թրքերէնով պատմական արժէք ներկայացնող նոր գիրք մը հրատարակած է վերջերս։ Այս անգամ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնուի Օսմանեան բանակի հայ սպայի մը օրագիրը Չանաքքալէի ու Արեւելեան Ճակատին վրայ, 1914-1918 թուականներուն։

Հայ սպան իրականութեան մէջ վիրաբոյժ մըն է, Աւետիս Ճէպէճեան, որ ճակատ կանչուելէ ետք 3 Նոյեմբեր 1914 թուականին սկսած է օրագիր մը գրել ու օրուան անցուդարձերը մէկ առ մէկ արձանագրել հայատառ թրքերէնով։ 

Օրագիրը կը հասնի մինչեւ 22-26 Դեկտեմբեր 1918, երբ հեղինակը ճամբայ կ՚ելլէր դէպի Էրզրում։ «Արաս» հրատարակչատունը այս գործին հրատարակութեան մօտեցած է ո՛չ միայն խմբագրական ծանր աշխատանքով, այլ նաեւ գիտական մտահոգութիւններու գծով։ Հրատարակուած ձեռագրին նայելով, որ առաջին էջին ձեռագիրն է, կարելի է հասկնալ թէ ինչպիսի դժուարութեամբ կարդացուած ու թրքերէն տառերու փոխադրուած է հեղինակին հայատառ խրթին ու հնաբոյր Թրքերէնը։ Այս համբերատար աշխատանքը կատարուած է Թագուհի Թովմասեանի կողմէ։ «Արաս»ի խմբագրութիւնը հաւատարիմ մնացած է հեղինակին հնաբոյր Թրքերէնին, անփոփոխ պահելով նաեւ սխալ արտասանուած բառերը, երբեմն փակագծի մէջ տալով անոնց ճիշդ ձեւերը։

Գրքին համար բովանդակալից Նախաբանը գրած է Այհան Աքթար, որ փոքրամասնութիւններու զինուորական խնդրի մասին Գրիգոր Զօհրապի կողմէ Խորհրդարանի մէջ կատարուած ելոյթէն մեկնելով կը ծանրանայ հրատարակուած վերոյիշեալ օրագրին վրայ ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.