Տիարպեքիրի ոստիկանութիւնը թալանած է հայ կաթոլիկ եկեղեցին


Տիարպեքիր նահանգի Սուր շրջանին մէջ գտնուող հայ կաթոլիկ եկեղեցին, սոյն տարածքին մէջ յայտարարուած պարէտային ժամուան ընթացքին, դարձած է թուրք ոստիկաններու յարձակման թիրախ:

«Տիճլէ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ` Հասըրլը թաղամասին մէջ գտնուող հազարամեայ եկեղեցին մեծապէս տուժած է: Ոստիկանները, սակայն, չեն բաւարարուած միայն եկեղեցւոյ վրայ յարձակմամբ, անոնք գողցած են այստեղ գտնուող որոշ պատմական իրեր, կը գրէ Արցախփրէսը:

Միջագետքի հայերու միութեան նախագահ Արաթ Քարակէօզեան գործակալութեան յայտնած է, որ հայերը կը պատրաստուին դատական գործ յարուցել փաստի կապակցութեամբ: Ան նշած է, թէ եկեղեցին կրած է մօտ 300 հազար թրքական լիրա (100 հազար տոլար) գումարի չափով վնաս:

«Ոստիկանութիւնը եկեղեցի մտած է` կոտրելով պատմական դռները: Ակնյայտ է, որ մեծ յարձակում  գործուած է եկեղեցւոյ վրայ: Գողցուած են յախճապակիին վրայ եղած մեր 6 պատմական նկարները, ինչպէս նաեւ` պահեստին մէջ գտնուող փորագրուած պատմական քարերը»,- յայտնած է Քարակէօզեան:

Մինչ այս Սուրի շրջանին մէջ ոստիկաններու եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան անդամներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով տուժած էր Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.