Սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալող՝ Սուրիոյ ոչ-դրացի երկիրներու ցանկին մէջ Հայաստան կը գրաւէ երրորդ դիրքը
2011 Մարտէն ի վեր, երբ սկսաւ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը, շուրջ 5 միլիոն հոգի գաղթի ճամբան բռնած է։ Անոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը (95%) կը փորձէ ապաստան գտնել կամ գտած է դրացի երկիրներու, գլխաւորաբար՝ Թուրքիոյ մէջ։ Կը փորձէ ապաստան գտնել կամ գտած է դրացի երկիրներու, գլխաւորաբար՝ Թուրքիոյ մէջ։ Կը յաջորդեն Լիբանան, Յորդանան, Իրաք եւ Եգիպտոս։ Այսօր, Թուրքիա ապաստանածներու թիւը կը գնահատուի 1.900.000։
Սուրիոյ դրացի երկիրներու բաղդատմամբ՝ Եւրոպայի հիւրընկալած սուրիացի գաղթականներու թիւը քիչ է։
Սեպտեմբեր 9-ին, Եւրոպական Յանձնաժողովը մեծամասնութեամբ սուրիացի 160.000 գաղթականներու համար սահմանեց Եւրոպական Միութենէն ներս, երիր առ երկիր՝ հիւրընկալման բաժինները։
2014 Յուլիսի տուեալներով՝ պատերազմին սկիզբէն ի վեր միայն 123.600 Սուրիացիներ ապաստանած են եւրոպական երկիրներ, այլ խօսքով ընդհանուրին միայն 4%-ը։ Բայց այդ թիւը զգալի յաւելում արձանագրած է 2015-ին. արդարեւ այս տարուան սիզբէն ի վեր Եւրոպական Միութեան սահմաններէն ներս, ապաստանի 755.000 դիմում ներկայացուած է, այլ խօսքով՝ 65%-ի յաւելում մը, բաղդատմամբ անցեալ տարուան։
Բացի Սուրիոյ դրացի երկիրներէն, ամենէն մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալած մնացեալ երկիրներու ցանկը կը գլխաւորէ Գերմանիա (41.000), որու կը յաջորդէ Շուէտ՝ 34.200-ով։ Ապա, երրորդ դիրքի վրայ կը հասնի Հայաստան, յետոյ՝ Հոլանտա, Պուլկարիա, Դանիա, Զուիցերիա, Մեծն-Բրիտանիա, Յունաստան, Ֆրանսա… Սփիւռքի նախարարութեան այս տարուան առաջին եռամսեայի տուեալներով՝ պատերազմին սկիզբէն ի վեր Սուրիայէն Հայաստան գաղթած է շուրջ 15-16 հազար հոգի. անոնց շուրջ 12 հազարը սուրիահայ է եւ ասոնց ճնշող մեծամասնութիւնը՝ 8-9 հազարը դարձած է Հայաստանի քաղաքացի։ Ցաւօք, ապաստանեալներու թիւը կը մեծնայ ամէն օր։