Սասունցի Հայը Կը Պատմէ Իր Մկրտութեան Մասին


Մելինէ Անումեան «Ակունք» կայքի վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ.

«Արմատներով սասունցի, ներկայիս Տիարպեքիրի մէջ բնակող Կարօտ Սասունեանը զրոյցի ընթացքին ներկայացուց իր «մկրտութեան» պատմութիւնը։ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գործող եկեղեցիներ գրեթէ չըլլալուն եւ քահանաներ չգոյութեան պատճառով՝ մեր ազգակիցները իւրայատուկ լուծումներ կը գտնեն՝ սեփական արմատները պահպանելու համար։ Անոր յուզիչ պատմութիւնը, որ թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ, վեր կը հանէ տեղւոյն հայութեան ունեցած էական խնդիրներէն մէկը՝ գործող եկեղեցիներու եւ Հայ առաքելական եկեղեցիի ճշմարիտ հաւատքի սկզբունքները ներկայացնող քահանաներու պակասը…

«Ներկայիս Տիարպեքիր նահանգին, իսկ նախապէս Սասուն գաւառի ենթակայ Խուլփ գաւառի Փասուր գիւղին մէջ, ուր նախապէս 15 մեծ ընտանիքներ կ՚ապրէին, երկու եկեղեցիներ կային։ Անոնցմէ մէկը Սուրբ Յակոբ Տէր-Յակոբեան եկեղեցին էր, իսկ միւսը՝ Սուրբ Գալուստ Տէր-Մկրտչեանը։

«Սուրբ Յակոբը նշանաւոր եկեղեցի մըն էր, ուր յատուկ օրերու հերիսա կ՚եփէին։ Իսկ Սուրբ Գալուստ Տէր-Մկրտչեան եկեղեցին շատ աւելի հին էր եւ կը գտնուէր աւերակ վիճակի մէջ։ Հակառակ ատոր՝ այդ եկեղեցին եւս կ՚օգտագործուէր յատուկ օրերու։ Սուրբ Յակոբ Տէր-Յակոբեան եկեղեցին ժողովուրդի շրջանակին մէջ քրտերէն կը կոչուէր «Տերիք-ա պավիյա»(«յօդացաւի եկեղեցի»), իսկ Սուրբ Գալուստ Տէր-Մկրտչեանը՝ «Տերիք-ա Հարապէ» («Աւերակ եկեղեցի»)։

«Տերիք-ա պավիյան» նախքան եկեղեցի դառնալը օգտագործուած է իբրեւ հեթանոսական տաճար։ Յօդացաւով տառապող հիւանդները չորեքշաբթի օրերուն՝ արեւածագէն մինչեւ մայրամուտ երկարող ժամանակահատուածին մէջ, կ՚այցելէին այդ եկեղեցին, մոմ կը վառէին եւ եկեղեցիի աւերակներէն կը վերցնէին քար մը, որ կը տանէին տուն, վառարանի վրայ կը տաքցնէին եւ կը դնէին այն հատուածի վրայ, ուր ցաւ կը զգային։ Անոնք կը հաւատային, որ այդ ձեւով կը բուժուի յօդացաւը։

«Մէկ ալ, որպէսզի երեխաները տաքութիւն չունենան, կամ որպէսզի արդէն իսկ տաքութիւն ունեցողները ապաքինին, դարձեալ չորեքշաբթի օրերը, արշալոյսէն մինչեւ մայրամուտ երկարող ժամանակահատուածին անոնց կը տանէին աւերակ դարձած եկեղեցին։ Մետաղէ ամանի մէջ իւղ կ՚այրէին, աղօթքներ կը կարդային, ապա այդ ամանի մուրով խաչեր կը գծէին երեխայի աջ ձեռքի բռան մէջ, ձախ ոտքի տակ եւ ճակատի մէջտեղը։ Ճիշդ մէկ շաբաթ, այսինքն՝ մինչեւ յաջորդ չորեքշաբթի անոնք պէտք չէ լոգնային, որպէսզի այդ խաչերը չմաքրուէին։

«Ես նոյնպէս, երբ օր մը տաքութիւն ունեցած եմ, հօրս մայրը իմ մասնակցութեամբս այդ նոյն արարողութիւնը կատարած է։ Քանի որ ես կը համարեմ, որ այդպիսով մկրտուած եմ՝ թէ հեթանոսական եւ թէ քրիստոնեայ հաւատքի համաձայն, չեմ ուզած այլ ձեւ կնքուիլ։

«Հիմա հետեւեալ հարցումը կ՚ուղղեմ. քանի՞ հոգի կրցած է այդպէս մկրտուիլ՝ Մայր հայրենիքի հողով, արեւով, ջուրով ու կրակով…»։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.