Նիւփելտան՝ Քիւրտերու Պայքարին Միացած Ֆրանսահայը


Ֆրանսական «Հիւմանիթէ» օրաթերթի կայքին վրայ զետեղուած է 8 Օգոստոս 2015 թուակիր հարցազրոյց մը մարոքցի մօր եւ հայկական արմատներով ֆրանսացի հօր զաւակ երիտասարդ ֆրանսուհիի մը՝ Նիւփելտայի հետ։ 

Ան 28 տարեկան է եւ արդէն երեք տարիէ ի վեր կը մասնակցի քիւրտերու կողքին Իսլամական Պետութեան (ISIS) դէմ կռիւներուն։ Անոր հետ հանդիպումը կայացած է Սուրիոյ Հասաքէ շրջանին մէջ ճակատին վրայ։ 

Նիւփելտա կը պատմէ որ հայրը համայնավար կուսակցութեան անդամ ըլլալուն պատճառով Ֆրանսայէն արտաքսուած է Մարոք, ուր ծանօթացած է իր կնոջ, ապա ընտանիքը փոխադրուած է Թուրքիա, ուր մնացած են 8 տարի։ Նիւփելտա իրենց ընտանիքի այդ ընտրանքը կը գտնէ անհասկնալի։ Ընտանիքը հետագային փոխադրուած է Զուիցերիա, ապա վերադարձած Ֆրանսա։ Անոր հօր արհեստը քաղաքներու հանրային վայրերուն մէջ ծառերու հոգատարութիւնն էր։

Նիւփելտա կ՚ուսանի Փարիզի մէջ, ուր մասնաւորաբար քիւրտերէ բաղկացած բարեկամներու շրջանակ մը կ՚ունենայ։ Պատճառն այն է, որ անոր մայրը պնդած է, որ ան քիւրտերու հետ բարեկամութիւն ընէ։ Նկատի ունենալով, որ անոր հօր մայրը հայ եղած է՝ ան առարկած է, որ հայերն ու քիւրտերը պատերազմի մէջ եղած են, սակայն մայրը նշած է, որ իրականութեան մէջ թուրքերը եւ հայերն են, որ իրարու դէմ պատերազմած են, իսկ քիւրտերն ու հայերը զիրար շատ կը սիրեն, որովհետեւ նոյն ցաւը ունին։ Օրին ան չէ հասկցած, սակայն հետագային մեծնալէ, բազմաթիւ ընթերցումներ կատարելէ եւ թրքական եւ իրանեան քիւրտիստան այցելելէ ետք հասկցած է, թէ երկու ազգերուն ցաւը եւ պատմութիւնը նոյնն է։ 
Սուրիոյ հակամարտութեան սկիզբէն ետք՝ ան մեկնած է Սուրիոյ քրտաբնակ շրջաններ, ուր քիւրտերուն հարց տուած է, թէ ինչո՞ւ կռիւ կը մղեն։ Անոնք պատասխանած են, որ Նիւփելտա իր հայրենիքը ունի, ուստի չի կրնար հասկնալ, իսկ իրենք տարիներէ ի վեր կը տառապին հայրենազրկումէն։ Ան քիւրտերուն հաւաստիացուցած է, որ պիտի մնայ անոնց կողքին նոյնիսկ ամբողջ Քիւրտիստանի ազատագրումէն ետք։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.