Խուճապ Ատրպէյճանական սահմանամերձ Գիւղերուն Մէջ
Վերջին օրերուն հակառակորդին յարձակումներուն հետեւանքով ստեղծուած լարուած վիճակները սահմանամերձ տարածքներուն մէջ խուճապային վիճակ չեն յառաջացուցած:
Լրագրողներու հետ զրոյցին՝ ըստ artsakhpress.am-ի՝ այս մասին ըսած է ՀՀ Ազգային ժողովի «Հանրապետական» խմբակցութեան անդամ Գագիկ Մելիքեան, որ պարբերաբար կ՛ըլլայ սահմանամերձ գիւղեր:
«Ահաւոր լարուած է վիճակը Տաւուշի մարզին կից ատրպէյճանական գիւղերում»,-ըսած է պատգամաւորը` տեղեկացնելով, որ այդ հատուածին ատրպէյճանական գիւղերու բնակիչներուն 50 տոկոսէն աւելին փախուստի դիմած են:
«Դիտարկումները ցոյց են տուել, որ գիւղերը դատարկ են, քանի որ անասուններն անտէր թափառում են: Խուճապային իսկական վիճակ է ատրպէյճանական գիւղերում. սահմանամերձ Այգեպար, Չինարի եւ Ոսկեւան գիւղերին սահմանամերձ ատրպէյճանական Ալիպելի, Աղտամ եւ Թաթըլլի գիւղերը գրեթէ ամբողջութեամբ դատարկ են»,- ըսած է Գագիկ Մելիքեան:
Պատգամաւորը նաեւ նշած է, որ այս լարուածութեան ետին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հանդիպումը բաւական լուրջ ազդակ է: